ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ՝ 3400 ՏԱՐՈՒԱՆ ԴԱՄԲԱՐԱՆԱԴԱՇՏ ՄԸ
Հնագէտները Նեղոս գետի ափին նախապէս անյայտ դամբարանադաշտ մը յայտնաբերած են, որ կազմուած է քառասուներկու ժայռափոր գերեզմանէ:
Ըստ հնագէտներու, գերեզմանատունը ունի շուրջ 3400 տարուան հնութիւն: Համալիրը, ուր յայտնաբերուած է դամբարանադաշտը, կը կոչուի Կեպէլ էլ Սիլսիլա:
Նախապէս յայտնի էր, որ այդ վայրի տարածքին հին թուականներուն գտնուած է քարահանք մը, ուրկէ կ՚արդիւնահանուէր աւազաքար։ Իսկ Հին Եգիպտոսի տաճարներուն մէջ գտնուած քարերուն գրեթէ բոլորը այս հանքէն կտրուելով հանուած են։ Աւելի վերջ պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած էին նաեւ մի քանի արձաններ։
Իսկ գարնանային պեղումներու արդիւնքին գիտնականները յայտարարեցին, որ այնտեղ տեղակայուած է նաեւ գերեզմանատուն մը: Պեղումները գլխաւորած է Մարիա Նիլսըն։ Ան իր արշաւախումբին հետ յայտարարած է, որ յայտնաբերուած դամբարաններուն մեծամասնութիւնը վատ վիճակի մէջ կը գտնուի։ Մարիա Նիլսըն եւ իր գլխաւոր օգնականը՝ Ճոն Ուարտ արդէն ձեռնարկած են մի քանի գերեզմանի մաքրագործման։ Յայտնաբերուած գերեզմանները ունին մէկ կամ երկու սենեակ՝ առանց զարդարանքի։ Իսկ յայտնաբերուած տաճարը ունի դէպի Նեղոս գետ նայող երկու բաց սենեակ։ Բացի այդ, կայ վրան արեւի արձանով դրան արանք մը։
Ըստ Ուարտի, առաջին հետազօտութիւններուն համաձայն, գերեզմաններուն մէջ կան տղամարդիկ, կանայք եւ երախաներ։ Այս ալ ցոյց կու տայ, որ Կեպէլ էլ Սիլսիլան եղած է կարեւոր բնակավայր մը։