ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուին Արցախ։ Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ գործուած վերջին յարձակումները յեղաշրջեցին համայն հայութեան օրակարգը եւ այս իրավիճակին մէջ երկու կաթողիկոսներուն դէպի Արցախ օրհնաբեր ուղեւորութիւնը տեղի ունեցաւ վառ հետաքրքրութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Արցախ ուղեւորուեցան ինքնաթիռով։ Ստեփանակերտի մէջ անոնք դիմաւորուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշուտ Ղուլեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։ Կաթողիկոսներուն ընկերացան Արցախի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Ռումանահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ, ինչպէս նաեւ հրապարակագիր Զօրի Բալայեան եւ յայտնի բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան։
Ստեփանակերտ ժամանելէ անմիջապէս վերջ երկու կաթողիկոսները հիւրընկալուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Հանդիպումէն վերջ Արցախի ղեկավարն ու երկու կաթողիկոսները շրջայց մըն ալ կատարեցին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ բարձր գնահատելով քաղաքի բարեկարգման ուղղեալ ջանքերը։
Նոյնպէս Ստեփանակերտի մէջ երկու կաթողիկոսները այցելեցին Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց, միշտ Աշոտ Ղուլեանի ուղեկցութեամբ։ Վերջին բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուած զինուորներու դարմանման ընթացքին եւ առողջական վիճակին շուրջ տեղեկութիւններ քաղելէ վերջ, Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը այցելեցին վիրաւորեալ զինուորներու սնարները, ուր անոնց փոխանցեցին իրենց օրհնութիւնն ու քաջալերական խօսքը եւ աղօթեցին՝ արագ ապաքինման համար։
Երկու կաթողիկոսներու դէպի Արցախ զօրակցութան այցելութեան ամենավառ հանգրուաններէն մին ապրուեցաւ Գանձասարի պատմական վանքին մէջ, որու սրբազան կամարներուն ներքեւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած խաղաղութեան համար։ Երկու կաթողիկոսները «Հրաշափառ»ի յուզումնալի արարողութիւնով մը հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին Գանձասարի վանքը։ Մուտքին անոնք ողջունեցին այս պատմական առիթով համախմբուած բազում հայորդիները, որոնց շարքին կը գտնուէին զինուորականներ, պատանիներ ու տարեցներ։ Եկեղեցականաց ծանրաշուք թափօրը երկու կաթողիկոսները տաճար առաջնորդեց՝ վանքի զանգերու յաղթական ղօղանջներով։ «Հրաշափառ»ի երգեցողութենէն վերջ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ պատմական տաճարին մէջ միասնական աղօթք տեղի ունեցաւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան համար։ Սաղմոսերգութիւններէ եւ աղօթքներու ընթերցմուներէն վերջ երկու կաթողիկոսներուն Արցախ այցելութիւնը ողջունեց Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։ Ան ըսաւ, թէ Գանձասարի վանքը, Արցախ աշխարհը կ՚ապրի ցնծութիւն։ Արդարեւ, հայոց կաթողիկոսները օրհասական պահով փութացած են Արցախ, Գանձասարի պատմական վանքը՝ գօտեպնդելու համար ժողովուրդը, իշխանութիւնները, զինուորներն ու հոգեւորականները, որպէսզի բոլորը կարենան իրենց առաքելութիւնը շարունակել գօտեպնդուած։
Թեմակալ Առաջնորդի ողջոյնի խօսքէն վերջ կաթողիկոսները փոխանցեցին իրենց պատգամը։
Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը շրջայց մը կատարեցին վանքի տարածքէն ներս, այցելելով «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը, «Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնը, ուր ծանօթացան Արցախի զանազան գրչատուներուն մէջ ստեղծուած ձեռագիր մատեաններուն, Արցախի ու մանաւանդ Գանձասարի պատմութեան վերաբերեալ հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթերու եւ հնատիպ գիրքերու։
Շրջայցէն վերջ երկու կաթողիկոսները ունկնդրեցին Վանք գիւղի դպրոցի սաներուն եւ զինուորներուն կողմէ ներկայացուած հայրենասիրական երգերուն ու ասմունքին։ Կաթողիկոսները օրհնելով ներկայ երիտասարդները՝ անոնց ընծայեցին խաչեր։