Հինգշաբթի 5, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ՝ ՐԱՖՖԻ ԳԱԶԷԶԵԱՆ ԶՈՀ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ծանր բախումները կը շարունակուին։ Կը հաղորդուի, որ Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ երէկ զոհուած է հայ զինուոր մը։ Բերիոյ թեմի «Գանձասար» պարբերականի կողմէ կատարուած հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ զոհուած զինուորը հալէպահայ Րաֆֆի Գազէզեանն է, որ Սուրիոյ կառավարական բանակին մէջ կը ծառայէր։
Րաֆֆի Գազէզեանի անշունչ մարմինը այսօր կը փոխադրուի Հալէպ՝ յուղարկաւորութեան համար։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2016