ԶՕՐՔԵՐԸ ԿԱԶՄ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ա­նո­րո­շու­թիւ­նը եւ մտա­հո­գիչ ի­րա­վի­ճա­կը կը մնան առ­կայ։ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը ե­րէկ գի­շեր շա­րու­նա­կեց ռմբա­կո­ծել Մար­տա­կեր­տի եւ Հադ­րու­թի շրջան­նե­րը։ Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս յար­ձա­կում­նե­րուն ա­ռըն­թեր Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը դէ­պի Ար­ցախ հե­տա­խու­զա­կան ներ­թա­փանց­ման փորձ մըն ալ կա­տա­րեց այս ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ յա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն պահ­պա­նել կրա­կի դադ­րեց­ման շուրջ կող­մե­րուն մի­ջեւ ձեռք բե­րուած բա­նա­ւոր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը ու կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց առ­ջեւ դրուած մար­տա­կան խնդի­րը։ Ատր­պէյ­ճա­նի յա­տուկ նշա­նա­կու­թեամբ ջո­կատ­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած վե­րո­յի­շեալ ներ­թա­փանց­ման գոր­ծո­ղու­թիւնն ալ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած է ճիշդ ժա­մա­նա­կին։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեանն ալ ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ սահ­մա­նի եւ շփման գծի առ­կայ վի­ճա­կին։ «Հա­կա­ռա­կոր­դի զօր­քը զի­նուած կանգ­նած է, հայ­կա­կան կողմն ալ կազմ եւ պատ­րաստ է», ը­սաւ Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս պա­հուն դժուար է կան­խա­տե­սել, թէ ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ։ Իր խօս­քե­րով, նոյ­նիսկ հրա­պա­րա­կուած է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու պա­րա­գա­յին շար­ժեր կը նկա­տուին։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի փոխ-նա­խա­գահ Մով­սէս Յա­կո­բեանն ալ յայտ­նեց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի բո­լոր զօ­րա­շար­ժե­րը Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հե­տա­խու­զու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ կը գտուին։ Ան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց նաեւ հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ հաս­տա­տուած կրա­կի դադ­րեց­ման շուրջ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան մա­սին։ Այս­պէս, ա­զէ­րի կող­մը դի­մած է ռու­սա­կան կող­մին՝ որ­պէս­զի միջ­նոր­դէ հրա­դա­դա­րի վե­րա­հաս­տատ­ման հա­մար։ Ըստ Մով­սէս Յա­կո­բեա­նի, Ատր­պէյ­ճան այդ հրա­դա­դա­րին հա­մա­ձայ­նած է ճիշդ այն պա­հուն, երբ հայ­կա­կան զօր­քե­րը սկսած էին յա­ռաջ շար­ժուիլ։

«Ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ալ օ­րե­րէ ի վեր կը շա­րու­նա­կուին խտա­ցեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Նա­խըն­թաց օր Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ժո­ղո­վը մաս­նա­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այս ա­ռու­մով։ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Փոխ-նա­խա­գահ եւ Եւ­րո­միու­թեան գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի ու­նե­ցաւ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած ե­լոյթ մը։ Բաց աս­տի, «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ հնչեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ուղ­ղեալ կոչ մը։ Եւ­րո­պա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս քննա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում­ներ ար­տա­յայ­տե­ցին Ռու­սաս­տա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան շուրջ։ Զա­նա­զան խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ ընդգ­ծե­ցին, որ այ­սօր Ատր­պէյ­ճան կը հա­մա­րուի նա­խա­յար­ձակ, ինչ­պէս որ էր քսան­չորս տա­րի ա­ռաջ։ Յի­շե­ցուե­ցաւ, որ Պա­քուի կող­մէ ազ­գա­յին հե­րոս հռչա­կուած է դա­ժան մար­դաս­պան Ռա­միլ Սա­ֆա­րով։ Շեշ­տուե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հայ­կա­կան բնակ­չու­թեան հան­գա­ման­քը եւ այս հար­ցի ստեղծ­ման շուրջ Սթա­լի­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ո­մանք առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ միակ ել­քը նկա­տե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան ճա­նա­չու­մը։ Ու­րիշ­ներ ալ դի­տել տուին, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը միւս սա­ռե­ցեալ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րէն կը տար­բե­րի այն ա­ռու­մով, որ եր­կու կող­մերն ալ կ՚ըն­դու­նին «գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րու» վե­րա­բե­րեալ պնդում­նե­րը։ Ուս­տի, Հա­յաս­տան պէտք է Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րա­դարձ­նէ այդ տա­րածք­նե­րը ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թիւ­նը պէտք է վերսկ­սի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կին շուրջ։

ԵԱՀԿ-ի եր­րեակն ալ նա­խըն­թաց օր կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի հա­կա­մարտ կող­մե­րը խստօ­րէն պահ­պա­նեն հրա­դա­դա­րը։ Հարկ է նշել, որ Պեր­լի­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի եր­րեա­կին ժո­ղո­վը։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան այժ­մու շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի տան­տի­րու­թեամբ մէկ­տե­ղուե­ցան նախ­կին շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչ եւ յա­ջորդ շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի Աւստ­րիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սե­պաս­տիան Քուրց։ Ներ­կայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Լամ­պեր­թօ Զա­նիէր։ Այս առ­թիւ Շթայն­մա­յէր յայ­տա­րա­րեց, թէ անհ­րա­ժեշտ է հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար լուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսի­լը։ Պար­լի­նի քննար­կում­նե­րէն վերջ ԵԱՀԿ-ի եր­րեա­կին կող­մէ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ նաեւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Հեր­թա­կան ան­գամ ընդգ­ծուե­ցաւ, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չի կրնար ու­նե­նալ ռազ­մա­կան լու­ծում։ ԵԱՀԿ-ի եր­րեա­կը հա­մո­զուած է, թէ լա­րուա­ծու­թեան թու­լա­ցու­մը եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցի սկիզ­բը խիստ կա­րե­ւոր են։ Եր­րեա­կը պի­տի շա­րու­նա­կէ ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւիլ տեղ­ւոյն վրայ զար­գա­ցում­նե­րուն եւ յա­ռաջ մղել քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցը։ Ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին ու ա­նոր հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ջան­քե­րուն նկատ­մամբ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ե­րե­ւան ՄԱԿ-ի մար­դու ի­րա­ւանց յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սե­նեա­կին ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի վեր­ջին վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Այս նիւ­թը յատ­կա­պէս կը վե­րա­բե­րի քա­ղա­քա­ցիա­կան ան­ձե­րու դէմ կա­տա­րուած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու­ն։

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԷՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ՈՐ ԱՐՑԱԽ ԵՐԲԵՔ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ»

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­նե­րուն հետ։ Նալ­պան­տեան այս առ­թիւ անդ­րա­դար­ձաւ Ատր­պէյ­ճան-Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ շփման գծին եր­կայն­քով այս ամ­սուան սկիզ­բին Պա­քուի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, իր յար­ձա­կո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով Ատր­պէյ­ճան փաս­տօ­րէն փոր­ձած է հրա­ժա­րիլ խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով հար­ցը կար­գա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ՝ իր իսկ կող­մէ ստանձ­նուած մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, կոպ­տօ­րէն խախ­տած է մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րը, ԵԱՀԿ-ի բազ­մա­թիւ գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն եւ նա­խա­րա­րա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն ըն­թաց­քին առ­նուած ո­րո­շում­ներն ու ըն­դու­նուած հռչա­կագ­րե­րը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին Ատր­պէյ­ճան բա­ցա­յայ­տօ­րէն ար­հա­մար­հած է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու՝ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։

Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան կա­րե­ւո­րեց ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ ընդգ­ծեց ա­նոնց ջան­քե­րուն սա­տա­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Բաց աս­տի, Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նալ­պան­տեա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հան­դի­պու­մը։ Ա­նոնք քննար­կե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զեր­ծուած յար­ձա­կո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կա­սեց­նե­լու ուղ­ղեալ ջան­քե­րը, կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ, նաեւ անդ­րա­դար­ձան մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ձեռ­նար­կուե­լիք քայ­լե­րուն։ Նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­գայ սադ­րանք­նե­րը կան­խե­լու նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­նե­րու ձեռք առ­նուի­լը, այդ ա­ռու­մով կա­րե­ւո­րուե­ցաւ դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան վե­րա­բե­րեալ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռա­ջար­կին կեան­քի կո­չուի­լը։

Մինչ այդ, Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, թէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի էու­թիւ­նը այն է, որ Ար­ցախ եր­բեք չի կրնար ըլ­լալ Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­կա­յա­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հար­ցազ­րոյց մը տե­սասփ­ռեց Նալ­պան­տեա­նին հետ։ Այս առ­թիւ նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, թէ Ար­ցախ եր­բեք չի կրնար ըլ­լալ Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ եւ այս հան­գա­ման­քը կար­միր թե­լով կ՚անց­նի բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րու ընդ­մէ­ջէն։ Ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դե­լով բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ՝ Նալ­պան­տեան յայտ­նեց, թէ աշ­խա­տան­քա­յին փաս­տա­թուղթ կը հա­մա­րուի այն փաս­տա­թուղ­թը, որ քննարկ­ման ա­ռար­կայ ե­ղած է կող­մե­րուն մի­ջեւ։ Այդ­պի­սի փաս­տա­թուղ­թեր ե­ղած են եւ ա­նոնց շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ջո­ղու­թիւն չեն ար­ձա­նագ­րած։ Ա­նոնք փակ ծրա­րով մը յանձ­նուած են ի պահ դրուե­լու Վիեն­նա­յի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեա­կին մօտ։ Նալ­պան­տեա­նի հա­մոզ­մամբ, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պէտք է շա­րու­նա­կուին եւ բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով պէտք է գտնել հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն։ «Կը կար­ծեմ, այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կայ», ը­սաւ ան եւ ընդգ­ծեց, թէ ո­րե­ւէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն, ո­րե­ւէ պա­տե­րազմ հար­ցե­րը չեն կրնար լու­ծել։ Ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին բո­լոր ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ կող­մե­րը կը վե­րա­դառ­նան բա­նակ­ցա­յին սե­ղան ու կը վերսկ­սին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ «Ոե­ւէ մէ­կը կա­րիք չու­նի ռազ­մա­կան նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, նոր պա­տե­րազմ­նե­րու», ը­սաւ ան։ Մեկ­նա­բա­նե­լով բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ցարդ ապ­րուած­նե­րը՝ Նալ­պան­տեան դի­տել տուաւ, թէ Ատր­պէյ­ճան չէ լու­ծած իր առ­ջեւ դրուած ինչ­պէս ա­ռա­ւե­լա­գոյն, այն­պէս ալ նուա­զա­գոյն խնդի­րը։ Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կու­մը կը բա­ցատ­րուի այն հան­գա­ման­քով, որ Ատր­պէյ­ճան ձա­խո­ղած է բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Ժա­մա­նա­կին Ատր­պէյ­ճան ձա­խո­ղած էր ռազ­մա­կան դաշ­տին վրայ, ա­պա փոր­ձեց յա­ջո­ղու­թեան հաս­նիլ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան մէջ, սա­կայն դար­ձեալ ձա­խո­ղե­ցաւ։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Նալ­պան­տեան յի­շե­ցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ան­ցեալ տա­րի ե­րեք շատ յստակ, հաս­ցէա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րած էին Ատր­պէյ­ճա­նին վե­րա­բե­րեալ՝ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հար­ցին շուրջ։ Կոչ ուղ­ղած էին վե­րա­հաս­տա­տել հիմ­նախն­դի­րը բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւո­րե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը, սա­կայն Ատր­պէյ­ճան չէր լսած։ Ա­նոնք կոչ ուղ­ղած էին հա­մա­ձայ­նիլ այդ դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ստեղծ­ման, ինչ­պէս որ ը­րած են Հա­յաս­տան եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ։ Բայց եւ այն­պէս, Ատր­պէյ­ճան կրկին չէր հա­մա­ձայ­նած։ Նալ­պան­տեան թուար­կեց նաեւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ողջ տե­ւո­ղու­թեան բե­կում­նա­յին հանգ­րուան­նե­րու մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած ետ­քայ­լե­րը։ Ի վեր­ջոյ, Պա­քու այն­պի­սի ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ յայտ­նուե­ցաւ, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ը­սե­լու բան չու­նէր եւ ստի­պուած էր նոյ­նիսկ հրա­ժա­րիլ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու հետ հան­դի­պե­լէ, ինչ­պէս որ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։

«Ատր­պէյ­ճան չէր թաքց­ներ, իր սպառ­նա­լիք­նե­րը կը հնչեց­նէր տա­րի­ներ շա­րու­նակ։ Տա­րի­ներ շա­րու­նակ բո­լո­րը կոչ կ՚ուղ­ղէին յար­գել հրա­դա­դա­րը, իսկ Ատր­պէյ­ճան այն­պէս կը ձե­ւաց­նէր, որ սա ի­րեն չի վե­րա­բե­րիր։ Իսկ հի­մա գնաց ա­ւե­լի լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։ Կը կար­ծեմ՝ ակն­յայտ է բո­լո­րին հա­մար, թէ ո՛վ սկսած է։ Իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս հետ ու­նե­ցած զրոյց­նե­րուս ըն­թաց­քին ոե­ւէ մէ­կուն մօտ կաս­կած չէ ե­ղած, որ Ատր­պէյ­ճան ե­ղած է սկսո­ղը։ Պարզ է իր նպա­տա­կը։ Այն ինչ, որ բազ­միցս ը­սած էր՝ ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով լու­ծել հիմ­նախն­դի­րը, ինչ որ դար­ձեալ ձա­խո­ղե­ցաւ։ Կը կար­ծեմ, իր առ­ջեւ դրած ո՛չ ա­ռա­ւե­լա­գոյն, ոչ ալ նուա­զա­գոյն խնդի­րը չլու­ծեց։ Հի­մա ստի­պուած կ՚ըլ­լայ վե­րա­դառ­նալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն վերսկ­սիլն ալ այդ­քան դիւ­րին չէ, հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­ներ պէտք է ա­պա­հո­վուին եւ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րը ուղ­ղուած են այդ նպա­տա­կին», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րու ժո­ղո­վին։ Ծա­նօթ է, որ այս նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Ե­րե­ւա­նի մէջ, սա­կայն Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բռնկած բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով տե­ղա­փո­խուե­ցաւ Մոս­կուա։ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ, որ ան­ցեալ շա­բաթ պաշ­տօ­նա­կան այց մը տուած էր Ե­րե­ւան՝ Ար­ցա­խի ճա­կա­տի թէժ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ։ Ռուս վար­չա­պե­տը ա­ւե­լի վերջ այ­ցե­լած էր նաեւ Պա­քու։ Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ Մետ­վե­տե­ւի Մոս­կուա­յի տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախն­դի­րը։

Միւս կող­մէ, Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա այ­սօր եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Հա­յաս­տան։

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016