Հայ Վանականութեան Պատմութիւնը Եւ Վարդապետներու Դասակարգը
Հեղինակ՝ ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Գրախօսեց՝ ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Հայ վանականութեան պատմութիւնը եւ վարդապետներու դասակարգը 2015» գիրքը՝ ընտիր տպագրութեամբ, 165 էջերու մէջ պատմութիւնը կը ներկայացնէ Հայ Վանականութեան, զուգորդելով զայն ակադեմական աստիճանի արժանի վարդապետներու դասակարգին հետ, որպէս վաստակ եւ Հայ Եկեղեցւոյ վարկին վայել բարձրացում։ Հայր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, գիրքիս վաստակաւոր հեղինակը, յաջողած է Վանականութեան ծագման, ձեւաւորման եւ զարգացման ուղիներով ընծայելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սոյն բովանդակալից եւ վաւերական հատորը որպէս վերաքննեալ համադրութիւն նախկին բանասիրութենէն մեզի հասած տուեալներուն։ Հեղինակը զանոնք ճարտարօրէն եւ գիտական մակարդակի վրայ վերահաստատած է մեր դասական պատմագրութեան հիմքին վրայ՝ լրիւ մատենագիտութեամբ եւ ճոխ ծանօթագրութիւններով։
Հատորը յայտնապէս մանրամասն ու արեւմտահայերէնի վճիտ արտայատութեամբ կը վայելէ հայ եւ օտար աղբիւրներու անսովոր եւ հարուստ ցուցակ մը, աղբիւրներ որոնք կը վաւերացնեն նիւթին, Հայ Վանականութեան, հնագոյն շրջաններէն դէպի Միջին դար եւ ապա 18-րդ դար երկարող բարդ եւ զգայուն ընթացքը։
2015 թուի նորագոյն հրատարակութիւնը հեղինակին անցեալի բովանդակալից այլ հատորներէն, եւ «Բազմավէպ» ամսագրի մէջ լոյս տեսած բանասիրական տարբեր յօդուածներէն ետք, այս անգամ լոյս կը տեսնէ Արեւմտեան Թեմի հրատարակչութենէն, օրհնութեամբը Առաջնորդ Գերշ. Յովնան Արքեպիսկոպոսի։ Գիրքը կը բովանդակէ եօթը խիտ եւ զիրար ամբողջացնող գլուխներ, կառուցանելով հին Անապատական (վանական) դրութեան յետագայի մուտքը Հայաստան, թէ՛ իսկ քաղաքական անկայուն եւ յաճախ կործանարար ոլորտներէն անցնելով եւ դիմանալով, յանգելու համար Հայ Վանականութեան, այս անգամ Ոսկեդարու փայլքը զգեցած, հայկականացած Քրիստոնէութեամբ եւ Աստուածաշունչ Մատեանով, տողանցելով հինգէն մինչեւ տասնութերորդ դար։
Անտարակոյս, Հայ Վանականութիւնը անապատական դրութենէն իսկոյն բարձրացաւ վարդապետական եւ ակադեմական աստիճաններուն՝ Հայ Եկեղեցւոյ վարկը բարձրացնելով հայ պատմագրութեան հունին մէջ։ Հեղինակը Հայր Տաճատ, իր իսկական վարդապետի, ուսուցչապետի լրիւ կարողութեամբ եւ հեղինակութեամբ, իր այս գիրքին մէջ քննարկած է Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետներն ու անոնց հետզհետէ զարգացող վանական եւ ուսումնական վաստակը՝ Հայաստանի յայտնի վանք-ուսումնարաններէն ներս։
Վերջին եօթներորդ գլուխին մէջ հեղինակը այնքան խիտ որքան լրիւ ամփոփումը կը կատարէ երկու լեզուներով, «Վանականներու ներքին դիմագիծը» վերնագրով, ուր վանական կեանքը, հայ վարդապետները, ժամանակներու «յարափոփոխ» մտածողութիւններն ու աստուածաբանութիւնը կրցած է հոգեւոր տուեալներով եւ աւետարանական ճշգրտութեամբ, աղօթքի եւ պաշտամունքի անհրաժեշտ սահմաններուն մէջ «անփոփոխ» պահել, միշտ վաւերականն ու ճշգրիտը յայտնաբերելով։
Վանականութեան Հայաստան ներթափանցման այս նիւթը աւելի մասնայատուկ պատմական վկայութիւններ կը հայթայթէ, վկայակոչելով հին աղբիւրներու Ասորիքի ճամբով Հայաստան մուտք գործած առաքելական նախնագոյն շարժումը՝ հարաւէն, եւ, ինչպէս հեղինակը կը ճշդէ, «ո՛չ մէկ ազդեցութեամբ Արեմուտքէն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն առաջ, ուր Ասորիքի մէջ Ասորի քարոզիչներ մեծ գործունէութիւն ցոյց տուած են, ինչպէս՝ Յակոբ Մծբնացի եւ Դանիէլ Ասորի քարոզիչները» (էջ 55)։
