ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Թ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ (1715-1741)
9 Սեպտեմբեր 1715 թուականին, 37 տարեկան Յովհաննէս Կոլոտ (Բաղիշեցի) վարդապետը Պատրիարք դարձաւ, եւ այս իշխանութիւնը վարեց քառորդ դարէն աւելի՝ մինչեւ 13 Փետրուար 1741 թուականը։ Պատրիարքութեան անմիջապէս յաջորդ օրը, ան Երուսաղէմի Պատրիարք հռչակեց իր դասակից Գրիգոր Վարդապետը՝ որով այս երկու աթոռները բաժանուեցան եւ այնուհետեւ այլեւս չմիացան մէկ անձի մէջ։
Գրիգոր Վարդապետ, որ Սուրբ Կարապետի վանքին մէջ էր, չէր գիտեր, որ Երուսաղէմի Պատրիարք ընտրուած է՝ ուստի երբ իմացաւ. հրաժարեցա՛ւ։ Բայց տեսնելով ամէնքի քաջալերութիւնն ու յորդորը, եւ Աստուածատուր Կաթողիկոսի (Աստուածատուր Ա Համադանցի. 1715-1725) նամակը եւս ստանալով, որուն այդ մասին արդէն Կոլոտը գրած էր 1716 թուականին Պոլիսի մեծ ժողովէն յետոյ, ընդունեց այդ ծանր ու պատասխանատու պաշտօնը եւ Օգոստոս 1717 թուականին Պոլիս եկաւ։ Անոր առաջին հոգածութեան առարկան դարձեալ Երուսաղէմի պարտքն էր. եւ նորընտիր Գրիգոր Պատրիարք՝ վիզը երկաթեայ շղթայ ձգած, որուն համար եւ «Շղթայակիր» կոչուեցաւ, նուէրներ հաւաքեց Սուրբ Յակոբի վանքին համար ինչպէս եւ Պոլիսէն, նոյնպէս նաեւ Նոր Ջուղայէն եւ կարճ ժամանակի մէջ 32 հազար ռուբլի ժողվեց եւ բոլոր պարտքերը վճարեց։
Անշուշտ մտածելով Երուսաղէմի մասին՝ Յովհաննէս Թ Կոլոտ Բաղիշեցին հոգ տարաւ նաեւ Պոլիսի պատրիարքութեան մասին։ Արդարեւ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ինչպէս երկպառակութիւն ու խռովութիւն ինկած էր մէջ կաթոլիկութեան եւ «ֆռէնկութեան» պատճառով։ Յովհաննէս Կոլոտը՝ որ ընդհանրապէս համբերող էր եւ հանդուրժող դէպի այլ դաւանութիւններ, ի սկզբան աշխատեցաւ հայ ժողովուրդի կրօնական երկպառակութիւնը վերցնել։ Ան յորդորեց հայ կաթոլիկներուն լատիններու եկեղեցիները չյաճախել, կերպապէս չբաժնուիլ իրենց արենակից եղբայրներէն։
Բայց Կոլոտի խաղաղասիրական յորդորները ապարդիւն մնացին, այս իսկ պատճառով հայ մեծամեծները եւ հոգեւորականները անդադար կը դրդէին անոր՝ խիստ միջոցներու դիմել՝ կաթոլիկութեան առաջքը առնելու համար։
