Հայուն «Պատերազմը»...
«Հապա եթէ գան եւ մեզ ջարդե՞ն...»։
Նիկոսիա, Կիպրոս։ Աշխատանքային գրասենեակիս կից՝ ակնոցի վաճառականութեամբ զբաղող դրացիս է։ Միջին տարիքի յոյն կիպրացի տիկին մը։ Ապրած է Կիպրոսի տագնապը, վաթսունական թուականներէն սկսեալ, բայց նաեւ 1974-ին՝ երբ իր տունէն տեղահանուած է եւ իր իսկ երկրին մէջ գաղթական։ Եթէ գիտէ, որ ես հայ եմ՝ բայց նաեւ լսած եւ կարդացած է մեր պատմութիւնը...։ Եւ ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ ապրուած վախը...։ Եւ կը զգայ վախը՝ քանի ինք ալ ապրած է այդ նոյնը...։
Եւ չուշացաւ իր մէջի, եւ մինչեւ այսօր սեղմած «վախը» դուրս հանելու...։ «Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս պիտի ապրինք թուրքին հետ։ Հապա եթէ գան եւ մեզ ջարդե՞ն...»։
Եթէ մէկ կողմէ կան հաշտութեան փորձեր՝ կղզին վերամիացնելու առընչութեամբ՝ բայց մտահոգութիւնը եւ վախը նոյնքան առկայ է...։ Եւ դրացիս չզլացաւ իր «վախը» բաժնեկցելու ինծի հետ...։ Վերջապէս՝ ապրուած փորձառութիւնն էր, որ ստեղծած էր այդ վախը...։ Եւ այդ նոյն վախը չէր ուզեր վերապրիլ...։
Բայց վախը խաբուսիկ երեւոյթ մը չէ...։ Մարդկային զգացում մըն է, որ կարելի չէ անտեսել...։ Եւ ոչ ալ պէտք է զայն առընչել այսպէս ըսած «առնական» արժանապատուութեան՝ ամօթ է եւ պէտք չէ վախնալ «տրամադրութեամբ»...։ Վախը իրական է՝ ապրած ու տակաւին ապրուելիք իրականութիւն մըն է՝ մարդկային կեանքին եւ պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն մէջէն...։ Վախը կը ստեղծէ կեանքը ընդհատելու եւ կամ ընդհատուելու դէմ-դիմաց կանգնած իրականութեամբը՝ որ դիւրին վիճակ մը չէ մարդ արարածին համար՝ ուր պարտի ընկալել կեանքը վերջացնելու իրականութեա՞մբը...։
Եւ հայուն պատմութիւնն ալ զերծ չէ այս վախին ու անոր ստեղծած ահաւոր իրավիճակներու ապրած ու ապրուած կեանքի պատմութիւններէն...։ Եթէ մէկ կողմէ կայ ցեղասպանութեան պատմութիւնը, եւ ցեղասպանուած հայուն վախը, տակաւին նոյնքան նաեւ վերապրողին...։ Ներառելով նաեւ անոնց հոգեկան ներաշխարհի ապրած վախին ահաւորութիւնը...։ Եւ նոյն այս վախի զգացումն է, որ իր տարբեր հոլովոյթներով եւ պարունակութեամբ կը շարունակէ տակաւին հալածել հայուն կեանքը...։ Եթէ մէկ կողմէ վախին ֆիզիքական զգացումն է, բայց նաեւ հոգեկան-իմացական ու տակաւին ինքնութեան կանչին...։ Ինքնութիւնը եւ անոր մշակութային գիտակցութիւնը պահելու վախը...։
Ապրիլ 2016...։ Քանի մը շաբաթներէ ի վեր աշխատանքներուս բերումով կը շրջագայիմ Արաբական ծոցի տարածքաշրջաններուն մէջ...։ Ղարաբաղեան ճակատին վրայ պատերազմին բռնկումը խանգարեց աշխատանքային բոլոր տրամադրութիւնս եւ կեդրոնացումս...։ Հայը դարձեալ կ՚ապրի վախին ու անոր ստեղծած արհաւիրքի մթնորոտին մէջ...։ Կան նահատակներ...։ Մեր հայ տղաքն են, որոնք ո՛չ միայն կռուիլ գիտեն, այն նաեւ՝ նահատակուիլ...։ Եւ քանի այցելած եմ Ղարաբաղ եւ տեսած ու վայելած անոր գեղեցկութիւնը, կարելի չէ արիւնաքամ վիճակի վերածել զայն...։ Ղարաբաղի բնութիւնը արիւն չ՚ուզեր...։ Ան կառչած է ապրելու։
