1 + 1 = 2 ՀԱՏ 1

«Մար­դը մար­դով կ­­՚ու­րա­խա­նայ» կ­­՚ը­սեն: «Եր­կին­քը ա­ռանց մար­դու ոտք չի կո­խուիր», կ­­՚ը­սէ ա­րա­բա­կան ա­րա­ծը: «Աս­տուած տես­նե­լով, որ «մար­դը» մի­նակ է, ի­րեն ըն­կե­րա­կից ղրկեց», կ՚ը­սէ Ս. Գիր­քը: Մար­դու ա­մե­նա­մեծ ու­րա­խու­թիւ­նը իր նմա­նին հետ ըլ­լալ եւ ա­նոր հետ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն մշա­կելն է: Սա­կայն ին­չո՞ւ չեմ գի­տեր, ան՝ մար­դը միշտ ալ պատ­րուակ մը ու­նի իր նմա­նին հետ գժուե­լու: Յոյն Ուղ­ղա­փառ հան­րա­ծա­նօթ ե­պիս­կո­պոս Ժորժ Խը­տը­րի կը հարց­նեն՝ «Սրբա­զան Հայր, պէտք չէ՞ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը միա­նան»: «Ան­շուշտ», կը պա­տաս­խա­նէ ան, «բայց գի­տէ՞ք ինչ՝ ե­կե­ղե­ցին իր մարդ­կա­յին ե­րե­սը ու­նի եւ որ­պէս այդ, ան շու­տով այլ պատ­րուակ մը պի­տի գտնէ ու դար­ձեալ բաժ­նուի: Այս մարդ­կա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն է»: Սխալ չհասկ­ցուե­լու հա­մար ը­սեմ, որ սրբա­զա­նին խօս­քին մէջ­բե­րումս ո­րե­ւէ կողմ մը քննա­դա­տե­լու հա­մար չէ, այլ պար­զա­պէս գա­ղա­փարս շեշ­տե­լու հա­մար է:

Կրօ­նա­կան թէ աշ­խար­հիկ բո­լոր օ­րէնք­նե­րը կան, որ­պէս­զի օգ­նեն մար­դը իր նմա­նին հետ խա­ղաղ ապ­րե­լու: Ճիշդ այս կէ­տին մէջ է, որ եր­ջան­կու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ՝ ի­րարու հետ խա­ղաղ ապ­րիլ. այն եր­ջան­կու­թիւ­նը, զոր ներ­կայ մարդ­կու­թիւ­նը սխալ վայ­րե­րու եւ մի­ջոց­նե­րու մէջ կը փնտռէ: Ներ­կայ մար­դուն միտ­քը կազ­մող թիւ մէկ ազ­դա­կը լրա­տուու­թիւնն է՝ մե­տիան (Media): Հոն­կէ ե­կող «տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը» մարդ­կու­թեան կը ներ­կա­յաց­նեն «մի­նակ» ապ­րող հե­րոս­ներ, ո­րոնք յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կ՚ար­ձանգ­րեն, մար­դիկ կը փրկեն եւ «մի­նակ»ու­թեան հետ հարց չու­նին ու ոչ ալ այդ մէ­կը հարց կը ստեղ­ծէ ի­րենց: Սա­կայն մարդ­կու­թեան ա­մե­նա­մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն ու թշուա­ռու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռը «մի­նա­կու­թիւն»ն է: Երբ մարդ ինք­զինք ան­ջա­տէ իր շրջա­նա­կէն՝ կար­ծե­լով, որ մի­նակ կ՚ապ­րի, եր­կու հո­գե­բա­նա­կան ապ­րում­ներ կ՚ու­նե­նայ. ա) Ինք­զինք աշ­խար­հի մե­նիշ­խան տէ­րը կը կար­ծէ՝ ինք ա­րեւն է եւ ա­մէն ինչ իր եւ իր շա­հե­րուն շուրջ կը դառ­նայ: բ) Ինք ա­մե­նադժ­բախտ եւ ա­մե­նաթ­շուառ մարդն է աշ­խար­հի: Տա­կա­ւին մի­նակ ըլ­լա­լով եւ կամ «մե­նա­կաց­նե­լով» ինք­զին­քը, մար­դը տե­սակ տե­սակ հո­գե­բա­նա­կան հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու մէջ կ՚իյ­նայ, որ­մէ ձեր­բա­զա­տուե­լու հա­մար ան պէտք ու­նի բժշկա­կան օգ­նու­թեան (ե­թէ ի­մաս­տուն է): Ար­տօ­նե­ցէք հոս փա­կա­գիծ մը բա­նամ՝ ը­սե­լու հա­մար, որ հո­գե­բան եւ հե­ղի­նակ Ս­­քոթ Փէք (Scott Peck) ը­սած է՝ «ա­մէն մարդ հո­գե­բոյ­ժի կա­րի­քը ու­նի. ի­մաս­տու­նը այն է, որ կ՚ըն­դու­նի այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը»:

Գա­լով լի­բա­նան­ցի­նե­րուս, մենք մի­նա­կու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տող յա­տուկ (եւ կա­րե­լի է ա­ւելց­նել մարդ­կու­թեան ա­մե­նա­վատ) ախ­տան­շան­նե­րը ու­նինք: Նշեմ, որ վե­րո­յի­շեալ եր­կու ախ­տան­շան­նե­րէն ա­ռա­ջի­նէն կը տա­ռա­պինք. «Ես աշ­խար­հի մե­նիշ­խան տէրն եմ»: Սկսինք ինք­նա­շարժ վա­րե­լու օ­րի­նա­կով, որ քա­ղա­քին ապ­րած ճամ­բա­նե­րու խճո­ղու­մին կա­րե­ւոր մէկ պատ­ճառն է՝ «ես ճամ­բուն տէրն եմ» մտայ­նու­թեամբ: Իւ­րա­քան­չիւ­րը իր փա­փա­քած ձե­ւով պի­տի վա­րէ ինք­նա­շար­ժը, ու­զած տե­ղը պի­տի կեց­նէ զայն՝ ա­նար­գե­լով եր­թե­ւե­կու­թեան բո­լոր նշան­նե­րը: Նման ախ­տանշ­ման ապ­րո­ղի մտայ­նու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է՝ «ես մի­նակ կ՚ապ­րիմ, պէտք չու­նիմ ու­րի­շը նկա­տի առ­նե­լու»: Բնա­կա­նա­բար լ­­ի­բա­նան­ցին այս մտայ­նու­թեամբ կը շար­ու­նա­կէ, մինչեւ որ օր մը իր բա­րե­կամ­ներ­ը իր նկա­րին վրայ «մենք քեզ­ի եր­բեք պիտ­ի չմոռ­նանք» գրեն... իր թաղ­ման ժա­մա­նակ, երբ մա­հա­ցած կ՚ըլ­լայ ինք­նա­շարժ­ի կամ մո­թորս­իքլ­էթ­ի ար­կած­է: Եւ կամ իր պատ­ճա­ռով... ուր­իշ­ի մը նկար­ին վրայ նոյն նա­խա­դա­սութիւն­ը գրեն: Այլ օր­ի­նակ մ­­ը՝ վա­ճա­ռա­տան մ­­ը մէջ շարք­ի կե­ցած ես եւ կը սպաս­ես, որ վճար­ել­ու կարգդ հասն­ի: Չես գիտ­եր ուրկ­է մէկ­ը կը բուսն­ի առ­ջեւդ եւ ան­տես­ել­ով կարգդ կը վճար­է ու կ՚եր­թայ: Ուր­իշ օր­ի­նակ մ­­ը եւս՝ իր­իկ­ուն­ը կ՚արթն­նաս եւ զա­ւակդ 40 աս­տի­ճան տա­քութ­եան մ­­էջ կը տա­ռա­պի: Ան­մի­ջա­պէս զ­­ինք հի­ւան­դա­նոց հասցն­ել­ու նպա­տա­կաւ դէպ­ի ինք­նա­շարժ կը շտապ­ես՝ տեսն­ել­ու հա­մար, որ ուր­իշ ինք­նա­շարժ մը քուկ­ին­իդ ճամ­բան գոց­եր է: Ինք­նա­շարժ­իդ փող­ը կը հնչես, աջ-ձախ կ­­ը հարցն­ես եւ մէկ ժամ ետք կէս գին­ով մը կը ներ­կա­յա­նայ ու «ի՞նչ կայ աշ­խարհ­ը ի­րար ան­ցուց­իր», կ՚ըս­է կզա­կը օր­օր­ու­ել­ով: Ի՞նչ պիտ­ի պա­տաս­խան­ես, կամ կեան­քի պատմ­ութ­իւնդ պիտ­ի պատմ­ես, թէ զա­ւակդ հի­ւանդ է եւ կամ իր ը­րած սխա­լին հա­մար դուն ներ­ող­ութ­իւն պիտ­ի ըս­ես, որպ­էսզ­ի զա­ւակդ շուտ­ով հի­ւան­դա­նոց հասցն­ես:

Իսկ եթ­է քա­ղա­քա­կա­նութ­եան ու ա­նոր սպա­սար­կողն­եր­ուն վի­ճա­կը յիշ­ել­ու ըլ­լամ, կա­ցու­թիւն­ը շատ ա­ւել­ի վատ է, քան ժո­ղով­ուր­դին­ը: Որ­ովհ­ետ­եւ իւ­րա­քանչ­իւր քա­ղա­քա­կան կողմ ինքզ­ինք ի­րա­ւունք­ի մէջ կը նկատ­է՝ բայց «ա­ռանձ­նա­բար»: Եր­կիր­ը ան­դա­մալ­ուծ­ուած է եւ իր բժշկութ­եան կա­րող­ութ­իւն­ը կորսնց­ու­ցած:

Կար­ել­ի՞ է արդ­եօք ախ­տա­ճա­նաչ­ում կա­տա­րել գիտ­նա­լու հա­մար, թէ ու՞ր է սխալ­ը: Խո­նար­հա­բար պարզ պա­տաս­խան մը ուն­իմ ՝ ՄԱՐ­ԴԸ ՍՏԵՂ­ԾՈ­ՒԱԾ Է ԻՐ ՆՄԱ­ՆԻ­Ն ՀԵՏ ԽԱ­ՂԱՂ Ա­ՊԵ­ԼՈ­Ւ: Ա­յո, այս­քան պարզ: Մար­դը կո­չուած է որ­պէ­ս հա­ւա­քա­կա­նու­թի­ւն՝ մէկ մար­մի­ն ապ­րե­լու, նման իր Աս­տու­ծո­յն Եր­րոր­դու­թեան պատ­կե­րի­ն, ո­րո­վ ս­տեղ­ծուած է­: Սա­կայն ի­՞նչ ը­նե­նք, ե­թէ ան չ՚ու­զե­ր սոր­վի­լ:

Զի­ատ Ռահ­պա­նի իր «Ա­մե­րի­կե­ան եր­կար ֆիլմ» թա­տե­րգու­թե­ան մէ­ջ, այս ի­րա­կա­նու­թի­ւնը հե­տե­ւե­ալ պատ­կե­րո­վ ներ­կա­յա­ցու­ցած է­: Անձ մը իր ըն­կե­րո­ջ կը հարց­նէ­՝ 1+1 քա­նի­՞ կ­՚ը­նէ­: «2» կը պա­տաս­խա­նէ միւ­սը­: «Ոչ» կ՚ը­սէ հարց­նո­ղը՝ «2 հատ 1 կ՚ը­նէ­», ո­րով­հե­տե­ւ Լի­բա­նա­նի մէջ մենք մէկ ըլ­լա­լու գա­ղափա­րի­ն տա­կա­ւին չենք հա­սած...:

Ա­ԼԵՔՍ ԱՇ­ՃԵԱՆ

«Զարթօնք»

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2016