ՆԱՅԻՐԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԱՌԱՍՊԵԼԸ
Հայաստանի Պարի պետական համոյթը վաղը երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Իսթանպուլի մէջ, Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին հետ համատեղ։ Իսթանպուլահայ գեղարուեստասէրները առիթ պիտի ունենան Նայիրեան աշխարհի առասպելին հաղորդ դառնալու, ինչ որ եզակի հնարաւորութիւն մըն է մեր գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։ Վաղուան մեծ ժամադրութեան ընդառաջ արդէն անհամբեր են մեր համայնքի մշակութասէրները, մինչ ձեռնարկի նախապատրաստական բոլոր աշխատանքներն ալ արդէն հասած են իրենց աւարտին։
Մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլին հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը։ «Մարալ»ի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալէ Հայաստանի Պարի պետական համոյթը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ երեկոյեան երկու խումբերը կատարեցին համատեղ փորձ մը, որ տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի «Տերվիշ Էրօղլու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Շիշլիի քաղաքապետարանին առընթեր գործող այս կեդրոնին մէջ, համատեղ փորձի սկսելէն առաջ ողջոյնի հակիրճ խօսք մը արտասանեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ Հայաստանի Պարի պետական համոյթի հիւրախաղերը ոսկէ կամուրջ մը կը ստեղծեն իսթանպուլահայութեան եւ Մայր Հայաստանի միջեւ։ Պարի պետականը նախապէս ալ հանդէս եկած է Իսթանպուլի մէջ, ուստի ներկայիս նոր օղակ մը կ՚աւելնայ այդ շղթային վրայ։ Մարիամ Տրամէրեան մաղթեց, որ Պարի պետականի հիւրախաղերով ստեղծուած այս խորհրդանշական կամուրջը մնայ ամուր։ Տրամէրեան միեւնոյն ժամանակ խոր երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ Պարի պետականի եւ «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավարներուն՝ Էրիք Չանչուրեանի եւ Կարպիս Չափքանի, ինչպէս նաեւ Պարի պետականի նուագախումբի ղեկավար Հայկ Գրիգորեանի եւ գլխաւոր պարուսոյց Ասատուր Կարապետեանի ջանքերուն կապակցութեամբ։
Այս հակիրճ ելոյթէն վերջ սկսաւ փորձը, որ տեւեց մինչեւ կէս գիշեր։ Պարի պետականը եւ «Մարալ»ը ներկայացուցին յայտագրի իրենց բաժիններու պարերը, իսկ վերջաւորութեան աշխատեցան եզրափակիչ փուլին վրայ, երբ միասնաբար պիտի ողջունեն հանդիսատեսները։ Անտարակոյս, «Մարալ»ի կազմին տեսակէտէ եզակի նշանակութիւն ունի՝ Հայաստանի Պարի պետական համոյթին հետ նոյն բեմը բաժնելու պատիւը։
Վաղուան ելոյթին ընդառաջ, «Մարալ»ի ընտանիքը Հայաստանի Պարի պետական համոյթին համար կազմակերպած է պտոյտ մը դէպի Գնալը կղզի։ Գարնանամուտի ներկայ շրջանին համոյթի անդամները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու բնութեան գեղեցկութիւնը, նաեւ շնչելու հայաբնակ այս զբօսավայրին մթնոլորտը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024