ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՓՌԱՊԱՆԸ

Ֆրանսա­յի Տոլ քա­ղա­քի բնա­կի­չը իր հիմ­նած հա­ցի փու­ռը 1 եւ­րո­յով վա­ճա­ռած է տեղ­ւոյն ա­նօ­թե­ւան­նե­րէն մէ­կուն։ 2015 թուա­կա­նին փու­ռին տէ­րը՝ Մի­շէլ Ֆլա­ման, թու­նա­ւո­րուե­լով ած­խաթ­թուէ, հա­զիւ փրկուած է մա­հէն։ Այն ժա­մա­նակ Ֆլա­մա­նին օգ­նած է 37-ա­մեայ ա­նօ­թե­ւան Ժե­րոմ Օ­կան, որ կան­չած է փրկա­րար­նե­րը՝ այդ­պէ­սով թոյլ չտա­լով, որ ան մա­հա­նայ:

Երբ ձեռ­նար­կա­տէ­րը դուրս ե­կած է հի­ւան­դա­նո­ցէն՝ ի նշան ե­րախ­տա­գի­տու­թեան աշ­խա­տան­քի ըն­դու­նած է ա­նօ­թե­ւա­նը: Ֆլա­մա­նի խօս­քով՝ Օ­կան շատ շուտ հմտա­ցած է այս աշ­խա­տան­քին մէջ ու լաւ կա­տա­րած է իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Վկա­յե­լով Օ­կա­նի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ փռա­տէ­րը ո­րո­շած է իր վա­ճա­ռա­տու­նը խորհր­դան­շա­կան գի­նով վա­ճա­ռել ըն­դու­նակ աշ­խա­տա­ւո­րին:

«­Զիս գու­մա­րը չի հե­տաքրք­րեր, այլ՝ ա­զա­տու­թիւ­նը։ Ես կ՚ու­զեմ հանգս­տա­նալ, եւ ինչ պատ­ճառ կայ չը­նե­լու հա­մար այդ մէ­կը, ե­թէ այս ձե­ւով կ՚եր­ջան­կաց­նեմ նաեւ Ժե­րո­մը»ը, ը­սած է ա­ռա­տա­ձեռն ֆրան­սա­ցի­ն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016