ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ
Ինչպէս աւելի առաջ ըսինք, Մեծ պահքի կիրակիներու շարքին նման՝ յինանց շրջանին ալ կա՛յ կիրակիներու շարք մը՝ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին։ Այս շարքին չորրորդ Կիրակին կը կոչուի «Կարմիր Կիրակի»։
Այս չորրորդ Կիրակին «Կարմիր» կը կոչուի, քանի որ Եկեղեցին կ՚ոռոգուի, այսինքն կը սկսի հետզհետէ ջրարբի դառնալ, աճիլ եւ ծաղկիլ Քրիստոսի Արիւնով։
«Կարմիր»ը նաեւ մարտիրոսներու, վկաներու թափուած ու հոսած արիւնն է՝ որ կը խորհրդանշէ՛։
Ըստ յինանց կիրակիներու շարքին՝ երրորդ Կիրակի օրը աշակերտներու միջոցով, կը հաստատուի Քրիստոսի Եկեղեցին, եւ զղջացողներ կամ նորադարձներ կ՚ընդունուին Եկեղեցի՝ ի՛նչ որ խորհուրդով կը համապատասխանէ Մեծ պահքի «Անառակի Կիրակի»ին։
Ուստի յինանց չորրորդ Կիրակի օրը կ՚ընդունուին Եկեղեցիի կարգերը, որն ալ խորհուրդով կը համապատասխանէ Մեծ պահքի «Տնտեսի Կիրակի»ին։ Եւ այսօրուան ընթերցուածին մէջ Պետրոս՝ որպէս Եկեղեցիի «տնտես», Եկեղեցիին կը պատուիրէ, որ իւրաքանչիւրը ըստ իր շնորհներուն՝ բարութեամբ հովուէ եւ տնտեսէ իրեն վստահուած ու յանձնուած հօտը՝ որ է «հաւատացեալ եւ հաւատարիմ ժողովուրդ»ը։
Պօղոս Առաքեալ՝ ըստ արժանւոյն գնահատելով վարդապետներու եւ հոգեւոր հովիւներու անհրաժեշտութիւնը Եկեղեցիի կեանքին մէջ, անոնք իրեն «պատուակից» կ՚ընէ՝ ըսելով. «Այս մարմինին, այսինքն՝ Եկեղեցիին մէջ Աստուած բազմաթիւ անդամներ կարգեց՝ զանազան ծառայութիւններու համար, նախ՝ առաքեալները, երկրորդ՝ մարգարէները, երրորդ՝ ուսուցանողները, ապա հրաշագործ զօրութիւն ունեցողները, եւ դեռ՝ բժշկելու շնորհք ունեցողները, ուրիշներուն օգնելու ընդունակները, վարչական կարողութեամբ օժտուածները, յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսողները եւ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու (թարգմանելու) ատակ մարդիկը» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 28)։
Նաեւ կը պատճառաբանէ՝ ըսելով. «Աստուծոյ ժողովուրդը պատրաստելու եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ հաստատելու համար, որպէսզի Քրիստոսի Մարմինը՝ Եկեղեցին աճի ու զօրանայ» (ԵՓԵՍ. Դ 12)։
Քանի որ ինչպէս քարերու մէկ շարքով կարելի չ՚ըլլար տաճար կառուցանել, եւ նաեւ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար, այդպէս ալ խումբ մը հովիւներով Եկեղեցին անխախտ չի պահուիր։
Տիրոջ միայն մէկ երեւումը բաւարար չեղաւ՝ հաստատելու Անոր յարութիւնը, այդ իսկ պատճառով ալ մինչեւ «Համբարձում» յաճախակի կու գար աշակերտներուն մօտ, որպէսզի աստիճանաբար հաստատէ անոնց, քանի որ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան՝ Տիրոջ մարմնացման ամբողջ նպատակը կը կայանար Իր Եկեղեցին հաստատելու մէջ։ Այդ իսկ պատճառով Տէրը, Տիբերական ծովեզերքին Իր աշակերտներուն երեւելով, երեք անգամ ըսաւ Պետրոսին.
«Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (ՅՈՎՀ. ԻԱ 18)։
Եւ ինչպէս Նոր Կիրակի օրը Յիսուս Քրիստոս, ձեռնարկելով Եկեղեցիի հաստատումը՝ հաստատեց առաքեալները, նոյնպէս եւ այսօր հովիւները հաստատելով՝ Եկեղեցին հաստատուած, հիմնուած համարեց։
Աստուած Եկեղեցիի մէջ կարգեց նախ առաքեալները, ապա՝ մարգարէները, այնուհետեւ՝ վարդապետները (ուսուցիչները), յետոյ՝ հովիւները, զորս Պետրոս «երիցակիցներ» կը կոչէ։ Տէր Յիսուս Եկեղեցին հաստատուն պահելու համար անոր միշտ վարդապետներ ու հովիւներ կը կարգէ։ Եւ Պետրոս ալ իմանալով, որ «ճշմարիտ դաւանութեան վէմի վրայ» կը շինուի Եկեղեցին նախանձախնդրութեամբ վարուելով հօտի փրկութեան համար, այս Կիրակի օրը կ՚աղաչէ «բանական հովիւ»ներու հովիւներուն. «Երէցնե՜ր, որպէս երիցակից մը՝ որ ձեզի պէս վկայ եմ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ձեզի հետ ալ մասնակից պիտի ըլլամ գալիք փառքին, որ պիտի յայտնուի, ուրեմն՝ կ՚աղաչե՜մ, ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար, ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ» (Ա ՊԵՏՐ. Ե 1-2)։ Եւ կ՚աւելցնէ. «Ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, այլ՝ յօժարութեա՛մբ» (Ա ՊԵՏՐ. Ե 3)։ «Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին, որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք» (Ա ՊԵՏՐ. Ե 3-4)։
Եւ դիմելով Աստուծոյ կողմէ հօտի վրայ հաստատուած ու կարգուած եպիսկոպոսներուն՝ կ՚աւելցնէ.
«Զգո՜յշ եղէք ու հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին՝ որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին։ Հովուեցէ՛ք Տիրոջ Եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց» (ԳՈՐԾՔ. Ի 28)։
Պետրոս նոյնպէս հաւատարմութիւն կը պահանջէ նաեւ եպիսկոսպոսներէն՝ իբրեւ երիցակիցներէն եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն վկաներէն։ Քանի որ եպիսկոսպոսները հաղորդ են առաքեալներու աստիճանին ու փառքին, ուստի Եկեղեցիի հաստատութեան համար հարկաւոր են ինչպէս առաքեալներ, այնպէս ալ՝ եպիսկոպոսներ։ Այդ պատճառով իսկ Առաքեալը կը պատուիրէ Տիմոթէոսին, որպէսզի նաեւ «օրինակ» ըլլայ հաւատացեալներուն՝ ըսելով. «Եւ որպէսզի ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ՝ երիտասարդ ըլլալուդ համար, հաւատացեալներուդ օրինա՜կ եղիր՝ խօսքովդ, վարմունքովդ, սիրովդ, հաւատքովդ եւ մաքուր կենցաղովդ» (Ա ՏԻՄ. Դ 12)։
Քանի որ ինչպէս աղբիւրը պարտէզի համար է, եւ ամպը՝ անջրդի անդաստաններու, նո՛յնն է եւ առաջնորդը հօտին համար։ Աղբիւրի ու ամպի պակասութիւնը Աստուծոյ մեծ ցասումը ցոյց կու տայ, որուն համար Եսայի Մարգարէ կ՚ըսէ. «Խոպան պիտի թողում։ Անիկա պիտի չբուրէ եւ չբրուի, որպէսզի թուփ ու փուշ բուսցնէ։ Ամպերուն պիտի պատուիրեմ, որ անոր վրայ անձրեւ չտեղան» (ԵՍԱՅԻ Ե 6)։ Ասոր հակառակ՝ Աստուծոյ մեծ բարեհաճութեան նշան է աղբիւրներու առատութիւնը, իմաստուններու բազմութիւնը եւ հանճարեղ թագաւորները, առաջնորդները, քանի որ եպիսկոպոսները «հոգեւոր թագաւոր»ներ են։
Երբ ժողովուրդը հաճելի է Աստուծոյ՝ Աստուած անոնց մէջ բարի ու հանճարեղ մարդիկ կը կարգէ, այն՝ որուն արժանի են անոնք. իսկ երբ ո՛չ՝ իմաստունները կը վերցնէ ժողովուրդի մէջէն։
Երբ Մովսէս քիչ մը յապաղեցաւ՝ ուշացաւ, դանդաղեցաւ լերան վրայ, հրեաները մեծ մտահոգութեամբ ու աճապարելով ինկան կռապաշտութեան գիրկը. «Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին.- Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէսզի մեր առջեւէն երթան, քանի որ Մովսէսը մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ» (ԵԼՔ. ԼԲ 1)։ Այս պատճառով է որ Զաքարիա Մարգարէ կ՚ըսէ. «Արթնցի՛ր, ո՜վ սուր, իմ հովիւիս դէմ ու իմ ընկերս եղող մարդուն դէմ, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը։ Հովիւը զա՛րկ, որ ոչխարները ցրուին։ Իմ ձեռքս պզտիկներուն դէմ պիտի դարձնեմ, պիտի դնեմ իմ հովիւներուն վրայ» (ԶԱՔԱՐ. ԺԳ 7)։
Այս կը նշանակէ, թէ՝ հովիւը հարուածելով՝ հօտը կը ցրուի, ինչպէս եւ՝ երբ վերցուին առաջնորդները, ժողովուրդը իսկոյն կը ցրուի։ Այսպէս Յիսուսի եւ Եղիազար Քահանայի մահանալէն յետոյ ժողովուրդը ինկաւ կռապաշտութեան մէջ. (ՅԻՍՈՒ. ԻԴ 30-33), մինչեւ Սամուէլ Մարգարէի գալուստը՝ որ անոնք դարձի բերաւ. (Ա ԹԱԳ. Է 3)։ Ուստի ինչպէս երբ գծաքաշը՝ քանակը ծռի, գիծը կը ծռի, այնպէս ալ քահանայապետներու եւ առաջնորդներու վարքի կամ դաւանութեան շեղումով՝ կը շեղի եւ կը ծռի ժողովուրդը։
Այսպէս՝ Ահարոնի ծռելով ժողովուրդին մեծ մասը կռապաշտութեան տրուեցաւ, եւ եթէ Մովսէս քիչ մըն ալ ուշանար, ապա ամբողջ Եկեղեցին «կը ծռէր»։
Ահաւասիկ այս պատճառով է որ Պետրոս կ՚ըսէ, իր խօսքը ուղղելով երէցներուն.
«Ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէ՛ք վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար, ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ։ Ո՛չ ոք դրամի սիրոյն, այլ՝ յօժարութեամբ կատարէ իր պաշտօնը։ Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին՝ որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք» (Ա ՊԵՏՐ. Ե 2-4)։
Եւ ինչպէս մեծ է Քահանայապետը եւ Իր պատիւը, նոյնպէս եւ մե՛ծ է գործած մեղքը եւ հաւասար՝ ողջ ժողովուրդի գործած մեղքին։ Քանի որ Աստուած պատուիրեց քահանայի գործած մեղքերու համար մատուցանել նո՛յն պատարագը, ինչ որ ամբողջ ժողովուրդի գործած մեղքերու համար կը մատուցուի. (ՂԵՒ. Դ 4, 13)։
Մեծ ու ծա՛նր է քահանայի պատասխանատուութիւնը…։
- Օգտուեցանք՝ Արամ Դիլանեանի աշխատասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 12, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024