Բնական կապ մը պիտի ըլլար անշուշտ Առաքեալներու առաջին քարոզութեանց եւ յետ-Լուսաւորչեան Հայաստանի աւելի կայուն քրիստոնէութեան միջեւ։ Այդ կապը Եդեսիան պիտի ըլլար, Ասորիքի մայրաքաղաքը, քան թէ Կապադովկեան Կեսարիան։ Այս կէտն է որ հեղինակը յաջողած է պարզաբանել աւանդութիւնն ու յետագայի պատմագրութիւնը իրարու համեմատելով։
Այս կէտին վրայ կարեւոր աղբիւր մը եւս նկատի ունենալու ենք, որ կը պակսի ներկայ հատորին մէջ, օտարազգի J.B. Segal-ի «Edessa The Blessed City», Oxford, 1970, անուն գիրքը, ուր համադրուած են ասորական եւ հայկական աւանդութիւնները, Եւսեբիոսի եւ Մովսէս Խորենացիի նախնագոյն տուեալներու համաձայն։ Հոս եւս կը ճշդուի Ասորիքի ճամբով Հայաստան ներթափանցած Առաքելական գործունէութիւնը՝ Քրիստոսի հաւատացեալ Աբգար Ուքամմա (Սեւ) թագաւորի թղթակցութեամբ ընդմէջ իր եւ Յիսուսի (էջ 63-64)։
Segal իր ծաւալուն այս հատորին մէջ Հայաստանի քրիստոնէութեան եւ վանականութեան հետ կապուած հարցեր կ՚արծարծէ, առիթով մըն ալ Եդեսիոյ հայ արքեպիսկոպոսը յիշելով, ուր կ՚ըսէ. «Եդեսիան հայ արքեպիսկոպոսի Աթոռն էր, եւ իր մայր եկեղեցին կը կոչուէր յանուն Ս. Եփրեմ Ասորիի (Դ. դար), ուր մինչեւ վերջերս հայ եկեղեցի մը կանգուն կը մնար Ս. Եփրեմի գերեզմանին կից՝ Ուրֆայի (Եդեսիա) պարիսպէն դուրս» (էջ 239)։
Ներկայ հատորիս պատմական ընթացքը կ՚ապացուցանէ ներքին կառոյց մը, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ վանական-ուսումնական կեանքը աստուածաբանական մտածողութեան եւ անոր յարակից գրականութեան համընթաց հոսք մը կը ցուցաբերէ՝ սկսեալ վանական նախկին եւ ապագայի վարդապետական զարգացումներով։ Հոն ճշդուած են նաեւ մերօրեայ «անտեսուած եւ մոռցուած» ներհայեաց եւ զուտ հոգեւոր փորձառութիւնը։ Երբ հոս աղօթքը կը պակսի, հոն աղօթքն էր ճշմարիտ ուղեցոյցը, երբ հոս առանձնութիւնը իր արժէքը կորսնցուցած է, հոն ընթերցումի եւ խոկումի հիմնական եւ անփոխարինելի փորձը խթան կը հանդիսանար Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ առողջ ընթացքին։
Տաճատ Ծ. Վարդապետ իր այս գիրքին մէջ յայտնի դարձուցած է երկուքին, խոկումին եւ աղօթքին, թէ՛ յարաբերութիւնը եւ թէ զիրար լրացնելու անհրաժեշտութիւնը, զոր Քրիստոսի Եկեղեցին ժառանգած է վանական կեանքէն։ Աղօթքը շատ աւելի բարձր աստիճանի, անձնական եւ ուղղակի յարաբերութիւն մը ըլլալով Աստուծոյ եւ հաւատացեալին միջեւ, մինչդեռ խոկումը միջոցը կազմելով իրաւ աղօթաւորին համար։ Հեղինակին խիտ եւ ուսանելի տողերէն կը յայտնուին երկուքին թէ՛ տարբերութիւնը եւ թէ յարակցութիւնը, առանց աղօթքն ու խոկումը զիրար փոխարինելու վտանգին, այսինքն խոկալը բաւական ըլլայ, առանց անպայման աղօթելու։
Այս պարագան մերօրեայ ազատ մտածողութեան մէջ կորսնցուցած է իր աստուածաբանական որակը, եւ խոկացողը ինքնին կը բաւականանայ հաղորդակցելու իր անձին հետ միայն, ինչ որ թերի է եւ քմածին։ Խոկումը անձին քննարկումն է, իսկ աղօթքը անձին դէպի Արարիչը դիմող պաղատանքն է։ Մինչ խոկումը կը դաստիարակէ, աղօթքը անպայման կ՚առաջնորդէ եւ Աստուծմէ պատասխան կ՚աղերսէ։
Այս բոլորը որպէս ծնունդ հին վանականութեան եւ յետագայի հայ վանքերու ուսումնական ուղիներուն, զարգացան մեր հին համալսարան-վանքերուն վաւեր-ժական ու պատմական գործընթացով՝ դարեր շարունակ։ Բացառիկ այս հրատարակութեամբ Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚օժտուի կարեւոր նեցուկով մը, որուն կռթնած հայ հոգեւոր կեդրոններն ու հոգեւորականները, որքան որ անոնք «այժմէականացած» եւ այլափոխուած ըլլան նոյնիսկ, պիտի վերյիշեն վերադառնալ հոգեւոր արմատներուն։ Գրելը մտքի եւ հոգիի ջերմ արգասիքն է, իսկ կարդալն ու սորվիլը՝ անոնց գիտական պտուղը։
Ջերմ շնորհաւորութիւններ Գիրքին եւ Հեղինակ՝ Տ. Տաճատ Ծ. Վարդապետ Եարտըմեանին եւ մեկենաս՝ Տիար Նազարէթ Գեւոնեանին։