ՄԻՇՏ ՈՒՍ-ՈՒՍԻ…
Արցախի ճակատին վրայ ապրուած վերջին իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջական արձագանգ ստեղծել Թուրքիոյ մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր յայտնած էր, թէ Լեռնային Ղարաբաղ օր մը պիտի վերադառնայ իր բուն տիրոջ՝ Ատրպէյճանին։ Իսկ երէկ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու անդրադարձաւ նոյն խնդրին։ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին Տավուտօղլու նշեց, թէ Թուրքիա դիրք կը գրաւէ Ատրպէյճանի կողքին, որ լարուածութիւն կ՚ապրի Հայաստանի հետ։ Խօսելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ծագած սահմանային լարուածութեան շուրջ՝ Տավուտօղլու հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի ի նպաստ զօրակցութեան պատգամով եւ անիծեց Հայաստանի յարձակումները։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Հայաստանի յարձակման հետեւանքով նահատակուած ազէրի զինուորներուն համար։ Ըստ իրեն, համայն աշխարհ պէտք է գիտնայ, թէ Հայաստանի յարձակումներուն դէմ Թուրքիա պիտի շարունակէ ուս-ուսի մնալ Ատրպէյճանի հետ։ «Ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը, մինչեւ որ Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ բոլոր տարածքները ազատագրուին՝ մենք պիտի ըլլանք անոնց կողքին», ըսաւ վարչապետը։
Ազգային մեծ ժողովի արտաքին գործոց յանձնաժողովի ԱՔ կուսակցութեան, ՃՀՓ-ական եւ ՄՀՓ-ական անդամներն ալ երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ պախարակուեցան Հայաստանի յարձակումները եւ կոչ ուղղուեցաւ, թէ Հայաստան փութով ետ քաշուի Ատրպէյճանի տարածքներէն։ Շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ, պիտի շարունակէ խրախուսել այն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին հակամարտութեան արդար ու մշտական լուծում մը գտնելու համար, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերակայութեան շրջագծով։ Կրկնելով Ատրպէյճանի ի նպաստ զօրակցութիւնը՝ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, թէ միջազգային հաւաքականութիւնը պատշաճ կարեւորութիւնը չի ցուցաբերեր այս հակամարտութեան լուծման պարագային եւ անհրաժեշտ հակազդեցութիւնով հանդէս չի գար վերջին յարձակումներուն կապակցութեամբ։
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի այս չորրորդ հանդիպումը կազմակերպուեցաւ Ռամսէր քաղաքին մէջ։ Իրանի տանտիրութեամբ իրականացուած եռակողմ ժողովին առընթեր, հանդիպման մասնակից նախարարները ունեցան նաեւ առանձնազրոյցներ։ Այս կապակցութեամբ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, թէ անհրաժեշտութեան պարագային Ատրպէյճանի կողքին ըլլալ չի նշանակեր զայն դրդել բախումներու։ «Հիմա երկիր մը գալով Ատրպէյճանի շրջաններէն Ղարաբաղը կը բռնագրաւէ, աւելի վերջ յանցաւորը պիտի ըլլայ Ատրպէյճան, պիտի ըլլայ Թուրքիա։ Այս հասկացութիւնը չի համընկնիր մահմետականութեան կամ մարդկութեան։ Պէտք է ըլլալ ազնիւ։ Իրաւունքը պէտք է յանձնել։ Բռնագրաւուած տարածքները կը պատկանին Ատրպէյճանին», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։