«ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ»
Գատըգիւղի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ապրի կոթողային ձեռքբերումի մը ուրախութիւնը։ Թաղի երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ծաւալուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ լոյս տեսած է «Յուշամատեան Գատըգիւղի» աշխատասիրութիւնը, որ կը բաղկանայ հինգ հատորներէ։ Պատմական թաղի անցեալը ամբողջ խորքով ու մանրամասնութեամբ ներկայացուած է այս աշխատասիրութեան մէջ։ Սոյն հատորներու աշխատութեան շրջանին օգտագործուած էին մի ոմն Յովհաննէս գալֆայի օրագրութիւնները, որոնց մէջ ներկայացուած էր շուրջ երկու հարիւր տարի առաջուան Գատըգիւղի կեանքը։ Հեղինակ Քահանայ Հայրը այդ օրագրութիւնը հրատարակութեան պատրաստած էր «Յուշապատում» անունով։ Յաջորդող շրջանին Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի հետեւողական ջանքերով խորացուցած է այդ ուսումնասիրութիւնը, որու արդիւնքը եղած է իսկապէս պատկառելի։ Մօտաւոր անցեալին նշուած Գատըգիւղի ընտանիքի երրեակ յոբելեաններուն ձօնուած է Գատըգիւղի այս յուշամատեանը, որու մէջ ներկայացուած են թաղի անցեալը, եկեղեցական կեանքը, կրթական կեանքը, մշակութային գործունէութիւնները, բարեսիրական հաստատութիւնները, վառ դէմքերը եւայլն։
Առաջին հատորը կը կոչուի «Քայլեր Գատըգիւղի անցեալէն մինչեւ այսօր»։ Բ. հատորին մէջ կը ծանօթացուին Գատըգիւղի եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները։ Գ. հատորին մէջ կը տողանցեն վարչական դէմքերն ու տեղեկութիւններ կը փոխանցուին օժանդակութեան առաքելութիւններուն շուրջ։ Չորրորդ հատորին նիւթը դարձած են կրթական եւ միութենական հաստատութիւնները։ Իսկ հինգերորդ հատորը ձօնուած է թաղի յիշարժան դէմքերուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու այս պատկառելի ուսումնասիրութեան հեղինակը՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, որուն կ՚ընկերանային Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի ներկայացուցին «Յուշամատեան Գատըգիւղի»ն։ Այս գիրքերը տակաւին հրապարակ չեն իջած՝ գրասէր հասարակութեան տրամադրուելու համար։ Հեղինակ Տէր Հայրը պարզապէս առաջին օրինակներէն մին փափաքած է յանձնել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան։ Թէ՛ մեր մամուլին հետ ունեցած սերտ կապերուն եւ թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին եւ Գատըգիւղի միջեւ ծանօթ հարազատ կապերուն բերումով Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան փափաքած էր իր վիթխարի աշխատանքին արգասիքը բաժնել մեզի հետ։ Անշուշտ տակաւին առիթը պիտի ունենանք անդրադառնալու այս յուշամատեանին, սակայն այժմէն պէտք է ընդգծել, թէ ան կեանքի կոչած է իսկապէս կոթողային ծրագիր մը։
Միւս կողմէ, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Արման Պիւքիւճեան երէկ Գումգաբու այցելելով յուշամատեանի առաջին օրինակներէն մին ներկայացուցին նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որ խորապէս գնահատեց այս պատկառելի գործը։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ աշնան կը ծրագրուի շնորհանդէս մը կազմակերպել այս յուշամատեանին համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024