Հինգշաբթի 12, Դեկտեմբեր 2024
ՍԵԼՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՅՑԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ Սէուտական Արաբիոյ Սելման Թագաւորը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Ան Եգիպտոսի վրայով կը ժամանէ Անգարա, ուր իր շփումները պիտի եզրափակուին Ապրիլի 13-ին։ Ապրիլի 14-15-ին ալ Սելման Թագաւորը պիտի գտնուի Իսթանպուլի մէջ՝ մասնակցելու համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին։
Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, թագաւորի այցելութեան շրջագծով բանակցութիւններուն ընթացքին կը շօշափուին երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով նիւթեր։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016