ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը ներ­կա­յիս կ­­՚ող­ջու­նէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Թրքա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ ող­ջու­նե­լի հանգ­րուան մըն է այս մէ­կը՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ եօթ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր Շիշ­լի ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րում մը ու­նե­ցած է մեր մար­զա­կան կեան­քէն ներս, ե­ղած է հա­րա­զատ եր­դիք մը մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար ու ար­ժա­նա­ցած՝ հա­մա­տա­րած հա­մակ­րան­քի։ Այս բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րը կը պայ­մա­նա­ւո­րեն Շիշ­լիի 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին մթնո­լոր­տը։ Մար­զա­սէր շրջա­նակ­նե­րը բարձր գնա­հա­տան­քով, յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թան­քով ու զօ­րակ­ցու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ կը հա­մախմ­բուին այս պատ­մա­կան ա­կում­բին շուրջ, որ հա­մեստ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, միշտ յա­ջո­ղած է մեր նոր սե­րուն­դին բազ­կե­րա­կը զգալ։

Շիշ­լիի 70-ա­մեա­կը տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ հա­մա­կեց շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուած յո­բե­լե­նա­կան ըն­թրի­քին մաս­նա­կից­նե­րը։ Է­թի­լէ­րի «The GALLIARD» ճա­շա­րա­նին եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս փայ­լուն հա­ւա­քոյ­թը, զոր պա­տուեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բա­զում ծա­նօթ դէմ­քեր, ո­րոնք փու­թա­ցած էին ու­րա­խա­կից դառ­նա­լու Շիշ­լիի ըն­տա­նի­քին։ Ա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ հա­մախմ­բուե­ցան ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ։

Ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը բա­ցուե­ցաւ ա­կում­բի վար­չա­յին­նե­րէն Ար­թօ Փեհ­լի­վա­նեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ տե­սա­նիւթ մը, ո­րով կը ցո­լա­նա­յին ա­կում­բին պատ­մու­թիւ­նը, ան­ցած ու­ղին եւ գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան ա­ռանցք­նե­րը։ Ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ա­կում­բի մե­րօ­րեայ կա­ցու­թեան, ար­դի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց հի­ման վրայ կա­ռու­ցուած հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։

Հան­դի­սու­թեան վառ հանգ­րուան­նե­րէն մին էր, երբ ե­րե­կոյ­թի պա­տուոյ հիւ­րե­րէն՝ յայտ­նի բա­րե­րա­րու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեա­նին հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նուե­ցաւ յու­շա­նուէր մը։ Ա­կում­բի վար­չու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տուած այդ յու­շա­նուէ­րը Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ձե­ռամբ ստա­ցաւ Մո­նիք Եր­կա­նեան, ո­րուն ուր­խա­կից ե­ղան իր ըն­տա­նիքն ու ներ­կայ ազ­գա­յին­նե­րը։ Այս յու­շա­նուէ­րը պատ­րաս­տուած էր հա­շուի առ­նե­լով այն հան­գա­ման­քը, թէ Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի բա­րե­յի­շա­տակ հայ­րը՝ լու­սա­հո­գի Գրի­գոր Մի­սա­քեան ե­ղած էր Շիշ­լիի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մին, իսկ ինք ցայ­սօր կը շա­րու­նա­կէ զօ­րակ­ցիլ ա­կում­բին։ Այ­սինքն ե­րախ­տա­գի­տա­կան կրկնակ հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով պատ­րաս­տուած էր այդ յու­շա­նուէ­րը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ հա­կիրճ սրտի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Եր­կա­նեան, որ յի­շո­ղու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ա­կում­բի հիմ­նադ­րու­թեան շրջա­նէն՝ հօ­րը եւ լծա­կից ըն­կեր­նե­րուն ջան­քե­րէն։ Ան ընդգ­ծեց, թէ ա­կում­բի հիմ­նա­դիր­նե­րը միշտ կ­­՚ա­ռաջ­նոր­դուէին ե­րի­տա­սար­դու­թեան ուժ տա­լու, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը խրախ­ու­սե­լու սկզբուն­քով։

Ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն եւ Շահ­նուր Քա­զան­ճը, ո­րոնք եւս ի­րենց հա­մակ­րանքն ու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Շիշ­լիի նկատ­մամբ։

Ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցան, որ Շիշ­լի մար­զա­կում­բին վար­չու­թիւ­նը սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հաս­տա­տած է Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան հետ։ Ծա­նօթ է, որ Գա­րա­կէօ­զեան Տան հա­րե­ւա­նու­թեամբ, նախ­կին սա­նուց միու­թեան տա­րած­քին վրայ ներ­կա­յիս կը կա­ռու­ցուի նոր հա­մա­լիր մը, որ պի­տի ընդգր­կէ նաեւ մար­զա­դահ­լիճ մը։ Եր­կու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ար­դէն գո­յա­ցած է փո­խըմբռ­նում մը, որ­պէս­զի Շիշ­լի ա­պա­գա­յին օգ­տուի այդ հա­մա­լի­րէն՝ մա­նա­ւանդ իր խում­բե­րու մարզ­ման հա­մար։ Բո­լոր ներ­կա­նե­րը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­ցին այս հե­ռան­կա­րին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ Գա­րա­կէօ­զեա­նի այդ նոր հա­մա­լի­րի կա­ռուց­ման հա­մար տա­կա­ւին կը նա­խա­տե­սուի առ­նուազն շուրջ տա­րուան մը ժա­մա­նա­կաշր­ջան։

Յո­բե­լե­նա­կան ընթ­րի­քին ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը։ Այս առ­թիւ ան բարձր գնա­հա­տեց մեր սա­նուց, մար­զա­կան կամ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րուն գոր­ծու­նէու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը մատ­նան­շեց, որ այդ ցան­ցը կան­գուն պա­հե­լու հա­մար հա­մայն­քը կը դի­մագ­րա­ւէ դժուա­րու­թիւն­ներ՝ ինչ­պէս որ մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւի հարցն ալ ներ­կա­յիս վե­րա­ծուած է լուրջ մար­տահ­րա­ւէ­րի մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ընդգ­ծեց նաեւ, որ մեր հա­մայն­քը պէտք է ճար մը գտնէ՝ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար թէ՛ իր տե­սա­կա­ւո­րու­թիւ­նը ցո­լաց­նե­լով եւ թէ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը հար­ցա­կա­նի տակ չթո­ղե­լով։

Յո­բե­լե­նա­կան ընթ­րի­քին տե­ւո­ղու­թեան ներ­կա­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեամ­բ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016