ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՔԱՐՈԶԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Ապրիլի 24-ին առթիւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին առթիւ խօսեցաւ հետեւեալ քարոզը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի կողմէ թողարկուած պաշտօնական բնագիրը։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ կը շարունակենք վայելել մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի ցնծութիւնը։ Կը շարունակենք ձայնակցիլ հրեշտակներուն, որոնք վիմափոր գերեզմանի դրան քարը գլորեցին եւ յայտարարեցին, թէ «Քրիստոս, խաչուած Նազովրեցին չէ աստ, այլ՝ յարեաւ»։ Հրեշտակաւանդ աւետիսով կը շարունակենք խանդավառուիլ եւ լիահագագ գոչել. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով, մեզ զկեանս պարգեւեաց»։ Փա՜ռք Քրիստոսի ամենազօր յարութեան։ Փա՜ռք Աստուծոյ, որ առիթը ունինք տիեզերքի պատմութեան մեծագոյն յաղթանակը տօնելու։ Ամենաստեղծ Աստուծոյ Խօսքին մարմնանալը, մարդանալը, կատարելապէս ծնիլը, մկրտութիւնը, սատանայէ փորձուիլը եւ այդ փորձութենէն յաղթական դուրս գալը, փրկութեան աւետիսը մարդոց ոտքը տանիլը, հրաշքները, ի վերջոյ չարչարուիլը, խաչուիլը, թաղուիլը եւ երրորդ օրը յարութիւն առնելը, փառաւորեալ մարմնով երեւումները, համբարձումը դրուագներ են, որոնց եթէ կը մօտենանք եւ բոլորով սրտիւ կ՚իւրացնենք կատարեալ հաւատքով, կը վայելենք Աստուածային տնօրինութեանց օրհնութիւնները իրենց ամբողջ լիութեամբ եւ բաժնեկից կը դառնանք Քրիստոսի յաղթանակին, որ առհաւատչեան է բոլորիս խոստացուած յաւիտենական կեանքի երջանկութեան։
Այսօր Սուրբ Խաչի Երեւման Տօն է։ Պատմական դէպք մը յիշատակելու օր է։ Կիւրեղ Երուսաղէմացի սուրբ հայրապետի շրջանին, 351-ի Մայիս ամսուան մէջ, Երուսաղէմի երկնակամարին վրայ Սուրբ Խաչի նշանը կ՚երեւի, տարածուելով Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռը: Այս սքանչելի երեւման ականատեսները եղան Երուսաղէմ բնակող քրիստոնեայ հաւատացեալներ։ Խաչին լոյսին քով տկարացան արեւու ճառագայթները։ Հաւատացեալներ եկեղեցիներ փութացին եւ իրենց վայելած այս սքանչելի տեսարանին համար գոհութիւն եւ փառք տուին Երկնաւոր Հօր։
Ոմանք կրնան մտածել, թէ Յարութեան սքանչելի խորհուրդին նուիրուած քառասնօրեայ շրջանին, եկեղեցին ինչո՞ւ պահ մը կը յիշեցնէ Խաչի խորհուրդը։ Պէտք է ի մտի ունենալ, որ Խաչի խորհուրդը անբաժան է յարութեան խորհուրդէն։ Առանց Գողգոթայի, առանց Խաչի չկայ յարութիւն։ Եթէ կը հաւատանք, թէ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեամբ մեզի նոր կեանք պարգեւուած է, այդ կը պարտինք Քրիստոսի կամաւոր Սուրբ Պատարագին, որով Խաչի վրայ թափուած Սուրբ Արեամբ ոռոգուեցաւ մահուան անէծքին ենթարկը-ւած երկիրը, հալեցաւ մեղքը, հալածուեցան չար ոգիները, ջնջուեցան յանցանքները, խզուեցան կապերը, խորտակուեցան շղթաները։ Եւ մարդուն համար բացուեցաւ լուսաւոր եւ բարիքներով ու յոյսով լեցուն կեանքի մը ճանապարհը։
Սուրբ Պօղոս Առաքեալ, Թեսաղոնիկէի ժողովարանին մէջ երբ կը քարոզէր, Սուրբ Գիրքէն վկայութիւններ կը բերէր, եւ այդ վկայութիւններով ցոյց կու տար, թէ նախատեսուած էր Քրիստոսի չարչարանք կրելը եւ մեռելներէն յարութիւն առնելը։ Այդ բոլորէն յետոյ համարձակօրէն կը յայտարարէր ըսելով. «Այն Յիսուսը զոր ես ձեզի կը քարոզեմ, ան է Քրիստոսը, խոստացուած Փրկիչը»։ Այս քարոզութիւնը առիթ ընծայեց, որ շատեր հաւատան եւ յարին Պօղոսի եւ Շիղայի։ Սակայն այդ հաւատացեալներու առընթեր մէջտեղ ելան հակառակորդներ եւ ջանացին մրոտել Աւետարանի քարոզութեան նուիրուած անձերը։ Սակայն Քրիստոս հրահանգած էր իր առաքեալներուն՝ ըսելով. «Գացէք, աշակերտ դարձուցէք բոլոր ազգերը, մկրտեցէք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով, սորվեցուցէք անոնց պահել այն ամէնը, ինչ որ պատուիրեցի ձեզի…»։
Երուսաղէմի մէջ, Ս. Խաչի Երեւման սքանչելի տեսարանը վայելողներու բազմութիւնը, ինքնին ցուցիչն է, թէ Քրիստոսի Աւետարանին քարոզութիւնը հակառակ ամէն հակառակութեան տեղ գտած էր մարդոց սրտերուն մէջ։ Եւ առաքելութեան այս յաջողութեան մէջ ստոյգ էր Քրիստոսի տուած հաւաստիքին զօրութիւնը. «Ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերը՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»։
Փա՜ռք Աստուծոյ, մեր ժողովուրդը գիտցած է Խաչին եւ Խաչեալ Աստուածորդւոյն մեռելներէն յարութեամբը դատարկացած գերեզմանին նայիլ հաւատքով։ Խաչին մէջ տեսաւ իր կեանքի ապաւէնը, իսկ պարապ գերեզմանին մէջ տեսաւ կեանքի անսպառ աւիշը։ Խաւարէն դէպի լոյս անցնելու միակ միջոցն է Քրիստոս։ Անորոշութեան, միգամած միջավայրէն կարելի է դուրս գալ Քրիստոսի Կեանքի Խօսքը, որպէս կեանքի կողմնացոյց ընկալելով։ Կ՚ուզե՞նք ապահով ուղղութեամբ ընթանալ։ Նայինք Խաչին, հոն պիտի տեսնենք մեզ գրկաբաց ընդունելու պատրաստ Քրիստոսը, Աստուծոյ մեղաւոր մարդուն նկատմամբ սնուցած սիրոյն խորութիւնը, Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրին բարձրութիւնը։ Կ՚ուզե՞նք լուսաւոր կեանք ունենալ, նայինք պարապ գերեզմանին, հոն պիտի լսենք յարութեան աւետիսը։ Հոն պիտի սորվինք, թէ Քրիստոս մեզի հետ պիտի ըլլայ երբ մենք զԱյն ապրեցնող, Անոր ներկայութիւնը յայտնաբերող գործերով կը պարապինք։ Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ, որ «աշխարհի աղ եւ լոյս ըլլանք, մեր լոյսը փայլի մարդոց առջեւ, որպէսզի մեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն մեր Հայրը, որ երկինքն է» (Մատթէոս, 5.13-16)։ Մեր նոր կեանքը կը պարտինք Քրիստոսի։ Աստուածորդին մեռաւ, որպէսզի մենք ապրինք։ Եթէ մենք կ՚ապրինք, պէտք է դուրս գանք մեր անհատական եսին մէջ ապրելէ եւ ապրինք Անոր համար, որ մեզի կեանք տալու առաջադրութեամբ մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։ Աստուած մեզ հաշտեցուց իրեն հետ Քրիստոսի միջոցաւ։ Մենք կը հրաւիրուինք Քրիստոսի պատգամաւորները ըլլալու եւ այդ պատգամաւորութեամբ կոչ ուղղելու ուրիշներուն, որպէսզի Աստուծոյ հետ հաշտուին (Բ. Կորնթացիս, 5.15-21)։
Այսօր առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ աղօթենք ըսելով. Տէրն մեր Քրիստոս, սատանային լարած որոգայթները չգացնելու համար Քու զօրութեանդ կարիքն ունինք։ Կը հաւատանք որ Փրկչական Քու Սուրբ Խաչիդ ամենայաղթ զօրութիւնը իբրեւ օգնութիւն ցոյց տրուեցաւ մեզի։ Դարձեալ կը հաւատանք, թէ մեր միակ ապաւէնը Դուն ես։ Սուրբ Խաչիդ զօրութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլորին վրայէն։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Մենք այսօր կը յիշատակենք Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն զոհուած մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք ցաւառիթ քաղաքականութեան մը հետեւանքով տարագրութեան ճանապարհներու վրայ եւ կամ այլուր կորսնցուցին իրենց Աստուածապարգեւ կեանքերը։ Առյաւէտ անցան այս աշխարհէն, իրենց ետին թողլով տամկացած աչքեր, սգաւոր սրտեր, ցաւալից հոգիներ։ Վստահ ենք, թէ մեր այդ օրերու հոգեւոր սպասաւորները, որոնք եւս ցմրուր քամած էին իրենց վիճակած դառնութեան բաժակը, դժուարացած էին մխիթարել ցաւատանջ հոգիները։ Ծանօթ է, թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գլխաւորութեամբ անցեալ տարի սրբադասուեցան Ա. Համաշխարհային պատերազմի դառնակսկիծ օրերուն վասն հաւատոյ զոհուածները։ Ցարդ, իրենց հոգւոցն ի հանգիստ աղօթք կ՚առաքուէր առ Աստուած։ Այլեւս ըստ Եկեղեցւոյ ուսուցման՝ մենք չենք կրնար հոգեհանգստեան պաշտօնով նշել անոնց յիշատակը, այլ կը դիմենք իրենց բարեխօսութեան։ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, Մայր Աթոռի նկատմամբ ունեցած հաւատարիմ կեցուածքով կը կատարէ յիշատակութեան արարողութիւններ, միշտ նկատի ունենալով իր քաղաքացիական պատկանելիութիւնը։ Պատրիարքական Աթոռի այս մերձեցումը կրնայ այլոց անհաճոյ թուիլ։ Յարգելով հանդերձ իրենց գաղափարի ազատութիւնը, կը շարունակենք մնալ հաւատարիմ մեր Աթոռի աւանդական գծին եւ մեր գործունէութեան մէջ պահել հաւասարակշռեալ դիրքաւորում։
Խոնարհաբար կը յիշեցնենք, թէ սուրբերու յիշատակութիւնները կը կատարուին մեր աղօթքի տուներուն մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ։ Հաւատացեալներ, մատուցուած Ս. Պատարագի միջոցաւ կը կապուին յաղթական եկեղեցիին, որ սուրբերու դասն է։ Հաղորդ կը դառնան սուրբերու վարքին եւ այդ վարքին ընդմէջէն կը ստանան իրենց համար շինիչ պատգամներ։ Մեր առաջին լուսաւորիչները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալները, մեր հաւատքի հայր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպի գլխաւորութեամբ մեր Թարգմանիչ Վարդապետները, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարները եւ 1036 վկաները, Ս. Գրիգոր նարեկացին, Ս. Ներսէս Շնորհալին եւ անոնց նման բազմաթիւ սուրբեր կը յիշատակուին պատշաճ շուքով։ Ա. Համաշխարհային պատերազմի նորոգ սրբադասեալ վասն հաւատոյ նահատակներու յիշատակութեան ուղիղ վայրն է եկեղեցին։ Անոնց համար արտաքոյ եկեղեցւոյ կատարելի ոչ-հոգեւոր եւ աշխարհիկ յուշահանդէսներ վստահ ենք, թէ պիտի վիրաւորեն զիրենք։ Եկեղեցին յարգելով զիրենք եւ իրենց անմոռանալի մնալու իրաւունքը, զանոնք սրբադասած է։ Անոնց կեանքէն ստանալիք մեր դասն է, արժէք ընծայել այն արժէքներուն, որոնց հաւատարիմ մնալու սիրոյն իրենց կեանքը զոհաբերեցին։ Եթէ մեր ժողովուրդը կը ճանչցուի իր Քրիստոնէական հաւատքով, իր լեզուով եւ գրականութեամբ, շինարարութեամբ, գեղարուեստական կառոյցներով եւ այլ ստեղծագործութիւններով, երաժշտութեամբ, մշակոյթի եւ կրթութեան ընծայած արժէքով, հաւատարմութեամբ, այդ բոլորը եւ աւելին առանց այլեւայլի պէտք է պահպանուին իբրեւ նուիրական աւանդներ։ Իրաւ է, թէ Ա, Համաշխարհային պատերազմին մարդկային կորուստի առընթեր առյաւէտ ամայացան վանքեր, եկեղեցիներ, վարժարաններ, ընտանեկան օճախներ։ Իրաւ է, թէ կորսուած ամէն ինչը կարելի չէ ետ բերել։ Սակայն կարելի է վերականգնել այն ինչ, որ կարելի է։ Հոգեւոր ուրախութիւն է մեզի համար տեսնել այդ վերականգնման իրականացումը, մերազն ժողովուրդի զաւակներուն մօտ։ Այս վերականգնման գործընթացը Աստուածահաճոյ կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ մէկ կողմ կը թողունք քինախնդրութիւնը, ատելավառ կեցուածքը, թշնամութիւնը։ Ս. Գիրքի ուսուցումն է, թէ «Աստուած սէր է, եւ ան որ կը մնայ սիրոյ մէջ՝ կը բնակի Աստուծոյ մէջ եւ Աստուած ալ կը բնակի անոր մէջ։ Սիրոյ մէջ երկիւղ չկայ, եւ կատարեալ սէրը հեռու կը վանէ երկիւղը, եւ ով որ երկիւղի մէջ է, կատարեալ չէ սիրոյ մէջ» (Ա. Յովհաննէս, 4.16,18)։
Յիշատակութեան այս առիթով, երբ կ՚անդրադառնանք ցաւառիթ դէպքերու հետեւանքով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կրած նիւթական եւ բարոյական կորուստներուն մասին, մեզի համար քաղցր պարտականութիւն կը նկատենք յիշել բարի, ազնիւ եւ աստուածավախ այն բոլոր մարդիկը, որոնք ի սէր մարդկութեան տէր կանգնեցան մեր ժողովուրդի անոք եւ ծով կարիքներով տուայտող զաւակներուն, որքան որ կը ներէին իրենց պայմանները։
Քաղաքական գործիչներ իրենց գաղափարները յայտնելու ազատութիւնը ունին։ Կրնան իրենց հասկցած ձեւով արտայայտուիլ մեր ժողովուրդի կրած դառնակսկիծ ցաւին նկատմամբ, յաճախ առաջնորդուելով իրենց քաղաքական հաշիւներու ուղղութեամբ։ Որպէս Պատրիարքական Աթոռ պիտի շարունակենք յայտարարել, թէ մենք որպէս այս երկրի անբաժան եւ հաւատարիմ տարրերէն մին, կը շարունակենք մնալ աղօթող Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բարեկամութեան եւ բարի դրացնութեան հաստատման համար եւ այդ կ՚ընենք մեր հայրենակցական պատասխանատուութեանց գիտակցութեամբ, քաջ գիտնալով հանդերձ, թէ ոմանց դիրքաւորումը պիտի ըլլայ ժխտական ի տես մեր կեցուածքին։
