ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու հանգուցեալ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր մահուան Ա. տարելիցին առթիւ։ «Ակօս»ի խմբագրատան դահլիճի երդիքին տակ Շաբաթ յետմիջօրէին ողբացեալ Սարգիս Սերովբեան վերյիշուեցաւ՝ իրեն համար կազմակերպուած հաւաքոյթով մը։ Ներկայ էին իր այրին՝ բազմավաստակ կրթական մշակ Մանիշակ Սերովբեան, դուստրը՝ Կարինէ Սերովբեան, որդին՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Ռաքել Տինք, ինչպէս նաեւ բազմատասնեակ դէմքեր, որոնք փութացած էին հերթական անգամ երկիւղածութեամբ համախմբուելու Սարգիս Սերովբեանի ազնիւ ու անթառամ յիշատակին շուրջ։
Հաւաքոյթի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան։ Հանգուցեալին կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնի (հեղինակ՝ Էրհան Արըքլը) ցուցադրութենէն վերջ ասուլիսի մը ձեւաչափին մէջ արժեւորուեցաւ Սարգիս Սերովբեանի վաստակը։ Ատենախօսներն էին՝ Բագրատ Էսդուգեան, Գարին Քարաքաշլը, Նազար Պինաթլը եւ Մահիր Էօզքան։ Այս ասուլիսէն վերջ զանազան ներկաներ ինքնաբուխ ներկայացուցին Սարգիս Սերովբեանի վերաբերեալ յուշեր։ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանն ալ արտայայտուեցաւ այս հանգրուանին։
Ձեռնարկի տեւողութեան երաժշտական յայտագիր մը գործադրեց «Ոմանք» նուագախումբը։
Եզրափակիչ փուլին ներկայացուեցաւ Կարինէ Սերովբեանի կողմէ պատրաստուած պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը։ Հանգուցեալի հարազատներուն՝ Վաղարշակ Սերովբեանի եւ Կարինէ Սերովբեանի սրտի խօսքերով եզրափակուեցաւ ձեռնարկը։
Ոգեկոչման արարողութեան մասնակիցներուն արձակման ժամանակ բաժնուեցաւ հրուշակ։
Միւս կողմէ, երէկ ալ հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեանի համար մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ։