«Կաթիլ Մը Մեղր»
13 թուանշանը չարագուշակ կը համարուի շատերուն կողմէ:
Հրեաներուն քով շատ աւելի շեշտուած է այդ նախապաշարումը, մանաւանդ երբ ամսուան 13-րդ օրը Ուրբաթ օրուան մը հանդիպի:
Այդ օր շատ զգոյշ կ՚ըլլան: Շատեր օդանաւով չեն ճամբորդեր, աւելի նախապաշարեալները նոյնիսկ տունէն դուրս չեն ելլեր:
Ամերիկայի մէջ կարգ մը բարձր շէնքերու մէջ 13-րդ յարկերու չենք հանդիպիր: 12-րդ յարկին կը յաջորդէ 14-րդը: Կը խուսափին 13-րդ յարկի վրայ բնակելէ կամ գրասենեակներ ունենալէ:
Բազմաթիւ շարժապատկերներ պատրաստուած են այս նախապաշարեալ թիւը իբրեւ նիւթ ունենալով, ինչպէս՝ Friday the 13th.
Այսքանը՝ փոքր փակագիծ մը:
* * *
Ապրիլ 13-ը Ուրբաթ օրուան չհանդիպեցաւ 1975-ին:
Լիբանանի Ապրիլ ամսուան, գարնան գեղեցիկ Կիրակի օր մըն էր, երբ փաղանգաւոր քանի մը զինեալներու եւ պաղեստինցի ֆետայիներու միջեւ «փոքր միջադէպ» մը վերածուեցաւ «կաթիլ մը մեղր»ի, որ երկարեցաւ աւելի քան 15 երկար տարիներ` պատճառ դառնալով բազմահազար անմեղներու մահուան, գեղեցիկ Լիբանանի աւերակոյտի մը վերածուելուն եւ տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներու գաղթի ճամբան բռնելուն:
Հարուածը ակնկալուածէն շատ աւելի ուժգին էր:
Տարբեր լեզուներով բազմաթիւ հատորներ հրատարակուած են Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմի մասին: Անհաշիւ են հայ մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածները:
Նպատակս պատերազմի մասին վաւերագրական գրութիւն մը ներկայացնել չէ: Այդ մասին մինչեւ օրս «Ազդակ»ի սիւնակներէն տակաւին կը կարդանք մանրամասն տեղեկութիւններով լեցուն, արհեստավարժ գրութիւններ:
Աւելի քան 36 տարիներ առաջ, ակամայ լքելով ծննդավայրս, հաստատուեցայ Լոս Անճելըս, սակայն մինչեւ օրս, ամէն տարի, նոյն թուականին, Ապրիլ ամսուան 13-ին ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշեմ այդ չարագուշակ թուականը եւ երկար ժամեր կը վերապրիմ այդ մղձաւանջային օրերը:
* * *
12 Ապրիլ 1975: Օրը՝ Կիրակի:
Յետմիջօրէին հեռուէն հրացանաձգութեան ձայներ սկսան հասնիլ մեր ականջներուն:
Լիբանանի համար զարմանալի չէր այդ մէկը: Որեւէ ուրախ կամ տխուր առիթով, բնական երեւոյթ էր կրակոցներու «համերգ» մը լսելը:
Կիրակի օրուան յաջորդեց Երկուշաբթին:
Առաւօտ էր: Բնական օրուան մը սկիզբը կը թուէր ըլլալ, երբ փողոցները խճողուեցան մարդոցմով ու ինքնաշարժներով:
Ես ալ, իմ կարգիս, առտու կանուխ ելայ տունէն եւ ուղղուեցայ մեր թաղին ծայրը բնակող բարեկամիս` Սարգիս Պետրոսեանին (այժմ` մահացած` Ֆրանսա) տունը, մեր ամէնօրեայ սովորութեան համաձայն, միասին երթալու Պուրճի հրապարակին հարաւը գտնուող մեր աշխատավայրը` հայկական «Լէոկրավիւր» հաստատութիւնը:
Այդ օր բացառաբար բաւական երկար սպասել տուաւ: Քանի մը անգամ ինքնաշարժիս ճչակին` դիմեցի, յիշեցնելու, թէ արդէն ուշ ենք:
Վերջապէս ելաւ ինքնաշարժս եւ հազիւ նստած, նախքան «Բարի լոյս»ը.
-Լուրերը մտիկ կ՚ընէի: Փաղանգաւորներն ու պաղեստինցիները իրար ինկեր են:
Այժմ յստակ էր նախորդ օրուան կրակոցներուն պատճառը:
Կրակոցներու ձայները փոխանակ դադրելու՝ շատ աւելի սաստկացած էին:
Մանրամասնութիւններուն ամէն մարդ ծանօթ է արդէն: Կարիքը չեմ զգար կրկնելու, պարզապէս սիրելի ընթերցողներուն կ՚ուզեմ բաժնեկից դարձնել պատերազմի դաժան օրերէն քանի մը տխուր յիշատակներու, գիտնալով հանդերձ, թէ իւրաքանչիւր ընթերցող նոյնանման յիշատակներ ունի իր յիշողութեան մէջ:
Նոյնքան տխուր օրեր անցուցած են իրաքահայերն ու Քեսապի հայերը, եւ դժբախտաբար տակաւին մղձաւանջային օրեր կ՚ապրին հալէպահայերը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 15 երկար տարիներուն 6 տարին միայն մասնակից դարձայ այդ դաժան օրերուն, եւ այդ տարիներու ընթացքին քանի մը անգամ գործով կարճ ճամբորդութիւններ կատարեցի տարբեր երկիրներ եւ վերադարձայ այն յոյսով, որ Լիբանան վերագտած է իր բնականոն վիճակը, սակայն ամէն անգամ ալ յուսախաբ եղայ:
Պատերազմի վերջին 7 տարիները, հակառակ Լիբանանէն վերջնականապէս գաղթած ըլլալուս, անուղղակիօրէն ապրեցայ այդ տխուր օրերը, հեռաւոր Ամերիկայէն հեռատեսիլի լուրերու միջոցով, որոնք շատ յաճախ այնքան ալ ճշգրիտ լուրեր չէին: Չկար համացանցի դրութիւն, որպէսզի կարողանայի կապուիլ Լիբանան գտնուող հայկական օրաթերթերու՝ ստանալու իսկական եւ ճշգրիտ լուրերը:
Կը կարդայի Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսած հայկական մամուլէն, կամ նոր ժամանած բարեկամներէ կը ստանայի մանրամասն լուրեր, որոնք այնքան ալ յուսադրիչ չէին:
Ռումբերէն հեռու ըլլալով հանդերձ, ուրախ չէի: Ծննդավայրս կրակներու մէջ էր: Վտանգուած էր մեր հիանալի գաղութը: Մտահոգ էի ու անտրամադիր:
* * *
Որքան որ կը յիշեմ, այդ օր գործէն կանուխ վերադարձանք տուն:
Յաջորդող օրերուն Այն Ռըմէնիի դէպքը տարածուեցաւ Պէյրութի տարբեր շրջաններու մէջ, իսկ աելի ուշ՝ ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Փաղանգաւոր-պաղեստինցի «վէճի» մը սահմանները անցած էր, եւ դարձած՝ միջհամայնքային պատերազմ:
Երկար տարիներ եղբայրաբար միասին ապրած քրիստոնեան եւ իսլամը դարձած էին ոխերիմ թշնամիներ:
Բարեբախտաբար պատերազմի սկիզբէն մինչեւ աւարտը հայերը որդեգրեցին դրական չէզոքութիւն նշանաբանը, եւ ոչ միայն կողմ չբռնեցինք, այլ բազմաթիւ անգամներ մեր ղեկավարութիւնը փորձեց լուծում մը գտնել՝ հաշտեցնելու հակամարտ կողմերը, սակայն, ըստ երեւոյթին, խնդիրը այնքան ալ հեշտ չէր:
Հաշտուելու կամ կռիւը շարունակելու որոշումը իրենց իրաւասութենէն անդին անցած էր: Լիբանան դարձած էր մեծ պետութիւններու «աղտոտ լաթերը լուալու» կռուախնձոր մը:
Պատերազմի սկիզբէն քանի մը ամիս անցած էր: Գործով Ափրիկէ կը գտնուէի եւ պատահմամբ ամերիկեան թերթէ մը Լիբանանի մասին յօդուածի մը հանդիպեցայ:
Մեծ թիւով օտար լրագրողներու Լիբանան ժամանումը զարմանք պատճառած էր լիբանանցի լրագրողի մը, եւ երբ իր օտար գործակիցին արտայայտած էր իր զարմանքը. «Լիբանանեան ներքին խնդիրի մը այսքան մեծ թիւով օտար լրագրողներու ժամանումը տարօրինակ կը գտնեմ»: Պատասխանը՝
-Եկանք Լիբանանի քարտէսի փոփոխութեան ներկայ գտնուելու:
Ամէն ինչ յստակ էր: Կասկած չկար, որ լոկ լիբանանեան հարց մը չէր, պարզապէս պատրուակ մը՝ հրահրելու հակամարտ կողմերը:
* * *
Հակառակ դրական չէզոքութեան որդեգրումին՝ հայ ժողովուրդը պատրաստ պէտք էր ըլլար որեւէ անհաճոյ դէպքի պարագային: Հարկաւոր էր պաշտպանել հայկական թաղերը, դպրոցները, եկեղեցիները, մէկ խօսքով` ամէն ինչ, որ հայութեան կը պատկանէր: Օտար վարձկաններ շատ դիւրութեամբ կրնային առիթէն օգտուելով՝ վնասել հայ գաղութին, ինչ որ ներկայիս կը պատահի Հալէպի մէջ:
Դէպքի սկիզբէն քանի մը օր ետք շրջաբերականով մը կանչուեցանք ակումբ՝ ընդհանուր ժողովի, եւ մեզի տեղեկացուցին հայկական թաղերը «զէնքով պաշտպանելու» կարեւորութիւնը:
Ինքնապաշտպանութիւն՝ առանց մասնակից դառնալու կամ կողմի մը հակելու:
Բնաւ չեմ սիրած զէնքը: Զէնքի գործածութեան ինծի նման քանի մը անտեղեակներուն սորվեցուցին զէնքի գործածութեան կարգ մը նախնական գիտելիքները՝ շեշտելով, որ՝ «յոռեգոյն պարագային միայն իրաւունք ունինք գործածելու մեր զէնքերը»:
Երեկոյեան, զինուած «Քալաշնիքոֆ» գնդացիրներով, ժամական դրութեամբ սկսանք կատարել մեր պահակութեան պարտականութիւնը:
Առաջին անգամն էր, որ թաղեցիները ականատես կ՚ըլլային հայ զինեալներու:
Հայկական հիւրասիրութիւններով սկսաւ մեր պահակութեան շրջանը: Շէնքի տարբեր բնակիչներ իրարու հետ կարծես մրցումի ելած էին հիւրասիրելու հայ զինեալ պահակները: Զովացուցիչ, սուրճ եւ կարկանդակի տեսակներ իրարու կը յաջորդէին: Պահակութիւնը վերածուած էր կերուխումի:
Յաջորդող օրերուն բնականաբար նոյն առատաձեռնութիւնը սկսած էր նուազիլ: Մեզ արթուն պահելու նպատակով սուրճը անպակաս էր, սակայն զովացուցիչներն ու կարկանդակները պատմութեան անցած էին:
Ամիսները իրարու յաջորդեցին: Գարնան ու ամրան յաջորդեց Լիբանանի խոնաւ ձմեռը:
Մարդիկ, դուռ պատուհան գոց, քաշուած էին իրենց տուներէն ներս, եւ մեզ արթուն պահող սուրճը նմանապէս պատմութեան անցած էր: Չքնանալու միակ միջոցը կուտ ուտելով իրարու զուարճալի անեքթոտներ պատմելն էր:
Առաւօտուն գետինը լեցուն կ՚ըլլար կուտի կեղեւներով:
Կամաց-կամաց պատմելիք անեքթոտներն ալ սպառեցան: Զինեալ պահակներէն քանի մը հատը սկսան յաճախակի փախուստ տալ, մեր 4 ժամուան պահակութեան շրջանը երկարելով 8 ժամուան:
Ցուրտը զգալի էր եւ ցած ձայնով կերգէինք.
«Փուք ու բորան մութ գիշերին
Պտտում էր ֆետային»:
Անարժանօրէն ինքզինքիս կը բաղդատէինք մեր աննման ֆետայիներուն:
Նոր օրերու «ֆետայիներ» էինք: Ֆետայիներ, որոնք ոչ իսկ մէկ փամփուշտ կրակած են:
* * *
Տարիներ անցած են այդ թուականէն, սակայն յիշողութեանս մէջ տակաւին թարմ են շատ մը տխուր դէպքեր:
Պուրճի շուկաներու աւերակոյտի վերածուիլը: Քարանթինայի եւ Նապաայի անկումը: Մասնաւորաբար, ցաւօք սրտի, աչքիս առջեւէն չի հեռանար Նապաայի իսլամ ժողովուրդի փախուստէն ետք այդ շրջանի տուներու եւ խանութներու կողոպուտը, եւ դժբախտաբար, կողոպուտի մասնակցողներուն մէջ կը գտնուէին նաեւ հայեր՝ հակառակ հայկական ակումբներու պատասխանատուներէն եկած խիստ հրահանգին: «Կողոպուտը բացարձակապէս արգիլուած է»:
Պէյրութ քաղաքը երկուքի բաժնուած էր՝ արեւելեան եւ արեւմտեան: «Սահման» գոյութիւն ունէր երկուքին միջեւ: Այդ սահմանը Պուրճի հրապարակն էր:
Արեւելեան կողմը բնակող իսլամերը անցած էին արեւմտեան Պէյրութ, իսկ արեւմտեան կողմի քրիստոնեաները` արեւելեան կողմը: Համրա թաղամասի ճոխ շուկաները փոխադրուած են Ժունիէ, եւ այդ աննշան արուարձանը դարձած է արեւելեան Պէյրութի «մայրաքաղաք»:
Համրայի շքեղ պողոտային վրայ, եւրոպացի եւ ամերիկացի զբօսաշրջիկներու փոխարէն, կը հանդիպէինք պաղեստինցի եւ իսլամ զինեալներու: Բնակիչները բոլորը՝ իսլամ մարդիկ եւ լաչակաւոր կիներ:
Գիշերային հաճոյքի վայրերը, որոնք արեւմտեան կողմը կը գտնուէին, փակած են իրենց դռները:
Առաջին գաղթողները եղած են, երաժիշտներն ու երգիչները:
Գործատեղիս ճիշդ սահմանի վրայ էր: Կը պատահէր, որ երկու կողմի զինեալներու կրակոցներուն հետ միաժամանակ լսէինք իրարու հասցէին ուղղուած հայհոյանքները, սակայն ամենազարմանալին այն էր, որ երբ կէսօր ըլլար, իրարու հետ համաձայնուած քանի մը ժամուան «զինադադարով» մը կրակոցները կը դադրէին, որպէսզի հանգիստ ճաշեն, եւ քիչ մը հանգստանալէ ետք այս կամ այն կողմէն արձակուած գնդակով մը գնդացիրներու «համերգը» կը վերսկսէր, որ կրնար երկարիլ:
Սորված էինք իրենց «հանգիստի» ժամը, եւ այդ ժամուն անմիջապէս կ՚ուղղուէինք մեր տուները:
* * *
Յիշողութեանս մէջ մասնաւոր տեղ գրաւած է «Սապթ ասուատ»ը (սեւ շաբաթ), որովհետեւ այդ դէպքին յաջորդ օրը, պիտի դառնար կեանքիս մէկ անկիւնադարձային օրը:
Ի՞նչ էր «Սապթ ասուատ»ը:
Կէս գիշերը անց 5 քրիստոնեայ երիտասարդներ առեւանգուած, ապա սպաննուած էին պաղեստինցի կամ իսլամ զինեալներու կողմէ:
Առաւօտ կանուխ, քրիստոնեայ զինեալներ, 5 մահացած անմեղ երիտասարդներուն վրէժը լուծելու միտումով, մտած էին Պուրճի հրապարակին մօտ գտնուող բանջարեղէնի շուկան եւ անցագիրները ստուգելով՝ սկսած էին սպաննել նոյնպէս անմեղ, հարիւրաւոր իսլամ քաղաքացիներ:
Վրէժ լուծելու կարգը իսլամներուն է, եւ այդ «վրէժ»ին զոհը դարձաւ այս տողերը գրողը:
«Բոլորովին անտեղեակ այդ օր պատահած դէպքէն, նուագախումբի ընկերներով կ՚ուղղուէինք դէպի օդակայան՝ գործով քանի մը ամիսով ճամբորդելու:
Հասանք Պըրժ Պարաժնէ, որ պաղեստինցիներու բոյնն է: Դիմակաւոր զինեալներ մեզ վար առին ինքանաշարժէն եւ անցագիրներուն նայելով՝ «Ասոնք հայ են» ըսելով ձգեցին, սակայն երբ կարգը հասաւ ինծի, ստուգող զինեալը անցագրիս մէջ Պօղոս կարդալով՝ կարծեց, թէ մարոնի եմ (մարոնիներուն քով ընդհանրացած անուն է Պախոսը),
-«Այս մէկը մարոնի է, տարէք՝ սպաննեցէք»:
Արդէն կտրտուած արաբերէն կը խօսէի, վախի ազդեցութեան տակ աւելի կտրտուած արաբերէնով ուզեցի բացատրել, թէ ես հայ եմ, մականունս «եան» ունի վերջաւորութեան, սակայն մտիկ ընողը ո՞վ: Այնքան կատղած են, որ նոյնիսկ մտիկ ընել չեն ուզեր: Ոչինչ կրնայի ընել. ճակատագիրս էր: Հաշտուեցայ կացութեան: Յանկարծ՝ հրաշք: Քիչ մը հեռուն կեցած, պատասխանատուներէն մէկը, լսեր է խօսակցութիւնը, եւ մօտենալով՝
-Ձգեցէ՛ք, այս մէկն ալ հայ է:
Այդ վայրկեանին բան չզգացի, սակայն երբ ինքնաշարժ ելանք մեկնելու, նոր զգացի վախս եւ ոտքերս սկսան դողալ:
Այդ դէպքէն ետք ամիսներով գիշերը երազիս մէջ կը տեսնէի այդ տեսարանը ու քրտինք-ջուրերու մէջ կ՚արթննայի, փառք տալով Աստուծոյ, որ երազ է»: «Յիշատակներ… Անցած օրեր» (Հատուած):
* * *
Դարձեալ երաժշտական գործով Դամասկոս կը գտնուէինք:
Գիշեր մը մեր նուագած «քլապ»ը ժամանեցին Հաֆեզ Ասատի եղբայրը, սուրիական բանակի սպայ, Ռիֆաաթ Ասատը, ընկերակցութեամբ Թոնի Ֆրենժիէի:
Թիկնապահներէն մէկը հայ էր: Վստահ չեմ` որո՞ւ թիկնապահը ըլլալը:
Մեր հանգիստի պահուն, երբ գիտցաւ մեր հայ ըլլալը, միացաւ մեզի:
Քանի մը գաւաթ խմելէ ետք «լեզուն բացուեցաւ», եւ ցած ձայնով հայերէնով մեզի հաղորդեց «գաղտնիք» մը:
-Շուտով սուրիական բանակը պիտի մտնէ Լիբանան:
Հաղորդեց նաեւ ուրիշ «գաղտնիքներ», որ պէտք չէր հաղորդէր, սակայն ոգելից ըմպելին իր ազդեցութիւնը գործած էր:
Քանի մը շաբաթ հազիւ անց՝ իր տուած «գաղտնիքը» դարձաւ իրականութիւն, եւ սուրիական բանակը մուտք գործեց Լիբանան:
Աւելի ուշ իրականութիւն դարձան նաեւ մեզի հաղորդած մնացած գաղտնիքները, սակայն կը նախընտրեմ մամուլով չյայտարարել մեզի վստահուած «գաղտնիքները», հակառակ անոր որ բոլորն ալ աւելի ուշ դարձան իրականութիւններ:
Պաղեստինցի-իսլամ զինեալները միացած, մէկ ճակատ կազմած էին քրիստոնեայ Լիբանանեան ուժերուն դէմ, որոնք ամէն կողմէ պաշարուած եւ լուրջ վտանգի ենթակայ էին:
Այդ շրջանին էր, որ Լիբանան մուտք գործեց սուրիական բանակը, որ վարդերով ու մեխակներով դիմաւորուեցաւ քրիստոնեայ համայնքին կողմէ, սակայն կարճ ժամանակ ետք, քաղաքական ի՞նչ հաշիւներով, սուրիական թնդանօթները իրենց ուղղութիւնը դարձուցին դէպի արեւելեան Պէյրութի քրիստոնեայ շրջանները:
10 օր, անխնայ ռմբակոծուելէ ետք, երբ զինադադար հռչակուելով՝ սուրիական թնդանօթները լռեցին, դուրս ելանք շէնքին տակը գտնուող պատսպարաններէն:
Ահռելի տեսարան մը պարզուեցաւ մեր դիմաց: Անհամար վնասուած բնակարաններ, ածխացած ինքնաշարժներ: Մուխին ու թանձր ծուխին պատճառով քանի մը մեթր հեռուն անկարելի էր տեսնել:
Քրիստոնեաներուն օգնելու պատրուակով Լիբանան ժամանած «բարեկամ» սուրիական բանակը աւերած էր արեւելեան քրիստոնեայ շրջանը:
Մօտաւորապէս 10 ամիս մնացինք առանց ելեկտրականութեան: Ելեկտրականութիւն հայթայթող կեդրոնները լուրջ վնասներ կրած էին:
Այդ դէպքը պատճառ դարձաւ, որ մեծ թիւով քրիստոնեաներ, ներառեալ հայեր, բռնեն գաղթի ճամբան՝ ծովու ճամբով նախ հասնելով Կիպրոս, ապա արեւմտեան երկիրներ:
* * *
Տարիներէ ի վեր հաստատուած եմ Լոս Անճելըս: Միացած են նաեւ ընտանիքիս մնացեալ անդամները:
Սկիզբի տարիներու հետաքրքրութեամբ շատ չեմ հետեւիր Լիբանանի պատերազմի վիճակով:
Քանի մը ամիս ահռելի կռիւ, ապա՝ զինադադար ու դարձեալ կռիւ:
Թատրոնի նոյն արարները յաճախ կը կրկնուին: Ո՛չ մէկ նորութիւն:
Պատերազմը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հասաւ իր աւարտին, ոչ ոք հասկցաւ:
Բազմաթիւ անգամներ հակամարտ կողմերը իրարու հետ համաձայնած էին վերջ տալու եղբայրասպան կռիւներուն, սակայն ժամանակ մը ետք վերսկսած էին զիրար կոտորել, ամէն անգամ աւելի ուժգին, քան նախորդները:
Սնահաւատ դարձած էինք, սակայն բարեբախտաբար այս անգամ ռումբերու գոռոցն ու զէնքերու կրակոցները, վերջնականապէս լռեցին ու այդ դժնդակ օրերուն յաջորդեցին վերաշինութեան ու ծաղկումի տարիները:
«Կաթիլ մը մեղր»ի առասպելին նման՝ փոքր միջադէպով մը սկսած փաղանգաւորներուն եւ պաղեստինցի ֆետայիներու միջադէպը մեծցած, դարձած էր Միջին Արեւելքի ամենաքանդիչ քաղաքացիական պատերազմներէն մէկը:
Բազմահազար մարդիկ սպաննուեցան եւ մինչեւ օրս մարդ չիմացաւ, թէ ո՞վ եղաւ յաղթականը, եւ ո՞վ էր պարտեալը:
Մէկ բան յստակ է:
Տուժողը եղաւ Լիբանանցին:
«Ջարդեցին իրար, Ջնջեցին իրար, Կորան, գնացին, Գետինը հաւասար:
Դաշտերն անցան, Ու կռիւը չդադարած, Սովը եկաւ համատարած: Սովը եկաւ, սովի հետ ցաւ, Ծաղկած երկիրն ամայացաւ…
Իսկ մնացած մարդիկ իրար Հարցնում էին սարսափահար, Թէ ո՞րտեղից արդեօք ծագեց Էս ընդհանուր աղէտը մեծ»:
(«Մի կաթիլ մեղր», Յովհաննէս Թումանեան):
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2016