Այս պայմաններէն ու հանգամանքներէն բռնադատուած՝ Կոլոտ եւս 1720 թուականին «հալածման հրովարտակ» հանեց Բարձր Դռնէն։ Հալածանքը տեւեց մինչեւ 1723 թուականը՝ թէ՛ Պոլիսի մէջ եւ թէ՛ գաւառներու մէջ։ Բայց նախընթացներու նման շատ ծանր հետեւանքներ չունեցաւ։ Ուստի գիտակցելով «հալածանք»ի ապարդիւնութիւնը՝ Կոլոտ աշխատեցաւ իր ժամանակակիցներուն միտքը լուսաւորել բազմաթիւ թարգմանական գործերով, որոնց համար բնաւ «արծաթ» չխնայեց։ Իր ժամանակին հայացան ստուարահատոր կրօնական-բարոյական գործեր, որոնք եթէ այսօրուան հայեցակէտով «անարժէք» են, նոյն ժամանակին Արեւմուտքի կրօնական գիտութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէին, զոր օրինակ՝ «Սկոթի Աստուածաբանութիւն»ը։
Կոլոտ աշխատեցաւ նաեւ «ազգային գիտակցութիւն» արթնցնել հայ ժողովուրդին մէջ՝ հայ պատմագիրները տպագրութեամբ ընդհանրացնելով։
Այս ուղղութեամբ, ան Սկիւտարի մէջ դպրոց մը եւս հիմնեց եւ իր հոգւով ու ուղղութեամբ բազմաթիւ աշակերտներ կրթեց եւ հասցուց, որ յետոյ հայ գործիչներ դարձան, մարդկութեան օգտակար տարրեր։
Հայ հոգեւոր երեք իշխանական աթոռներու մէջ համերաշխութիւն եւ ներդաշնակութիւն ապահովելու ե՛ւ պահպանելու կանխահոգութեամբ Կոլոտ Պատրիարք, նախ Զէյթունցի Կարապետ Եպիսկոպոսը Կաթողիկոս ընտրել տուաւ (Կարապետ Բ Ուլնեցի. 1726-1729) եւ ապա «Շղթայակիր»ի ազգական Աբրահամ Կրետացին՝ որ յայտնի էր իբրեւ ընտիր եւ հմուտ կրօնաւոր ու մանաւանդ խաղաղասէր անձնաւորութիւն. (Աբրահամ Գ Կրետացի. 1734-1737)։
Կոլոտ Պատրիարք, 1726-1733 տարիներուն շինեց ու նոորոգեց բազմաթիւ եկեղեցիներ, որ ժամանակի պայմաններուն նայելով շատ ծանր գործ էր. պէտք էր թէ՛ նիւթական միջոցներ գտնել եւ թէ՛ Պետութեան թոյլտուութիւնը ստանալ։
Իսկ հրդեհներ Պոլսոյ մէջ այդ ժամանակներուն անպակաս էին՝ որոնք ամէն աշխատանք կ՚ոչնչացնէին։
Այս գործերէն զատ՝ Կոլոտ կրկին զբաղուեցաւ «Շղթայակիր»ի հետ Երուսաղէմի հայ սեպհականութիւններու խնդրով։ Այս սեպհականութիւնները յոյներու ոտնձգութիւններէն ազատելու եւ անոնց կալուածագրերը Սուլթանին հաստատել տալու համար՝ «Շղթայակիր»ը Յուլիս 1736 թուականին Պոլիս եկաւ եւ մեծ ընդունելութիւն գտաւ։ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք այս խնդրին մէջ եւս աշխատեցաւ իր ընկերոջը աջակցիլ, բայց խնդիրը շուտով չիրականացաւ։
Հայոց Սուրբ Յակոբի վանքի խնդիրը անոր միջնորդութեամբ լուծուեցաւ եւ 23 Դեկտեմբեր 1739 թուականին Սուլթանի ձեռքով հաստատուեցաւ հայոց իրաւունքը Սուրբ Յակոբի եւ այլ վանքերու կալուածներու վրայ։
Այս թուականէն յետոյ Կոլոտ կիսով չափ հրաժարեցաւ պատրիարքութենէ՝ յանձնելով նոյնը իր կարող աշակերտ Յակոբ Նալեան Վարդապետին. (Յակոբ Բ Զիմառացի Նալեան. 1741-1749 եւ 1752-1764)։
Կոլոտ վախճանեցաւ 13 Փետրուար 1741-ին եւ թաղուեցաւ իր նորոգած Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 13, 2016, Իսթանպուլ