ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յոբելենական յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ նշուեցաւ թեմի նուիրեալ հոգեւոր սպասաւորներէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման, հովուական ծառայութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Տէր Հօր ծառայած Վեննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ յոբելենական արարողութիւնները։
Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանը Լոս Անճելըսի հայութեան եկեղեցասէր շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած այս արարողութիւններուն կապակցութեամբ ուղարկեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը՝ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի ստորագրութեամբ։ Այսպէս, օրուան Ս. Պատարագը մատոյց յոբելեար Տէր Հայրը: Պատարագը աւարտելէն առաջ, Սրբազան Առաջնորդը խօսք առնելով՝ նախ անդրադարձաւ «քահանայական կեանք»ի կարեւորութեան մասին, վեհօրէն վերարժեւորելով «եկեղեցական կեանքին քրիստոնէական հանգամանքը, անոր բարձրութիւնը եւ կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս»: Ապա, նկատի ունենալով յոբելեար եկեղեցականին 25 տարիներու արդիւնաշատ ծառայութիւնը, մասնայատուկ կերպով շեշտեց եւ արժանաւորապէս գնահատեց «Արժանապատիւ Տէր Հօր եկեղեցական բացառիկ ծառայութիւնը, յատկանշուած անձնուիրումի, զոհաբերութեան, մարդասիրութեան եւ հաւատքի ցայտուն առաքինութիւններով»: Սրբազան Հայրը եզրակացուց, որ «Հայ Եկեղեցին իսկապէս կարիքը ունի ծառայական նման կեանք ցուցաբերող անկեղծ եկեղեցականներու, որոնք խոր գիտակցութեամբ կը ծառայեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին»:
Այս առիթով, հաւատացեալներու գնահատող ծափողջոյններուն ներքեւ, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագի գեղեցիկ սկիհ մը նուիրեց յոբելեար Տէր Հօր, որպէսզի «Անով երբ պատարագէք՝ յիշէք նաեւ ձեր բոլոր հաւատացեալները», եզրակացուց Սրբազան Հայրը:
Բնականաբար խօսք առաւ նաեւ յոբելեար Քահանայ Հայրը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, Սրբազան Առաջնորդին եւ իրեն յատուկ հոգեխառնութեամբ մը՝ անդրադարձաւ իրեն տրուած պատիւին, իր կողմէ անգամ մը եւս ընդծգելով իր քահանայական կեանքին, ծառայական նուիրումին, ամբարած հոգեկան նուաճումներուն եւ ապրած մխիթարութիւններու մասին:
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Ծխական մարմիններու միասնական աշխատանքով, եկեղեցւոյ մեծ սրահին մէջ կազմակերպուած էր ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցութիւն բերին անշուշտ անոնք (շուրջ 500 հոգի), որոնք մօտէն կը ճանչնային եւ այս կամ այն պատճառով առիթն ունեցած էին հանդիպելու իրեն եւ առիթ՝ զինքը ճանչնալու:
Գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մըն ալ: Այս տօնական օրուան առիթով՝ ներկայացուեցաւ Տէր Հօր կեաքէն քաղուած գեղեցիկ տեսաժապաւէն մը, ուր նաեւ գնահատանքի եւ երախտագիտական խօսքեր արտասանեցին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնք հաւատքի եւ աշխատանքի բերումով գործ ունեցած էին Տէր Հօր հետ:
Յայտագրի աւարտին, անգամ մը եւս ելոյթ ունեցան թէ՛ Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը եւ թէ՛ գնահատանքի ու պատիւի արժանացած Տէր Հայրը: Երկուքն ալ դիպուկ կերպով անդրադարձան քրիստոնէական սիրոյ, նուիրումի եւ ուրիշի օգնութեան եւ ծառայական բարձր արժէքներու մասին:
Աստուծոյ գործը, երկրիս վրայ, կը շարունակուի եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու ճամբով: Եկեղեցին իր գիտակից ու նուիրեալ քահանաներով եւ վարդապետներով միշտ հետամուտ եղած է եւ կը ձգտի «կերպարանափոխել» մարդկութիւնը, ընկերութիւնը եւ հաւատացեալները, այսինքն՝ կը ձգտի «Աստուծոյ գերբնական պարգեւները փոխանցել մարդոց՝ Յաւիտենական Փրկութեան հասնելու համար» (Շնորհք Եպսկ. Գալուստեան, Տեղիք Աստուածաբանութեան, Երուսաղէմ, 1993, էջ 32): Խօսքը «Աստուծոյ գերբնական պարգեւներու» մասին է: Սուրբ Գրային ուսուցումները ցոյց կու տան, թէ առանց «Աստուծոյ շնորհք»ին՝ մարդս չի՛ կրնար հաւատալ եւ չի՛ կրնար յարատեւել քրիստոնէական հաւատքին մէջ:
Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը լուրջ աշխատանք է՝ ինքնանուիրում եւ զոհողութիւն պահանջող: Այս ներքին եւ արտաքին շարժումը հոգիներու հաւատքի եւ համոզումի խորքէն կը բխի: Ասոր համար քահանայական կեանքը «ծառայութեան» իւրայատուկ ասպարէզ է, «հոգեւոր ծառայութիւն»՝ Աստուծոյ ժողովուրդը հովուելու քրիստոսաւանդ աշխատանք (Մատթէոս Դ 19) եւ այդ պաշտօնին մէջ քահանան կանչուած է ըլլալու «Աշխարհը համեմող աղ եւ աշխարհի խաւարը հալածող լոյս» (Մատթէոս Ե 13-14):
Եկեղեցականի «հոգեւոր ծառայութեան» ո՛րեւէ տեսակի յոբելեան կը մղէ մեզ՝ խորացնելու «քահանայական կեանք»ին գիտակցութիւնը եւ ուժեղացնելու եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայութեան աշխատանքը: