ԱՐԱՐԱՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Ա­գեան պատ­կե­րաս­րահն ու Ան­տի­կեան պատ­կե­րաս­րա­հը ներ­կա­յա­ցու­ցին Ա­րա­րատ Սարգ­սեա­նի «Ո՛ւր փնտրել դրախ­տը» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը։

««Ո՛ւր փնտրել դրախ­տը» շար­քի աշ­խա­տանք­նե­րուս սկսայ այն ժա­մա­նակ, երբ նկա­տե­ցի, որ հա­յե­րը կը լքեն Հա­յաս­տա­նը՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով վատ պայ­ման­նե­րը։ Կարճ ժա­մա­նակ անց հան­դի­պե­լով ա­նոնց երկ­րէն դուրս՝ կը լսէի՝ «սա ալ վատ եր­կիր է, շու­տով ետ Հա­յաս­տան պէտք է եր­թանք...»։

«Այ­սինքն՝ մար­դը իր ամ­բողջ կեան­քին մէջ կը փոր­ձէ դրախտ գտնել. այս ձե­ւով մտայ­ղա­ցայ «դրախտ»ի գա­ղա­փա­րը։ Ա­րեւմ­տեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը դրախ­տը կը տե­ղադ­րէին հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին մէջ, քա­նի որ, ըստ Հին կտա­կա­րա­նի, դրախ­տը այն­տեղ է, ուր­կէ կը սկսին բո­լոր ջու­րե­րը։ Ա­ռանց­քը դրի ա­նոր վրայ, որ բո­լոր ազ­գե­րը դրախ­տը կը փնտռեն հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին, իսկ հա­յը՝ օ­տար եր­կիր­նե­րու մէջ», ը­սած է Ա­րա­րատ Սարգ­սեան։

Ա­րա­րատ Սարգ­սեան տաս­ներ­կու տա­րուան ըն­թաց­քին հա­ւա­քած է խաչ­քա­րե­րու նկար­ներ ու տպագ­րած իր ձեռ­քով պատ­րաս­տած թուղ­թի վրայ: Բաց­ման ե­րե­կո­յթի ըն­թաց­քին նկա­րի­չը ներ­կա­յա­ցու­ցած է թուղթ պատ­րաս­տե­լու դա­րե­րէ ե­կած ա­ւան­դոյ­թը:

Նկա­րիչ եւ քան­դա­կա­գործ Ա­րա­րատ Սարգ­սեան  Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ է, Բնա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու եւ­րո­պա­կան ա­կա­դե­միոյ եւ Ա­րուես­տի մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ:

Ըստ «tert.am»ի, ցու­ցա­հա­նէ­սի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ վա­ճառք, ո­րու հա­սոյ­թի 40 առ հա­րիւ­րը նուի­րա­բե­րուած է Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան թուա­յին գրա­դա­րա­նին, հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով։

Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան կա­պե­րու, շրջա­նա­ւարտ­նե­րու եւ քա­րիէ­րի զար­գաց­ման բաժ­նի ղե­կա­վար Զար­մի­նէ Զէյ­թուն­ցեանն ալ նշած է, որ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը կը կրեն շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ։

­«Ա­գեան պատ­կե­րաս­րահն ու Ան­տի­կեան պատ­կե­րաս­րա­հը միա­սին այս տա­րուան ըն­թաց­քին կը ներ­կա­յաց­նեն մօտ չորս խմբա­յին կամ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս։ Եր­կու ա­միս վերջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ յա­ջորդ  ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ նուի­րուած պի­տի ըլ­լայ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի 25-ա­մեա­կին», նշած է Զար­մի­նէ Զէյ­թուն­ցեա­ն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016