Հինգշաբթի 5, Դեկտեմբեր 2024
ԵԱՑԷՆԵՈՒՔ ՀՐԱԺԱՐԱԾ
Ուքրայնոյ Վարչապետ Արսենի Եացէնեուք հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան իր հրաժարականին մասին յայտարարեց շաբաթական իր հեռուստաելոյթին ընթացքին։ Եացէնեուք տեղեկացուց, թէ վաղը իր հրաժարականը պիտի ուղարկէ երկրի խորհրդարանին։
Արսենի Եացէնեուք յայտնեց, որ զանազան գործօններու լոյսին տակ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը եւ երկրէն ներս ստեղծուած է արհեստական քաղաքական ճգնաժամի մը մթնոլորտը։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016