Չորեքշաբթի 23, Ապրիլ 2025
ՊԱԼԷԻ ՇՔԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿ
Սէն Փեթերսպուրկի Պալէի պետական ակադեմական թատրոնը ներկայիս կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Նշանաւոր այս խումբին հիւրախաղերը կ՚արժանանան գեղարուեստասէր հասարակութեան անմիջական հետաքրքրութեան։ Երէկ երեկոյեան, հիւր խումբը Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ հանդէս եկաւ «Աննա Քարենինա»ի ներկայացումով։
Սէն Փեթերսպուրկի Պալէի պետական ակադեմական թատրոնը ամբողջ աշխարհի մէջ հռչակի արժանացած գեղարուեստական խումբ մըն է, որու պատասխանատուները երէկ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեցին Երեւանի մէջ։ Այս առթիւ անոնք ուրախութիւն յայտնեցին հայ հանդիսատեսին ներկայանալու այս եզակի հնարաւորութեան բերումով։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016