Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀՆԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՂ ՇՈՒՆԸ
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Ալֆի անունով շունը, որ կը տիրապետէ ֆութպոլի հիանալի հնարքներու, ստացած է «Ronaldog» անունը:
Սիմփքիններու ընտանիքը պատկանող շան ֆութպոլի կարողութիւնները լայն արձագանգ գտած են հասարակութեան շրջանակներէն ներս եւ շատեր կը մօտենան տէրերուն ու կ՚առաջարկեն Ալֆիի «համբաւը» ա՛լ աւելի լայն տարածել:
Շունը իր տէրերուն կողմէ չէ դաստիարակուած այս ուղղութեամբ, այլ անոր ֆութպոլի բոլոր հնարքները բնատուր են։ Անոր տէրերը յայտնեցին, որ անասունի առաջին տարեդարձին գնած են հարիւր գնդակ ու երբ պարտէզին մէջ զանոնք տեսած է «Ronaldog», անհունապէս ուրախացած է։
Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024