Դարձեալ պիտի շարունակենք աղօթել, որ Աստուած գործէ երկու երկիրներու հայրենակիցներու սրտերէն ներս, որպէսզի Աստուածային ներգործութեամբ կարելի ըլլայ միասնաբար իրականացնել բարիին եւ գեղեցիկին կերտումը։ Երկու ժողովուրդներու միջեւ կայ կէսը ջուր լեցուն սափոր մը։ Ոմանք կը պնդեն սափորը պարապ տեսնել, իսկ ոմանք՝ լեցուն։ Այլեւս ժամանակը հասած է միասնաբար տեսնելու այն ճշմարտութիւնը եւ ըսելու, այս սափորը մինչեւ կէսը ջուրով լեցուն է։ Պէտք է մտածել սափորի պարունակութիւնը լրացնելու մասին։ Այդ կիսով լեցուն ջուրը, ըստ մեզ, կը ներկայացնէ դարերու ընթացքին մեր ունեցած դրացիական յարաբերութիւններու ընդմէջէն ցոլացող բազում բարեկամական յիշատակները, եւ անոնց նկատմամբ անվերապահ գնահատանքով ու երանութեամբ արտայայտուողները։ Աստուած մի արասցէ, յամառ ու անհանդուրժող կեցուածքի պատճառաւ սափորրը կրնայ կոտրիլ եւ մէջի ջուրը յումպէտս վատնուիլ։ Կոտրած սափորը ոչ մէկուն օգուտ ունի։ Կարելի չէ ջուրով լեցնել։ Սափորը ջուրով լեցնելու համար պէտք ունինք պատրաստակամութեան։ Պէտք ունինք վստահիլ Աստուծոյ։ Պէտք ունինք Անոր շինարար միջամտութեան։ Պէտք ունինք հաւատալ Աստուծոյ արդարութեան։ Եւ այդ բոլորը կեանքի կոչելու համար պարտինք «ամէն ժամանակ աղօթել եւ չձանձրանալ»։
Քրիստոսով յայտնուած համամարդկային սիրոյն նկատմամբ մեր ունեցած կատարեալ հաւատքով եւ այդ հաւատքին ուղղութեամբ կ՚աղօթենք նաեւ մեր հարեւաններուն համար, միանգամայն կը թելադրենք մեր հարեւաններուն, որ աղօթք առաքեն առ Աստուած, որպէսզի Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու միջեւ հաստատուի բարեկամական կամուրջ մը, ի սէր երկու ժողովուրդներու կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող դրական երեւոյթներու։
Պէտք է համբերութեամբ եւ աղօթանուէր կեցուածքով սպասել Աստուծոյ Ս. Հոգիին ներգործութեան։ Համբերութիւնը Քրիստոնէական առաքինութիւն մըն է, որ պտղաբերուած է սուրբերու կեանքէն ներս։ Այս առումով սուրբերը օրինակ են մեզի։
Մենք կը հաւատանք, որ օր մը պիտի ողջունենք Հայ եւ Թուրք յարաբերութեանց մէջ եղբայրութեան եւ սիրոյ երանելի պահը։ Այն ինչ որ մարդիկ կը ջանան իրենց կարելիութիւններուն վստահելով գործել, կը հաւատանք, որ Աստուած մեզի համար անծանօթ ժամանակին պիտի բոցավառէ իրերհասկացողութեան ջահը, որ պիտի մնայ անմար։ Բաւ է, որ ունենանք բարի կամեցողութիւն եւ աղօթքի տրամադրութիւն։
Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսին առթած հոգեւոր ուրախութեամբ, կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի գլխաւորութեամբ, եկեղեցւոյ հին եւ նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բոլոր սուրբերը բարեխօս ըլլան մեզի։ Ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք, որ այլեւս վերջ գտնեն աշխարհաւեր պատերազմները, մարդկային իրաւունքներու սպառնացող կռիւները։ Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները յաւիտեան թագաւորէ ի շինութիւն եւ ի բարօրութիւն համայն աշխարհի մարդկութեան, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան. Ամէն։