ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆՈՒՆԷՆ
22 Ապրիլէն մինչեւ 24 Ապրիլը համաշխարհային մարդասիրական ասպարէզի կարգ մը բացառիկ գործիչներ Երեւան պիտի ժամանեն՝ մասնակցելու համար մարդասիրական ամենահրատապ ճգնաժամերու շուրջ կազմակերպուած քննարկումներուն։ Միջոցառումները կ՚ամփոփուեն «Աուրորա» անդրանիկ մրցանակի շնորհումով։
Тhe Aurora Prize for Awakening Humanity (Աուրորա» մրցանակը կը շնորհուի հայ ժողովուրդի անունէն՝ ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք մեկնեցին հայ ժողովուրդին: Դափնեկիրը կը ստանայ 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն՝ 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհի ներկայացնելով զինք ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն։
«Աուրորա» մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան Հայաստանի մէջ մեծարանքի պիտի արժանան այն բացառիկ ջանքերը, զորս ներդրած են մրցանակի չորս յաւակնորդներն ու անոնց առաջադրած կազմակերպութիւնները:
Որպէս «Աուրորա» մրցանակի յաւակնորդ՝ Հայր Պեռնար Կինվի 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհի համար առաջադրած է Քամիլլիաններու միաբանութիւն (L՚Ordre des Serviteurs des Malades, Ordre des Camilliens) կազմակերպութիւնը, որպէս զինք ոգեշնչող կազմակերպութիւն: Տոքոյացի երիտասարդ հոգեւորական Պեռնար Կինվի կը ծառայէ Կեդրոնական Ափրիկէի Պոսսեմտելէ քաղաքին մէջ եւ կը ղեկավարէ տեղւոյն կաթողիկէ դպրոցն ու կաթողիկէ առաքելութեան հիւանդանոցը։ Հայր Կինվիի ղեկավարած հիւանդանոցը միակն է 150 քիլօմեթր շառաւիղով տարածքին մէջ, իսկ հիւանդանոցէն ներս կը բուժեն բոլոր հիւանդները՝ անկախ կրօնական պատկանելիութենէ: Իր հոգեւոր ծառայութեան ամենէն սկիզբէն Հայր Կինվի տեսած է կրօնական հիմքով բռնութիւններու բոլոր սարսափները։ Խիզախ ու բարեպաշտ այս մարդը հարիւրաւոր մահմետականներ փրկած է Anti-Balaka (հակաաւտոմատաւորներու) քրիստոնէական աշխարհազօրի հետապնդումներէ։ Արիութեան եւ հերոսութեան համար Հայր Կինվի արժանացած է Human Rights Watch կազմակերպութեան մրցանակին, իսկ այժմ առաջադրուած է «Աուրորա»ի:
Հոգեւորական Հայր Պեռնար Կինվի կը պատկանի Քամիլիաններու վանական միաբանութեան, որ հիմնադրուած է 16-րդ դարուն՝ Սուրբ Քամիլլուս տէ Լելլիսի կողմէ։ Ողջախոհութեան, աղքատութեան եւ հնազանդութեան երեք աւանդական երդումներէն զատ Քամիլեան վանականները նաեւ ուխտ կ՚ընեն ծառայել հիւանդներուն՝ նոյնիսկ մահացու համաճարակներու ժամանակ եւ սեփական կեանքին սպառնացող վտանգներու պարագային: Հայր Կինվին տակաւին նոր ընդունած էր իր ուխտը, երբ սկիզբ կ՚առնէ պատերազմը, որ իսկական քննութիւն դարձաւ երիտասարդ հոգեւորականի հաւատքի համար։ Այսօր իր հիւանդանոցին մէջ կը բուժեն մալարիա, ժանտատենդ եւ մահացու նկատուող բոլոր հիւանդութիւնները:
Պոսսեմտելէ քաղաքին մէջ, ուր ան տեղափոխուած է վեց տարի առաջ, չկայ ելեկտրականութիւն, ճանապարհները անբարեկարգ են, եւ այդ պայմաններու մէջ Հայր Կինվին կը ղեկավարէ հիւանդանոցն ու դպրոցը: Ան լիովին ընդունուած է տեղւոյն բնակիչներուն կողմէ, իւրացուցած է տեղական սանկօ բարբառը, եւ կը կատարէ իր հոգեւոր ու մարդասիրական ծառայութիւնը: Երբ զինք կը փնտռեն մահմետականներուն օգնելու դրդապատճառներու մասին, Հայր Կինվին կը պատասխանէ.
«Մարդու կեանքը սրբութիւն է ինծի համար։ Իմ գործն է՝ ընդունիլ իւրաքանչիւրը, որ կը դիմէ օգնութեան։ Ինծի համար միեւնոյնն է՝ այդ անձը ո՞վ է, ո՞ր կրօնքին կը պատկանի, ապստա՞մբ է, թէ՝ ոչ։ Ան Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած մարդ էակ մըն է, իբր այդ ալ կ՚օգնեմ: Մենք խտրականութիւն չենք դներ»։
Բազմաթիւ սպառնալիքներ եւ սարսափներ անցուցած Հայր Պեռնար Կինվի ըսած է նաեւ «Եթէ աշխարհի մէջ պակաս անարդարութիւն ըլլար, եթէ հարստութիւնն ալ աւելի արդար բաշխուած ըլլար, բոլոր մարդիկ ունենային աշխատանք եւ բոյժ-օգնութենէ օգտուելու հնարաւորութիւն, մենք գուցէ խուսափէինք այս բոլոր մահերէն»:
Փաքիստանցի Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիման «Աուրորա» մրցանակի չորս յաւակնորդներէն մէկն է: Սայիտա տակաւին դեռահաս էր, երբ տեսաւ այն, ինչ որ սարսափ կը պատճառէ որեւէ երախայի՝ ստրկութիւն։ Պզտիկ աղջնակը կ՚ապրէր վայրի մը մէջ, ուր մարդիկ կը տառապէին ստրկութեան ճիրաններու մէջ: Այդ մարդոց արժանապատուութիւնը գողցած էին Փաքիստանի աղիւսի թրծավառարաններու մէջ, ուր անոնց կը ստիպէին ամբողջ օրը անդադար աշխատիլ զէնքի ուժով: Դեռահաս երախաներն ու աւելի մեծերը՝ տղամարդիկ, կիներ, բոլորը խոշտանգուած էին հարուստ գործատէրերու կողմէ, որոնք կը բռնաբարէին զանոնք, կը ճնշէին եւ կը ձգէին տառապանքի ու աղքատութեան մէջ՝ առանց գումարի, սնունդի եւ հագուստի։
Այդ տեսարանները Սայիտային ուղեկցած են մշտապէս, եւ ան այդպէսով գտած է իր կոչումը՝ երդուելով հոգ տանիլ անոնց մասին եւ պայքարիլ ստրկութեան ենթարկուած մարդոց ազատագրութեան համար: Սայիտան երազանք մը ունէր, որպէսզի ստրուկներու յաջորդ սերունդները ազատագրուած ըլլան ստրկութենէ:
Հերոս այդ կնոջ վրայ բազմիցս յարձակումներ եղած են, ան մշտապէս վտանգի մէջ է, անոր ընտանիքը սարսափի եւ մտահոգութեան ներքոյ կ՚ապրի, բայց Սայիտան կը շարունակէ մարդոց ծառայելու իր առաքելութիւնը: Այս կնոջ վրայ կրակած են, նոյնիսկ ելեկտրահարած են զինք, սակայն երբեք չեն կոտրած մարդիկ փրկելու անոր ջանքերը: Սայիտան վերջին քառասուն տարին անցուցած է յոյս ստեղծելով՝ իր կողմէ ղեկավար-ւող «Կախեալ շահագործուողներու ազատագրութեան ճակատ» շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան միջոցով, որ կը ձգտի արմատախիլ ընել հարկադիր աշխատանքը, անարդարութիւնը, անտառաճանաչութիւնը, անհաւասարութիւնը եւ որպէս ատոր հետեւանք՝ աղքատութիւնը Հարաւային Ասիոյ տարածքին։ Այսօր շուրջ 80 հազար հոգի երախտապարտ է Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմային՝ ստրկութենէ ազատուելու համար։
Ամերիկացի է Սուտանի Նուպա լեռներու մէջ բժշկութեամբ զբաղող Տքթ. Թոմ Քաթինան: Անոր գործունէութիւնը լուսաբանուած է բազմիցս, TIME պարբերականը Տքթ. Թոմ Քաթինան ճանչցած է 2015 թուականի Տարուայ ամենէն ազդեցիկ անհատներէն մին:
