ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐՈՎ

Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րի­տա­սար­դաց հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ քննար­կում մը։ Ծա­նօթ է, որ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Զատ­կի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցու­ցած էր այս մա­սին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած այս ժո­ղո­վին առ­թիւ Գում­գա­բուի մէջ հա­մախմ­բուե­ցան կարգ մը բա­րե­րար­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, սա­նուց միու­թիւն­նե­րու, այլ ա­կումբ­նե­րու, հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու եւ ո­լոր­տին ա­ռըն­չուած այլ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց նոր սե­րուն­դը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով հա­մայն­քա­յին կեան­քին ներգ­րա­ւե­լու, մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Ան կա­րե­ւո­րեց նաեւ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեր ար­ժէք­նե­րուն, մշա­կոյ­թին ու ժա­ռան­գու­թեան հա­ղորդ պա­հե­լը։

Ա­ւե­լի վերջ, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կար­ծիք­ներ ար­տա­յայ­տե­ցին ե­րի­տա­սար­դու­թեան ուղ­ղեալ ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու, հրա­պու­րիչ շար­ժում­ներ ստեղ­ծե­լու նիւ­թե­րուն շուրջ։ Ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ ի­րե­րան­ման ա­ռա­քե­լու­թեամբ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

 Միւս կող­մէ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նը։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նար Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նի կող­մէ։ Այս­պէ­սով Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան փո­խա­դար­ձեց Ս. Զատ­կի առ­թիւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին կող­մէ Պատ­րիար­քա­րան տրուած այ­ցե­լու­թեան։ Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տով մտեր­միկ զրոյց մը։

Բաց աս­տի, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թեան փու­թաց նաեւ Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ­նե­րու հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016