Յանուն Հաւաքական Շահին
Սուրիական տագնապի առաջին օրերէն, սուրիահայութեան, յատկապէս հալէպահայութեան միասնական ոգին ոչ միայն իր դրական անդրադարձը պիտի ունենար դժուարութիւններու դիմակայման կամ օժանդակութեան աշխատանքներու համադրման վրայ, այլեւ ուղի պիտի հարթէր, որ սուրիահայ համայնքը տագնապին նկատմամբ մէկ ու միասնական կեցուածք որդեգրէ՝ համայնքի եւ սուրիական հայրենիքի ընդհանրական շահերուն ծառայելու, բայց մանաւանդ համայնքէն ներս ստեղծելու համերաշխութեան ու գործակցութեան այնպիսի առողջ մթնոլորտ, որ պատերազմի յորձանուտին մէջ, համայնքը զերծ պահելով պառակտման ախտէն, վարակիչ պիտի դառնար նաեւ երիտասարդական միութիւններուն համար:
Անցնող հինգ տարիներու ընթացքին միջյարանուանական կամ հայկական կազմակերպութիւններու համատեղ ծրագիրներուն կողքին, ողջունելի էին երիտասարդական միութիւններու կազմակերպած միացեալ ձեռնարկներն ու անոնց հետեւանքով ստեղծուած յարաբերական աշխատանքներու աշխուժացումը:
Համերաշխութեան այս մթնոլորտի ստեղծման նպաստեցին հալէպահայ կազմակերպութիւններն ու ազգային, հասարակական գործիչները, որոնք իրենց գործելաոճով եւ ծրագիրներով միասնական աշխատանքի ենթահող պատրաստեցին: Անոնց կողքին էին հոգեւոր մեր պետերը, որոնք գաղութի հոգեւորական, եկեղեցական կեանքին ծառայելով մէկտեղ, համայնքի զաւակներուն կորով եւ ուժ ներշնչեցին՝ կանգուն պահելու Հալէպի մայր գաղութն ու ազգային, քաղաքացիական գիտակցութեամբ շարունակելու սուրիահայութեան գոյերթը:
Անցնող տարիներու ընթացքին բնականաբար բացթողումներ ալ պիտի արձանագ-րըւէին, որովհետեւ համայնքը նախապէս աղէտալի նման դէպքերու, սահմռկեցուցիչ քանդումներու, զոհերու, գաղթի, տարհանումի, ահաբեկչական նման ալիքի եւ տակաւին կենցաղային թէ ապահովական բազմաբնոյթ դժուարութիւններու յաղթահարման հրամայականին դէմ յանդիման չէր յայտնուած: Այնուամենայնիւ, գաղութի միասնութեան ուժը անոր փրկութեան գրաւականը հանդիսացաւ:
Նոյն այս ոգիով սուրիահայ համայնքը մասնակցեցաւ սուրիական խորհրդարանի օրէնսդրական երկրորդ նստաշրջանի ընտրութիւններուն: Հալէպահայ կազմակերպութիւններու միասնական մէկ թեկնածուի շուրջ համաձայնութիւնը, այդ ուղղութեամբ տարուած կազմակերպ գործունէութիւնը, քարոզչական, յարաբերական աշխատանքը մարմնաւորումն էին մէկ ու միասնական կեցուածքի: Կեցուածք, որ վստահաբար յառաջիկայ օրերուն իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ համայնքի կեանքին վրայ, պիտի նպաստէ արդի Սուրիոյ մէջ անոր իրաւունքներու ամրագրման, ու մանաւանդ սուրիական հայրենիքի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ համայնքի դերակատարութեան շեշտադրման:
Ողջունելի էր յատկապէս, քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ, յանուն հաւաքական շահի, միութիւններուն, թէ անհատ թեկնածուներուն զօրակցական գործելաոճն ու խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջողութեան ի նպաստ տարած աշխատանքը:
Միասնութեան այս գործելաոճով սուրիահայութիւնը տագնապի ճիրաններէն դուրս գալով վերազարթօնք ապրեցաւ: Վերազարթօնք, որուն շնորհիւ աստիճանաբար պիտի վերագտնէ իր երբեմնի ծաղկուն օրերը եւ աներեր հաւատքով սատարէ Սուրիոյ յառաջընթացին, որպէս քաղաքակիրթ, հայրենասէր ու աշխատունակ համայնք:
ԶԱՐՄԻԿ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Գանձասար»
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024