ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ շաբաթավերջէն ի վեր ապրուած աննախընթաց լարուածութիւնը, ռազմական լայնածաւալ գործողութիւնները երէկ ի վերջոյ եկան փոխարինուիլ զգուշաւոր հանդարտութիւնով մը։ Արցախի ճակատին վրայ երկկողմանի համաձայնութեամբ երէկ կէսօրուան ժամերուն որոշուեցաւ կրակը դադրեցնել առաջնագծին։ Ներկայիս յարաբերական կայունութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորուած է։ Երէկ օրուան երկրորդ կէսին Արցախի պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ թէեւ Ատրպէյճանի զօրքերը ատեն-ատեն շարունակած են կրակել, բայց ոչ նոյն թափով։ Իսկ այս առաւօտեան լուրերուն մէջ հաղորդուեցաւ, թէ գիշերը անցած է հանգիստ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան երէկ յետմիջօրէին տեղեկացուց, թէ հրադադարի դրութեան մը մասին համաձայնութիւն չէ հաստատուած, այլ գոյութիւն ունի պայմանաւորուածութիւն մը կրակի դադրեցման ուղղութեամբ։
Այս առաւօտ Երեւանի մէջ Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ալ տուաւ բացատրութիւններ։ Ըստ իրեն, երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահները, որոնք պայմանաւորուեցան կրակը դադրեցնելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Սէյրան Օհանեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի կողմէ գործողութիւնները աննախադէպ էին ոչ միայն 1994-ի զինադադարէն յետոյ, այլ ընդհանրապէս Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին բաղդատմամբ։ Աննախադէպութիւնը պայմանաւորուած էր առաջին հերթին ռազմական տեսանկիւնէն՝ շփման գծի ամբողջ երկայնքով կրակի խտութեամբ, կիրառուած ռազմական թեքնիկ միջոցներով, ներգրաւուած ուժերու եւ միջոցներու քանակութեամբ, անոնց զինեալ ուժերու մօտեցումը առաջին գծին, ինչպէս նաեւ ժամանակային համեմատութեան մէջ անոր մարդկային կորուստներու մեծ քանակով»։ Օհանեան աւելցուց, թէ Ատրպէյճանի կորուստներու քանակը Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կորուստներուն բաղդատմամբ բազմակի է՝ տասն անգամէն աւելի։
Նախարարին խօսքերով, աննախադէպ եղած է հակամարտ կողմերու պատրաստութեան աստիճանը։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն տարբեր ուղղութիւններու մէջ մաս կազմած են վարձկաններ եւ ահաբեկիչներ։ «Ակնյայտ էր նաեւ բռնութեան բնոյթը, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ անոնք կ՚ըսեն, թէ կը պատասխանեն մեր գործողութիւններուն, անոնք նախօրօք նախապատրաստուած եւ անհամաչափ քայլեր էին։ Աննախադէպ է նաեւ Ատրպէյճանի զինուորներու դիակներու, ռազմական սարքերու առկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ներս։ Մարդասիրական տեսանկիւնէն եւս ակնյայտ էր ռազմական յանցագործութիւններու առկայութիւնը՝ խոշտանգումները, գլխատումը Ատրպէյճանի կողմէ», մատնանշեց Սէյրան Օհանեան։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր երէկ ողջունեց շփման գծին վրայ ապահովուած լիցքաթափումը։
Արցախի պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ օրուան աւարտին հերթական անգամ բացատրութիւններ տուին վերջին բախումներու հետեւանքներուն շուրջ։ Կը հաղորդուի, որ զոհուած է 29 հայ զինուոր, անհետացած է՝ 28։ Հայկական կողմը ունի 101 վիրաւոր։ Արցախի ղեկավարութիւնը հետախուզութեան միջոցներով հեռախօսազրոյցի մը միջոցաւ վերահասու դարձած է, որ Ատրպէյճան ունի աւելի քան երկու հազար զոհեր եւ վիրաւորներ։ Հայկական կողմի պնդումներով, Ատրպէյճանի բանակը սխալած է նաեւ կարգ մը ծանր զինատեսակները օգտագործելու ժամանակ։ Ներկայիս Արցախի ռազմաճակատին վրայ կ՚իրականացուին անյետաձգելի քննչական գործողութիւններ։
Առկայ ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ, երէկ երեկոյեան, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան այդ հեռախօսազրոյցները։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Փութին քննարկեցին հակամարտութեան գօտիէն ներս վերջին զարգացումները։ Անոնք կարեւորեցին բանակցային գործընթացի վերսկսումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն աջակցութեամբ, խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ հետագայ ճանապարհներու որոնման նպատակով։ Փութին լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց լայնածաւալ ռազմական բախումներուն բերումով, որոնք պատճառ դարձած են բազմաթիւ զոհերու։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը հաւատարիմ մնան հրադադարին։ Ըստ իրեն, Մոսկուա իրականացուցած է եւ պիտի իրականացնէ անհրաժեշտ միջնորդական քայելրը՝ միտուած նպաստելու իրավիճակի կարգաւորման։
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել զանազան ձեւաչափերով շփումները։
Միւս կողմէ, այսօր Պաքուի մէջ տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Սէրկէյ Լաւրովի, Ճեւատ Զարիֆի եւ Էլմար Մամէտեարովի ժողովը։ Մոսկուայի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գայ ղարաբաղեան հարցը եւ ժողովական նախարարները կանգ կ՚առնեն կարգաւորման ուղիներուն վրայ։