Նուպայի լեռներու միակ հիւանդանոցի միակ բժիշկը կ՚աշխատի սարսափելի պայմաններու տակ՝ մշտական վտանգի մէջ: Ան կը սրտապնդէ բոլոր այն ընտանիքները, զորս կը բուժէ գիշեր ու ցերեկ՝ 2011 թուականին թէժացած քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուող խարխուլ, աղքատ սարքաւորումներով հիւանդանոցէն ներս: Հիւանդանոցը, ուր ան նաեւ կը բնակի միաժամանակ, բազմիցս գնդակոծուած է Սուտանի կառավարութեան կողմէ, սակայն Տքթ. Թոմ չէ յուսահատած: Ջուրի, ելեկտրականութեան, սնունդի, դեղօրայքի եւ բազմաթիւ այլ անհրաժեշտութիւններու բացակայութեան պայմաններու ներքոյ Թոմ Քաթինա կը բուժէ մարմնական անասելի այրուածքներ ստացած մարդիկը, ոտքերէ եւ ձեռքերէ զրկուած երախաներ ու դեռահասներ, թերի սնանումէ եւ բորոտութենէ տառապող հազարաւոր բնակիչներ, եւ բոլորին նախեւառաջ յոյս եւ խիզախութիւն կը ներարկէ այդ զարմանալի բժիշկը, որ ըսած է, թէ ինք յոյսն ու խիզախութիւնը սորված է Սուտանի տառապեալ ժողովուրդէն:
Բառերով անպատմելի է այն ողջ տառապանքն ու դաժանութիւնը, որուն ականատես եղած է Մարգարիտ Փարանկիցէ: Ան տեսած է ոստիկանութեան կողմէ ծեծի եւ ջարդի ենթարկուած երիտասարդներ, մարդու հատուած գլուխ, սպանութիւններ, ներառեալ՝ իր եօթ երախաներու մահը: Այսքանէն ետք մարդիկ ապշած են, թէ ինչպէս կ՚ապրի այս կինը՝ ապրեցնելով նաեւ դիմացինները: Հակառակ այս ամէն ինչին, Մարգարիտ Փարանկիցէ կը հաւատայ, որ անսահման սէրը կը վերացնէ բոլոր արգելքները: Կորսնցնելով իր ընտանիքը՝ ան կը խնամէ հազարաւոր երախաներ, որոնց կեանքերը ինք փրկած է՝ յոյս ու ժպիտ պարգեւելով անոնց: Մարգարիտ Փարանկիցէ ըսած է, որ ինք ծնած է սիրելու համար մարդիկը, անկախ անոնց սեռէն, տարիքէն, պատկանելիութենէն եւ գոյնէն:
Ափրիկեան Պուրունտի պետութեան մէջ ան հիմնած է «Խաղաղութեան տուն» (Maison Sha-lom) կոչուող կազմակերպութիւնը՝ Պուրունտիի բոլոր ազգութեան երախաներու համար։
Իր առաքելութեան սկսելու պահէն, ան օգնած է աւելի քան 20 հազար որբ եւ կարիքաւոր երախաներու, օգնած է վերամիաւորուելու իրենց ընտանիքներէն պատերազմի կամ բանտարկութեան հետեւանքով բաժանուած երախաները, եւ նոր տուն ստեղծած է որբ երախաներու համար՝ համալրուած գրադարանով, լողաւազանով, շարժապատկերի սրահով (միակը՝ երկրին մէջ) եւ նոյնիսկ կառքերու համար նախատեսուած տնակով, ուր նախկին զինուորական երախաները կրնան սորվիլ վերանորոգել իրենց փոխադրամիջոցները։
Այս կնոջ աշխատանքը տակաւին կը շարունակուի։ Հիմա ալ ան կը փորձէ ազատել Պուրունտիի մէջ բանտարկուած երախաները եւ օգնել ապաստանել Պուրունտիի փախստականները՝ Ռուանտայի մէջ։ Խօսքը, սակայն, աշխարհի միայն իր անկիւնի մասին չէ։ «Ես աշխարհի քաղաքացի եմ, ես մեծ ընտանիքի՝ ամբողջ մարդկութեան մասն եմ», ըսած է Փարանկիցէ:
Անոր կարծիքով՝ բարութիւնը կրնայ երջանկացնել բոլորը։ «Սէրը վեր է բոլոր արգելքներէ։ Նոյնիսկ եթէ մենք ոչինչ ունինք, մենք կրնանք պարգեւել խինդ ու քնքշանք», ըսած է ան։ Մարգարիտ Փարանկիցէ իր օրինակով ապացուցած է այս բառերու ճշմարտացիութիւնը:
Բացառիկ ուժի, կամքի եւ նուիրումի տէր այս չորս մարդիկը «Աուրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնախումբը ընտրած է՝ կարեւորելով անոնց արարքներու բացառիկ ազդեցութիւնն ու նշանակութիւնը: Այս մարդիկը, վտանգելով իրենց կեանքերը, փրկած են ուրիշներ՝ տալով անոնց գոյատեւելու եւ բարօրութեան հասնելու հնարաւորութիւն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