ԳԵՐԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ կը տի­րէ գեր­լա­րուած վի­ճակ։ Ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ կա­տա­րուած քա­ռօ­րեայ լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­նե­րէն վերջ ար­դէն մթնո­լոր­տը չի հան­դար­տիր եր­բեք։ Մոս­կուա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ կրա­կի դադ­րեց­ման վե­րա­բե­րեալ ձեռք բե­րուած էր բա­նա­ւոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն, սա­կայն ինչ­պէս ար­դէն կ՚ակն­կա­լուէր, Պա­քու եր­բեք չի հնա­զան­դիր այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Ա­ւե­լի՛ն, վեր­ջին օ­րե­րուն ար­դէն Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն թա­փը զգա­լիօ­րէն բարձ­րա­ցած է թէ՛ Ար­ցա­խի հետ շփման գծին եւ թէ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նին եր­կայն­քով։

Վեր­ջին օ­րե­րու մտա­հո­գիչ կա­ցու­թեան զու­գա­հեռ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան խտա­ցեալ ձե­ւով ռմբա­կո­ծե­ցին Ար­ցա­խը։ Մար­տա­կեր­տի շրջա­նին վրայ ար­ձա­կուե­ցան հրթիռ­ներ։ Ամ­բողջ գի­շեր շա­րու­նա­կուած խտա­ցեալ հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով հայ­կա­կան կող­մը ու­նե­ցաւ եր­կու զոհ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յոր­դո­րեց, որ­պէս­զի Պա­քու յար­գէ կրա­կի դադ­րեց­ման վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն վերջ­նա­կա­նօ­րէն խա­փա­նել հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ ե­րէկ գի­շեր Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը ան­կա­նոն կրակ բա­ցած են սահ­մա­նա­մերձ Տա­ւու­շի մար­զին վրայ։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­ցա­խի ի­րա­վի­ճա­կին՝ նա­խա­րա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Ատր­պէյ­ճան կը թի­րա­խա­ւո­րէ խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը։ Նոյն­պէս Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Ար­ցա­խի լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ պար­բե­րա­բար տե­ղեակ կը պա­հեն ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չի­կը։

Առ­կայ գեր­լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Ե­րե­ւա­նի եւ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ ան­մի­ջա­կան շփման մէջ։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի հե­ռան­կար­նե­րուն եւ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րուն ձօ­նուած հին­գե­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վին։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Սէյ­րան Օ­հա­նեան շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ ալ ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի մէջ։ Օ­հա­նեա­նի այս այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա, ո­րու հա­մոզ­մամբ ներ­կա­յիս ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս խա­ղա­ղու­թիւն ա­պա­հո­վելն է։ Ըստ ի­րեն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ի­րա­վի­ճա­կը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ՀԱՊԿ-ի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գօ­տիէն ներս անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար։ «Ե­թէ կրկնու­թիւն ըլ­լայ, պի­տի գայ պահ մը, երբ մենք պի­տի դի­տար­կենք ու­ղիղ եւ աշ­խոյժ դի­մա­կա­յու­թիւն, ինչ որ պի­տի պայ­թեց­նէ ամ­բողջ Կով­կա­սը։ Այդ ժա­մա­նակ հա­կա­մար­տու­թեան մէջ բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­ներ պի­տի ներգ­րա­ւուին, ինչ որ պի­տի անդ­րա­դառ­նայ Կով­կա­սի բազ­մա­թիւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն վրայ։ Սա շատ լուրջ է, կը կար­ծեմ, որ այ­սօր ա­մե­նա­կա­րե­ւորն է այն­տեղ խա­ղա­ղու­թեան ա­պա­հո­վուի­լը։ Այ­լա­պէս Կով­կա­սի մէջ շատ մեծ պա­տե­րազմ մը պի­տի ըլ­լայ։ Ես չեմ փա­փա­քիր նման բան մը», յայտ­նեց Պոր­տեու­ժա «ՌԻԱ Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան։

