ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՈՒԽՏԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՆ ՈՒ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելենական ներկայ հանգրուանին շրջագծով շաբաթավերջին տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Համանուն ուխտի հիմնադիրներն ու սպասաւորները վերյիուեցան բիւր յարգանքով։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Գալֆաեան ուխտի միաբաններուն համար։
Յետմիջօրէին Շիշլիի գերեզմանատան մէջ միաբանութեան անդամուհիներուն շիրմին վրայ ալ մասնաւոր հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշանի, որու կողքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան, բազմաթիւ վեղարաւորներ եւ քահանայից դասէն անդամներ։
Ներկայ էին նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները, տնօրէնուհի Այտա Գայաէր, դպրոցի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներ եւ հաստատութեան երախտագէտ սաներ։
Բոլոր ներկաները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ որպէսզի Գալֆաեան ուխտի հիմնադիրներն ու սպասաւորները ննջեն խաղաղ։ Նոյն առթիւ բիւր երախտիքով վերյիշուեցաւ անոնց կողմէ բերուած նպաստը մեր կրթական կեանքին, առաքե-լութեան բարձր գնահատումով։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024