ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԵՐԳՉՈՒՀԻՆ
Այս օրերուն խռովուած է ողջ հայութեան սիրտն ու հոգին, վճռականութեան ու համախմբումի օրեր են մեր ժողովուրդի համար՝ արցախա-ատրպէյճանական շփման գօտիի վրայ անցնող օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններու պատճառաւ: Այդ սպասումի, սփոփանքի, կորուստներու եւ ձեռքբերումներու հակասական օրերէն մէկուն՝ 3 Ապրիլին, Երեւանի մէջ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ, որ դարձաւ կրկին յոյզերու արտայայտման եւ հաւատքի ներշնչման առիթ եւ նուիրուեցաւ սահմանին վրայ իր պայքարը կերտող հայ զինուորին:
Լիբանանահայ մեներգչուհի, դասական ու հոգեւոր երգերու անզուգական մեկնաբան Շողիկ Թորոսեանի մենահամերգն էր, որ ծրագրուած էր տակաւին ամիսներ առաջ: Լիբանան բնակող երգչուհին, հակառակ Լիբանանի մէջ իր ճանաչման եւ մենահամերգներուն, միշտ փափաքած էր մենահամերգ մը ունենալ Հայաստանի մէջ, եւ ահաւասիկ զայն համընկնեցաւ ապրիլեան դժուարին օրերու հետ: Արդէն Հայաստան ժամանած երգչուհին, հակառակ երկրի մէջ տիրող ծանր իրավիճակին, չփոխեց համերգի թուականը, այլ յայտարարեց, որ իր համերգը նուէր մըն է հայ զինուորին եւ սփոփանք՝ որդեկորոյս մայրերուն ու զոհուած զինուորներու հարազատներուն: Ամէն մարդ համերգասրահ շտապած էր արուեստի, երգի ջերմացնող ուժի միջոցաւ փնտռելու եւ ստանալու այդ օրերուն այդքան անհրաժեշտ սփոփանքը: Երգը՝ հոգիները ջերմացնող լաւագոյն միջոցներէն մէկը: Իբրեւ քաջալերանք մարտի գացողին եւ իբրեւ ձօն՝ մարտի դաշտը կռուողին: «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ»: Այսպէս ըսած է հայ շինականը, այսպէս ըսած է նաեւ հայ զինուորը:
Լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան բարձր արուեստի տօն պարգեւեց հայրենի հանդիսականին: Դահլիճին մէջ ներկայ շատեր՝ երաժշտագէտներ, արուեստի տեսութեան փրոֆեսէօրներ, խմբավարներ եւ պարզապէս երաժշտասէրներ, հմայուած լսեցին երգչուհիի մեկնաբանութիւնները՝ ծանօթ եւ անծանօթ երգերու եւ զարմացան, որ օտար երկրի մը մէջ ապրող հայ երգչուհի մը կրնայ մնալ այդքան հաւատարիմ՝ հայ երգին ու հայ արուեստի ոգիին:
Ներկաները չթաքցուցին իրենց հիացմունքը եւ քաջալերեցին երգչուհին՝ կրկին համերգ ունենալու հայրենի բեմին վրայ: Շողիկ Թորոսեան, քաջալերուելով հայրենի հանդիսականի անկեղծ ընդունելութենէն եւ գնահատանքէն՝ խոստացաւ, որ յաջորդ հանդիպումը պիտի չուշանայ:
Համերգի սկիզբին՝ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ասմունքող, հաղորդավար Սարգիս Նաճարեան։ Ան յիշեցուց, որ թշնամին ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գծին վրայ դարձեալ գլուխ բարձրացուցած է եւ ըսաւ բոլորին աղօթել յանուն հայ զինուորի եւ յանուն ուժեղ Հայաստանի ու Արցախի: Սարգիս Նաճարեան հանդիսականին ներկայացուց նաեւ Շողիկ Թորոսեանի կենսագրութիւնը՝ նշելով, որ փոքր տարիքէն երաժշտութեանը նուիրուած եւ շարք մը յաջողութիւններու արժանացած երգչուհին կը շարունակէ արհեստավարժութեան իր ճանապարհը՝ հաւատարիմ մնալով հայ երգին եւ այդ երգը սփիւռքի մէջ հայ մանուկներին փոխանցելու առաքելութեան:
Իր հերթին երգչուհին՝ Շողիկ Թորոսեան, նշեց, որ իր փափաքը՝ ելոյթ ունենալ համայն հայութեան մայրաքաղաքին մէջ, իրականացաւ, ինչ որ իրեն համար վեր է ամէն տեսակ կոչումներէ եւ վկայականներէ: Ան շեշտեց, որ իր մենահամերգը համընկնեցաւ հայ զինուորի եւ հայ ժողովրդի համար օրհասական օրերուն, ինչ որ մեծ յուզմունք կը պատճառէ իրեն, եւ ինք իր աղօթքն ու խոնարհումը կը յղէ հայ զինուորին եւ սահմանին կանգնած հայ մարդուն: Շողիկ Թորոսեան իր ելոյթին սկսաւ «Նորօրեայ հերոսին» երգով, որ, ինչպէս նշեց, անցնող օրերուն կատարած է նաեւ Լիբանանի մէջ՝ Արցախի ազատագրութեան նուիրուած ձեռնարկներուն: «Իմ այս ելոյթը թող սկիզբ կամ վերահաստատում ըլլայ խաղաղութեան», յուզմունքով յայտարարեց երգչուհին:
Համերգը սկսաւ Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հեղինակած երգով՝ «Երգ հայ զինուորին»: Այդ երգը գրուած է անցեալ տարի եւ նուիրուած է ղարաբաղա-ատրպէյճանական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած հայ զինուորներուն: Երգը կատարուած է զանազան ձեռնարկներու ժամանակ, սակայն ապրիլեան գործողութիւններու օրերուն շատ համահունչ էր օրուան ոգիին:
Շողիկ Թորոսեանի մենահամերգի ժամանակ հնչեցին նաեւ հոգեւոր երգեր, Կոմիտասի ստեղծագործութիններէն ընտրանի մը, հայկական եւ եւրոպական օփերաներէն արիաներ, ժողովրդական երգեր, դասական կատարումներ, ինչպէս նաեւ երգ մը, զոր լիբանանահայ երիտասարդ բանաստեղծ Աշոտ Բագրատունիի եւ հայրենի երգահան Գէորգ Մանասեանի համատեղ ստեղծագործութիւնն է: Առաջին անգամ կատարուեցաւ երգը, այն գրուած էր Շողիկ Թորոսեանի համար:
Շողիկ Թորոսեանի մենահամերգը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ հայրենի դաշնակահարուհի Տաթեւիկ Եսայեանցի ընկերակցութեամբ, իսկ գեղարուեստական ղեկավարն եւ գլխաւոր խմբավարն էր Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արթիստ, փրոֆեսէօր Նորայր Դաւթեան:
Պաշտօնատար հիւրերու կարգին էր Հայաստանի մօտ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Մաքարոն: Ան իր ելոյթի խօսքին մէջ ողջունեց լիբանանցի երգչուհին եւ ըսաւ, որ թէեւ երգերու բառերը հայերէն են ու ինք չի հասկնար, բայց երգչուհիի մեկնաբանութեամբ երգերու ոգին ու ապրումները փոխանցուած են իրեն: «Շողիկ Թորոսեան երգեց եւ հմայեց՝ ներկայացնելով երաժշտական արուեստի ամենագեղեցիկ խառնուրդը: Ան ունի մեծ տաղանդ, գեղեցիկ ձայն եւ այդ ամէնը լաւ ներկայացնելու շնորհ: Ան երգեց խորը դասական երգեր, որոնք երաժշտարուեստի ամենաբարդ ստեղծագործութիւններն են: Լիբանանցի գրող, փիլիսոփայ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան կ՚ըսէ, որ երաժշտութիւնը ազգերու լեզուն է եւ գոյութեան խորհուրդն է ազգի: Ես կ՚ըսէի նաեւ՝ ազգի հոգեւոր լեզուն է երաժշտութիւնը: Ես հայերէն չեմ հասկնար, բայց այս երաժշտութիւնը լսելով բաւականին լաւ զգացի ինքզինքս: Ես գիտեմ, որ առանց երաժշտութեան կեանքը երկար ճանապարհ է անապատին մէջ: Երգը կը վանէ վատ հոգիները: Ես տեսայ այդ ամբողջ տրամադրութիւնները՝ այս դահլիճին մէջ: Սէր, տխրութիւն, ուրախութիւն, մայրական սէր: Ամենավեհ երգը նուիրած է մօրը, Աստուծոյն եւ հայրենիքին: Այդ երգերը աղօթքներ են: Կը գնահատեմ երգչուհին, մաէսթրոն եւ դաշնակահարուհին: Եւ այս օրերուն կ՚աղօթենք, որ խաղաղութիւն ըլլայ Հայաստանի մէջ», ըսաւ ան։
Նշենք նաեւ, որ Շողիկ Թորոսեան մեներգչուհի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Շնորհալի» երգչախումբին, ինչպէս նաեւ կը դասաւանդէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին ու Պէյրութի հայկական դպրոցներէն մէկուն մէջ: Հեղինակ է երկու ձայնասկաւառակներու:
ԺԱՄԱՆԱԿ համերգէն ետք հանդիպում մը ունեցաւ տաղանդաւոր երգչուհիին հետ, որ սիրով պատասխանեց մեր հարցումներուն:
-Շողիկ, ինչպէ՞ս մուտք գործած էք երգի ասպարէզ:
-Պզտիկ տարիքէս երգել սկսած եմ: Ծնողքս, զգալով իմ մէջս այդ ձիրքն ու սէրը, քաջալերած են զիս եւ ուղղորդած են երաժշտական դպրոց: Ուսանած եմ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի երդիքին տակ: Շնորհակալ եմ իմ ծնողքին, որ զիս մղած են իմ սիրած ասպարէզին մէջ յառաջ երթալու, եւ ես հասած եմ իմ երազանքներուն: Իմ մօրեղբայրս ալ երգիչ է, եւ թերեւս նաեւ իրմէ ժառանգած եմ այդ շնորհը: Հետագային իմ ձայնասկաւառակներէս մէկը թողարկած եմ իմ մօրեղբորս հետ:
-Առաջին անգամ մենահամերգ ունեցաք հայրենիքի մէջ, ի՞նչ էին ձեր զգացումները:
-Իբրեւ մենահամերգ, ճիշդ է, որ ասիկա առաջինն է Հայաստանի մէջ, բայց նախորդ երկու տարիներուն յաջորդաբար հրաւիրուեցայ «Իմ Հայաստան» փառատօնին (կազմակերպութեամբ Սփիւռքի նախարարութեան), ուր արդէն ծանօթացում եղաւ երաժիշտներու հետ, եւ այս մենահամերգը կազմակերպուեցաւ:
Զգացումներս դրական են, շատ կը փափաքէի մենահամերգ ունենալ Հայաստանի մէջ, եւ ահաւասիկ, Աստուծոյ կամօք անիկա տեղի ունեցաւ: Յուսամ՝ ունկնդիրն ալ ունեցաւ նոյն ապրումները, զորս ունեցայ ես երգելու պահուն եւ ջանացի այդ ապրումները փոխանցել երգի միջոցով: Երգը լաւագոյն միջոցն է հոգիներու ջերմացման, մերձեցման, դրական ու լուսաւոր զգացումներու հաղորդման: Յուսամ, որ մենահամերգս դարձաւ այդ բոլորի դրսեւորման առիթ հայրենի երաժշտասէրին համար: Նուագախումբին կողմէ ալ բաւական լաւ գնահատանքի, ընդունելութեան արժանացած եմ, անկեղծօրէն կը գնահատեն ոճս, ձայնս, մօտեցումս՝ երգերուն: Երեւանի մէջ ելոյթ ունենալը մեծ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ զիս, որովհետեւ ժողովուրդին զգալի մասը ունի երաժշտական կրթութիւն. կրնայ ազատօրէն տալ իր գնահատականը ու արժեւորել տարուած աշխատանքը:
-Դիւրին չէ երգի, արուեստի ասպարէզին մէջ յարատեւ մնալ: Ի՞նչ դժուարութիւններու կը հանդիպիք:
-Դժուարութիւնները շատ են, գանձատրականէն մինչեւ համաշխարհայնացումի վտանգներ: Չեմ ըսեր դիւրին է հոսանքին դէմ դնել, սակայն առաքելութեան մէջ հաստատ մնալը յաղթանակ է: Մեզի պէս խենդերն են, որ կը նուիրուին եւ անշէջ կը պահեն արուեստի կրակը: Շատ կարեւոր է նոր սերունդը ծանօթացնել հայ դասական երգին եւ երաժշտութեան, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին տէր կանգնին մեր վեհ արժէքներուն եւ զանոնք փոխանցեն ապագայ սերունդներուն: Իմ մանկավարժական աշխատանքս միտուած է ատոր: Ամբողջ օրը միայն երգով զբաղած եմ՝ համերգներ, ձայնասկաւառակներ, դասեր, ձայնամարզութիւն, բայց Աստուած ալ կ՚օգնէ:
-Լիբանանի մէջ քիչ են դասական երգի մեկնաբանները, կարելի է ըսել, գրեթէ չկան: Դուք ինչպէ՞ս յաջողած էք այդ դժուար ասպարէզին մէջ:
-Պատերազմէն առաջ Լիբանանը գրեթէ աւելի մօտ եղած է դասական արուեստին: Պատերազմն է, որ քիչ մը խանգարած է, բայց 1990-ականներէն ետք կամաց-կամաց սկսաւ ինքզինքը գտնել: Ես, իբրեւ դասական երգող, չեմ կրնար ըսել, որ ունկնդիր չունիմ, ընդհակառակը, ամէն անգամ, որ մենահամերգ կ՚ունենամ, կամ որոշ մասնակցութիւններ կ՚ունենամ, արդէն կը զգամ, որ ունկնդիրներուն թիւը բազմացած է: Իւրաքանչիւր համերգէ ետք կը զգամ, որ ունկնդրողներուն թիւը աւելի կը մեծնայ. սա կը նշանակէ, որ հետաքրքրութիւնը կ՚աւելնայ: Իմ պարտաւորութիւնս է ժողովուրդը հետզհետէ մղել ունկնդրելու նաեւ դասական երաժշտութիւն եւ ունենալու երաժշտական բազմատեսակ ճաշակ: Պէտք չէ մեղադրել աժանագին մեղեդիներ լսելու համար: Ինչ որ կը մատուցես ժողովուրդին, այն ալ կը լսէ: Պէտք է ճիշդ մօտեցում ըլլայ երգի մատուցման հարցին մէջ, եւ հանդիսականը ինքն իրեն կու գայ: Ի դէպ, պայման չէ, որ ամէն մարդ սիրէ դասականը, բայց որպէս ազգային արժէք ու ժառանգութիւն՝ ամէն հայ պարտաւոր է զայն յարգել ու արժեւորել: Մանաւանդ՝ մեր հոգեւոր երգերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը գանձ մըն է, որ իր վրայ դարերու պատմութիւնը կը կրէ: Շատ հանգիստ կը զգամ, երբ հոգեւոր երգեմ: Եւ առհասարակ, իմ երգացանկիս մէջ միշտ կը նախընտրեմ հայկական երգեր կատարել, օտար երգն ալ կայ, անշուշտ, բայց հայկականը հիմնական է: Կոմիտասը միշտ առաջնահերթ է, ան հայ երգի գագաթն է:
-Ի՞նչ ունիք ըսելիք այն երիտասարդներուն, որոնք ընտրած են երաժշտութեան ասպարէզը:
-Առանց ձանձրանալու, առանց վհատելու թող աշխատին: Դիւրին չէ, բայց եթէ կամք ունիս, կրնաս ամէն բան յաջողցնել: Դուն պիտի վազես քու յաջողութեանդ ետեւէն, երբ նստած ես, յաջողութիւնը քեզի կրնայ չգալ, դուն պիտի աշխատիս, որ այդ յաջողութիւնը ձեռք բերես: Եւ ի վերջոյ, մաքուր, զուլալ երգի ասպարէզը նուիրական աշխարհ մըն է, եւ ոչ ոք պիտի զղջայ, երբ նուիրուի այս ասպարէզին: Լիուլի հատուցում անպայման կը ստանաս, քանի որ երգը յաւերժ է, իսկ զայն գնահատողները միշտ կան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