Պոր­տեու­ժա­յի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կը բիւ­րե­ղա­նան այն տուեալ­նե­րուն լոյ­սին տակ, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը վեր­ջին մէ­կու­կէս տա­րուան ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան 180 ներ­թա­փանց­ման փոր­ձեր կա­տա­րած են դէ­պի Ար­ցախ։ Իսկ վեր­ջին քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին, Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեա­նի բա­նա­ձե­ւու­մով, հայ­կա­կան կող­մը ա­կա­նա­տես ե­ղաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան փոր­ձի մը։ Ի­րա­վի­ճա­կի լրջու­թիւ­նը յստակ բնու­թագ­րեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան՝ Bloomberg-ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ։ Ան ը­սաւ, որ ա­մէն պահ կրնայ ծա­գիլ պա­տե­րազմ մը եւ թէ այս ան­գամ շատ ա­ւե­լի մեծ ծա­ւալ­նե­րով։ Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց նաեւ, թէ ա­ռանց անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րու՝ Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ ի­մաստ մը չի ներ­կա­յաց­ներ նստիլ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ։ Ներ­կա­յիս ի­րա­վի­ճա­կը ամ­բող­ջու­թեամբ փո­խուած է։ Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րով, մինչ մէկ կող­մէ շարք մը հան­դի­պում­ներ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին, միւս կող­մէ զի­նուոր­ներ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի մէջ են։

Առ­կայ պայ­թիւ­նա­վի­ճակ կա­ցու­թեան շուրջ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ կա­տա­րուած յստակ զգու­շա­ւո­րում­նե­րով հան­դերձ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, թէ լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ վերս­տին չեն կրնար ըլ­լալ։ Իսկ ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Փիէռ Անտ­րիու «ՌԻԱ Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայտ­նեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը աշ­խա­տանք կը տա­նի Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Ֆրան­սա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը յայտ­նեց, թէ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը պէտք չէ խախ­տուի եւ անհ­րա­ժեշտ է հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ սկսիլ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ «Մենք հան­դի­պե­ցանք եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն եւ այժմ կը փոր­ձենք ա­նոնց մի­ջեւ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պել», ը­սաւ Անտ­րիու եւ ա­ւել­ցուց, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը տա­կա­ւին չու­նին տա­րած­քաշր­ջան այ­ցե­լե­լու յստակ ծրագ­րեր։

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պե­տա­կան քար­տու­ղար Առ­լէմ Տե­զիրն ալ նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտ­նած էր, թէ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն դար­ձած է հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան մը ստեղ­ծուի­լը։ Ար­դա­րեւ, հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման հա­մար պէտք է մի­ջազ­գա­յին հսկո­ղու­թիւն։ Ան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի վերսկ­սին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Առ­լէմ Տե­զիր, որ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի՝ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման մա­սին պատ­գամ­նե­րը փո­խան­ցեց Ե­րե­ւա­նին եւ Պա­քուին, ա­ւել­ցուց, որ խա­ղա­ղու­թեան կոչ բե­րած է տա­րած­քաշր­ջան։ Ըստ ի­րեն, այս հիմ­նախնդ­րին շուրջ ստեղ­ծուած առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը ա­նըն­դու­նե­լի է։ Հրա­դա­դա­րը պէտք է յար­գել՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ՉԱ­ՎՈՒ­ՇՕՂ­ԼՈՒ

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ Պա­քուի մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ Թուր­քիա ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ կ՚ա­ջակ­ցի Ատր­պէյ­ճա­նին։ Ըստ ի­րեն, հար­ցը պէտք է լու­ծուի Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան շրջագ­ծով եւ ե­թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը փա­փա­քին՝ ա­պա մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին կա­րե­լի կրնայ ըլ­լալ հաս­նիլ խա­ղաղ լուծ­ման։ Չա­վու­շօղ­լուի խօս­քե­րով, Հա­յաս­տան լու­ծում չի փա­փա­քիր՝ հա­շուի առ­նե­լով տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ այս պատ­ճա­ռով կը սրէ ի­րա­վի­ճա­կը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016