դրական տպաւորութիւններ
Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Նոպէլեան օրեր» ծրագիրը ունեցաւ յաջող արդիւնք մը։ «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանին կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին Նոպէլեան մրցանակի արժանացած հինգ գիտնականներ, որոնք համաշխարհային մակարդակով հեղինակութիւններ կը համարուին բժշկութեան կամ յարակից ճիւղերուն մէջ։ Հիւր գիտնականները երէկ Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով ամփոփեցին իրենց Հայաստան այցելութիւնը։ Անոնք ընդհանրապէս դրական տպաւորութիւններ փոխանցեցին իրենց կեցութեան օրերուն եւ վկայութիւններուն շուրջ։
Մինչ այդ, «Նոպէլեան օրեր»ու մասնակիցները այցելեցին նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը, ուր հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցան աշակերտութեան հետ։ Անոնք նշեցին, թէ խորապէս տպաւորուած են աշակերտութեան ոգեւորութեամբ։