«ՈՒԺԸ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԷՆ ՃԱՌԱԳՈՂ ԼՈՅՍԻՆ ՄԷՋ Է»

Ար­ցա­խի ճա­կա­տի վեր­ջին բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած հայ զի­նուոր­նե­րուն յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ինչ­պէս Ար­ցա­խի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու, այն­պէս ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ սգա­հան­դէս­նե­րը։ Ե­րե­ւա­նի Կոնթ թա­ղա­մա­սի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յա­ւեր­ժու­թեան ճամ­բուե­ցաւ հա­րիւ­րա­պետ Ար­մե­նակ Ուր­ֆա­նեան։ Նոյն­պէս Ե­րե­ւա­նի «Ե­ռաբ­լուր» նա­հա­տա­կաց պան­թէո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տա­խոյզ-գնդաց­րորդ Սա­սուն Մկրտչեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Զի­նուո­րա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով տե­ղի ու­նե­ցած թաղ­ման ըն­թաց­քին Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ ցա­ւակ­ցու­թեան ու զօ­րակ­ցու­թեան խօս­քով մը։ Այս առ­թիւ ան ը­սաւ.

«Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ, Սա­սուն Մկրտչեա­նի յար­գե­լի ծնող­ներ, հա­րա­զատ­ներ, ըն­կեր­ներ,

«Այ­սօր մենք դէ­պի ան­մա­հու­թիւն կը ճա­նա­պար­հենք հայ զի­նուո­րը։ Զի­նուոր, որ իր ա­նու­նը փառ­քով պսա­կեց, զի­նուոր, ո­րու փառ­քով պսա­կուե­ցաւ զին­քը ծնող ըն­տա­նի­քը։ Մենք այս­տեղ ենք, որ­պէս­զի գլուխ խո­նար­հենք Սա­սուն Մկրտչեա­նի եւ մեր միւս նա­հա­տակ­նե­րու սխրա­գոր­ծու­թեան առ­ջեւ։

«Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը վի­ճին կամ կը կաս­կա­ծին, թէ այդ ինչ­պէս ե­ղաւ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը հա­սաւ մին­չեւ 21-րդ դար այս բարդ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ, պէտք է հասկ­նան, որ պա­տաս­խա­նը այս­տեղ է՝ այս­տեղ հանգ­չող նա­հա­տակ­նե­րու գի­տակ­ցու­թեան մէջ, ա­նոնց շուր­թե­րուն։ Գի­տակ­ցուած մա­հը ան­մա­հու­թիւն է։ Մենք կռուած ենք, որ­պէս­զի պաշտ­պա­նենք մեր տու­նը, մեր ըն­տա­նի­քը, մեր ինք­նու­թիւ­նը եւ մեր այ­սօ­րուան լի­նե­լու­թիւ­նը այս տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս ա­մե­նա­խօ­սուն ա­պա­ցոյցն է, թէ մենք ինչ­պէս կը կա­րո­ղա­նանք կռուիլ։ Ով ը­սես ե­կած, ով ը­սես ան­ցած է։ Դար­ձեալ պի­տի գան ու պի­տի եր­թան, բայց մենք ե­ղած ենք, կանք ու պի­տի ըլ­լանք, ո­րով­հե­տեւ մենք գի­տենք յա­ւերժ ապ­րե­լու բա­նա­ձե­ւը։

«Այն, ինչ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ար­ցա­խի մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար հեր­թա­կան փոր­ձու­թիւնն է, որ այս ան­գամ մեր վզին փաթ­թուած է Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Վստահ եմ, որ մենք պա­տուով պի­տի յաղ­թա­հա­րենք այս մար­տահ­րա­ւէ­րը եւս։ Հա­յա­տեա­ցու­թե­նէ կու­րա­ցած, նաւ­թի հո­տէն հար­բած Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը չի հասկ­նար, որ ու­ժը հրա­սայ­լե­րու թի­ւին մէջ չէ, ու­ժը Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի նոր սե­րուն­դի ճա­ռա­գող լոյ­սին մէջ է եւ այդ լոյ­սը այ­սօր մեզ բո­լորս դար­ձու­ցած է միաս­նա­կան, միաս­նա­կան մէկ բռունցք, որ պի­տի իջ­նէ մեր անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­ցող ո­սո­խի գլխին։

«Այ­սօր մեր մտքե­րը մեր սահ­մա­նին կանգ­նած զի­նուոր­նե­րու ու սպա­նե­րու հետ են։ Մեր հո­գի­նե­րը կը ցա­ւին ա­մէն մէկ ան­մա­հաց­ման դէպ­քին, բայց մեր սրտե­րը կը գօ­տեպն­դուին մեր հե­րոս­նե­րու վար­քով, մեզ կը հա­ղոր­դեն վճռա­կա­նու­թիւն, հաս­տա­տա­կա­մու­թիւն։ Մենք այ­սօր դար­ձած ենք մէկ մարդ եւ այդ միաս­նու­թիւ­նը պի­տի սնու­ցէ մեր ա­պա­գայ սե­րուն­դը։ Ես պար­տա­ւոր եմ յայ­տա­րա­րել, որ մենք պատ­րանք­ներ չու­նինք, մենք չու­նինք հզօր հո­վա­նա­ւոր­ներ, բայց ու­նինք աշ­խար­հի ար­դար մար­դոց հա­մակ­րան­քը, մենք ու­նինք ա­մէն ինչ, որ­պէս­զի պաշտ­պա­նենք մեր տու­նը, մեր հայ­րե­նի­քը։

«Սա­սուն ճան, պէտք է վստահ լի­նես, որ մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք քու եւ քու ըն­կեր­նե­րուն սուրբ գոր­ծը։ Հանգ­չէ  խա­ղա­ղու­թեամբ, հայ­րե­նի­քի զի­նուոր»։

ՅԱՐ­ԳԱՆ­ՔԻ ԼՌՈՒ­ԹԻՒՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տը։ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ բո­լոր նա­խա­րար­նե­րը ժո­ղո­վի սկիզ­բին վայր­կեան մը յար­գան­քի լռու­թիւն պա­հե­ցին Ար­ցա­խի ճա­կա­տի վեր­ջին բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րուն հա­մար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016