ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ Արցախի մէջ յառաջացած ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը բերել հայոց պետականութեան։ Համայն հայութեան մտահոգ սպասման մթնոլորտին մէջ, երէկ առաւօտ, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ։ Երկու կաթողիկոսները շեշտեցին Հայ Եկեղեցւոյ թեմերուն կողմէ Արցախի ի նպաստ օժանդակութեան գծով առնուելիք քայլերը ներդաշնակեցնելու կարեւորութիւնը։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Միւս կողմէ, Անթիլիասի մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս Արցախի իրադարձութիւններուն շուրջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Եկեղեցական
- 12/25/2024