ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ուն­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Հե­րա Իս­կէն­տէ­րօղ­լուի եւ Լու­սիա Քը­լընչ­լըի գլխա­ւո­րու­թեամբ մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էին վե­ցե­րորդ եւ եօթ­նե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու տղա­քը։

Իս­կա­պէս հա­ճե­լի զրոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նոնց հետ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լու­թե­նէն ա­ռաջ թէեւ պատ­րաս­տած էին կարգ մը հար­ցում­ներ, սա­կայն ա­նոնց պա­տաս­խան­նե­րուն լոյ­սին տակ ու­րիշ հար­ցում­ներ ալ ուղ­ղե­ցին՝ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լով ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թեան, ներ­կա­յին եւ հա­մայն­քա­յին կեան­քի նկատ­մամբ պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն շուրջ։ Տղոց հե­տաքրք­րու­թեան ծի­րին մէջ էին նաեւ լրագ­րա­կան եւ տպագ­րա­կան թեք­նի­կի նո­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թեր։

Խմբագ­րա­տանս մէջ Ս. Զատ­կուան շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս այ­ցե­լու­թիւ­նով իս­կա­պէս ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը եւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին գոհ տպա­ւո­րու­թեամբ։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2016