ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ

1- Շու­շիի մէջ կը գտնուի գոր­գե­րու թան­գա­րա­նը:

2013 թուականի Հոկ­տեմ­բերի 22-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ գոր­գե­րու թան­գա­րա­նի բա­ցու­մը:

Թան­գա­րա­նին մէջ ցու­ցադ­րը-ւած են 17-րդ դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն մին­չեւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բը ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին հիւ­սուած ա­ւե­լի քան 250 գորգ, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն ար­ցա­խեան գոր­գա­րուես­տի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը:

Թան­գա­րա­նին ստեղծ­ման նպա-­տակն է մո­ռա­ցու­թե­նէ եւ կո­րուս­տէ փրկել ար­ցա­խեան ա­ւան­դա­կան գոր­գերն ու գոր­ծը-ւածք­նե­րը եւ մնա­յուն ցու­ցադ­րու­թեամբ ներ­կա­յաց­նել ար­ցա­խեան գոր­գա­գոր­ծա­կան սքան-չելի մշա­կոյ­թը:

2- «Մենք ենք, մեր սա­րե­րը» Ղա­րա­բա­ղին «Պապիկ-տատիկ» յուշարձանին իսկական անունն է:

Բո­լո­րիս ծա­նօթ «Պա­պիկ-տա­տիկ» յու­շար­ձա­նին իս­կա­կան ա­նու­նը «Մենք ենք, մեր սա­րե­րը»ն է: Յու­շար­ձա­նը տե­ղադ-րըւած է 1967 թուականին Ստե­փա­նա­կեր­տի մուտ­քին մօտ: Քան­դա­կա­գործն է Սար­գիս Պաղ­տա­սա­րեա­ն, իսկ ճար­տա­րա­պե­տը՝ Եու­րի Յա­կո­բեա­ն: Քան­դա­կը պատ­րաս­տուած է կար­միր տու­ֆէ. ա­նի­կա կը խորհր­դան­շէ ար­ցա­խեան հո­ղին եւ ժո­ղո­վուր­դին ար­մատ­նե­րուն մի­ջեւ ա­րիւ­նակ­ցա­կան կա­պը։

3- Ղա­րա­բա­ղեան խո­հա­նո­ցը նշա­նա­ւոր է իր ժինգեալովով:

Ար­ցա­խեան խո­հա­նո­ցի ա­մե­նա­յայտ­նի ու­տես­տը ժին­գեա­լով հացն է: Այս հա­ցին պատ­րաս­տու­թիւ­նը ամ­բողջ ծի­սա­կարգ մըն է, որ իր մէջ կը կրէ պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին հա­րա­զատ­նե­րը մէկ վայ­րի մէջ հա­ւա­քե­լու խոր­հուր­դը:

Հա­ցի պատ­րաս­տու­թիւ­նը կը ստանձ­նեն տա­րեց, փոր­ձա­ռու կի­նե­րը, ո­րոնք պատ­րաս­տու­թեան սե­փա­կան գաղտ­նիք­նե­րը կը փո­խան­ցեն ի­րենց աղ­ջիկ­նե­րուն եւ հար­սե­րուն: Բա­րակ շեր­տով բա­ցուած խմո­րին մէջ կը լեց­նեն շուրջ 25 տե­սակ մանր կտրտուած վայ­րի կա­նա­չե­ղէն­ներ, ո­րոնք բու­սա­կան իւ­ղով ե­փած կ՚ըլ­լան նա­խօ­րօք: Խմո­րին ե­զերք­նե­րը լա­ւա­պէս գո­ցե­լէ ետք զայն կ՚ե­փեն «սաճ»ի վրայ:

4- Ստե­փա­նա­կեր­տի հրա­պա­րա­կը կը կո­չուի «Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րակ»:

Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի սիր­տը կը հա­մա­ր-ւի Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կը, ուր կը գտնուի նա­խա­գա­հա­կան նստա­վայ­րը, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քե­րը, Ե­րի­տա­սար­դա­կան պա­լա­տը: Նշա­նա­ւոր է նաեւ սի­րա­հար­նե­րու ծա­ռու­ղին, որ զար­դա­րուած է հար­սի եւ փե­սա­յի կեր­պա­րան­քով լու­սամ­փոփ­նե­րով:

Հրա­պա­րա­կի ծայ­րա­մա­սը կ՚ա­ւար­տի շատ­րուան­նե­րով եւ կա­նա­չա­պատ պու­րա­կով, որ իր կլո­րու­թեան պատ­ճա­ռով տե­ղա­ցի­նե­րուն կող­մէ ստա­ցած է «Պյա­տա­չոկ» ա­նուա­նու­մը:

5- Ար­ցա­խի տա­րա­ծու­թիւ­նը 11.458 քառակուսի քի­լօմեթր է:

Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կայ տա­րա­ծու­թիւ­նը 11.458 քառակուսի քի­լօմեթր է: Ա­նի­կա բաժ-նըւած է ութ շրջան­նե­րու՝ Ստե­փա­նա­կերտ, Աս­կե­րան, Հադ-­րութ, Մար­տա­կերտ, Մար­տու­նի, Շա­հու­մեան, Շու­շի եւ Քա­շա­թաղ:

Իսկ 4.400 քառակուսի քի­լօմեթր ե­ղած է նախ­կին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար Մար­զի տա­րա­ծու­թիւ­նը:

6- Նի­կոլ Դու­մա­նի տուն-թան­գա­րա­նը կը գտնուի Ար­ցա­խի մէջ:

Այս թան­գա­րա­նը կը գտնուի Աս­կե­րա­նի Ծաղ­կա­շատ կո­չուած գիւ­ղին մէջ: Տուն-թան­գա­րա­նի դահ­լիճ­նե­րէն մէ­կը նուի­րուած է ազ­գա­յին հե­րո­սին կեան­քին եւ գոր­ծու­նէու­թեան: Հոն ցու­ցադ-րըւած են քար­տէս­ներ, հայ ֆե­տա­յի­նե­րու օգ­տա­գոր­ծած զէն­քե­րու իս­կա­կան նմոյշ­ներ եւ ռազ­մա­կան սար­քեր:

Նշենք, որ Նի­կոլ Դու­մա­նի ազ­գագ­րա­կան յու­շա­հա­մա­լիր-թան­գա­րա­նը հիմ­նուե­ցաւ 2004 թը-ւականին, հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ակ­նա­ռու գոր­ծի­չին մա­հուան 90-ա­մեա­կին ա­ռի­թով:

ՇՈ­ՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒ­ԿԱ­ՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016