Պահրէյնի եկեղեցիներէն մէկուն պաշտամունքին ներկայ եմ։ Հոգեւորականին քարոզի բնաբանը ընտրուած է Աստուածաշունչի մէկ շատ ծանօթ հատուածէն...։ «Սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս եւ սիրէ թշնամիդ»։ Աստուածաշունչի պատգամին զօրութիւնը կը կայանայ հոն, ուր երբ իւրաքանչիւր անգամ կարդաս եւ լսես, կը «խօսի» քեզի՝ մեկնելով քու ներկայի ապրած իրավիճակիդ մէջէն...։ Անկախ որ նոյն հատուածը եւ համարն է որ կը կարդաս եւ կը լսես...։ Ընկերա-հոգեբանական եւ ներաշխարհի իրավիճակը իրենց որոշիչ ազդեցութիւնը ունին պատգամին ընկալումին հետ...։ Հատուածին փոխանցած պատգամը կը նկատես մեկնելով քու ապրած օրուանդ ու ժամանակիդ փորձառութեան ընդմէջէն...։
Եթէ Աստուածաշունչի իմ շատ լսած եւ կարդացած հատուածներէն մէկն էր՝ բայց այդ օրը Պահրէյնի մէջ, նոյն այս համարը եկաւ աւելի «փոթորկելու» իմ արդէն իսկ տագնապած հոգիս...։ Սիրէ թշնամիդ ...։ Ան որ վախի մթնոլորտ ստեղծեց հայուն պատմութեան եւ որ տակաւին կը շարունակէ...։ Մինչեւ այսօր...։ Ղարաբաղի մէջ...։ Ու դարձեալ Ապրիլ ամսուն մէջ...։
Բայց անհրաժեշտ էր որ վերլուծէի...։ Աստուածաշունչի սիրոյ եւ սիրելու հասկացութիւնը պէտք չէ վեր առնել բառացիօրէն։ Կայ խորքային եւ ընկերային մեկնաբանութիւնը եւ բացատրութիւնը, բայց նաեւ ընկալումը՝ որ հատուածին եթէ մէկ կողմէ կու տայ աստուածաբանական հիմք, բայց նաեւ ազգային-մշակութային կեանքի արժեչափ։ Քրիստոսի խօսած «սէրը» սոսկ ենթակայական արժեչափերէն շատ աւելի՝ կը կեդրոնանայ «տարբեր» մակարդակի՝ իմմա «արժէքի» չափանիշներով կեանքեր ստեղծելու հեռանկարին վրայ, եւ ուր քրիստոնեան պարտի կերտել զայն...։ Արժեչափեր՝ որոնք հեռու են աշխարհի «սակարկելի» չափանիշներէն եւ կը կառչին Քրիստոսի շնորհած «արժէքին» գիտակցութեամբը, եւ որուն «տարբեր» մակարդակը կը կայանայ հոն, ուր կեանքեր կը կերտէ եւ ոչ թէ կը քանդէ...։ Եւ «բարեկամը ու թշնամին սիրելը» պէտք է ըմբռնել այս տեսակի կեանքեր ապրելու պրիսմակէն, որ կը տգնին արժեչափեր ստեղծել մարդկային պատմութեան հոլովոյթներուն համար, ուր «տարբեր»ը իր դրական ներգործութիւնը ունի եւ ոչ ժխտական...։
Եւ հայը իր «վախի» եւ «սարսափի» այդ ահաւոր փորձառութիւնը կրցաւ վերածել այս՝ «տարբեր» արժեչափի կեանքեր կերտելու իրականութեան մէջ...։ Հայը կրցաւ իր գրաւը դնել հոն, ուր իր ապրած «վախի» կեանքի փորձառութիւնը վերածեց ոչ թէ ատելութեան եւ քանդումի պատմութեան մը՝ այլ սիրելու եւ կառուցելու...։
Եւ հայուն պատմութիւնը այսօր նորէն կը կրկնուի...։ Այս անգամ Ղարաբաղի մէջ։ Վախի ու սարսափի եւ անոր հետ նահատակութեան մթնոլորտն է դարձեալ...։ Եւ եթէ հայը կը կռուի, ոչ թէ որովհետեւ կ՚ուզէ ատել եւ քանդել, այլ որովհետեւ կ՚ուզէ շարունակել սիրել եւ շինել...։ Սիրել իր ազգային-քրիստոնէական կեանքը, զոր շինած էր Ցեղասպանութենէն ետք, եւ շատ մը զրկանքներով եւ մինչեւ այսօր...։ Եւ հայուն պատերազմը նոյն այդ իր շինած կեանքը պահելու իրականութեան մէջն է, որ սակարկելի չէ, եւ որ «տարբեր» մակարդակ ունի...։
Երիտասարդ հայուհիին նկարը մէկ իրական արտայայտութիւնն է հայուն «մակարդակով» ապրելու կեանքին ձգտումին։ Եթէ իր «հայուն աչքերն» են, ուր կայ յուզում,մտահոգութիւն եւ երեւի վախ՝ բայց նաեւ հաստատ համոզում։ Թէ մեր տղոց, իմմա բանակին հետ, հայը եւ Արցախը զօրաւոր են...։ Եւ այս զօրութիւնը ուժն է հայուն, որ քանդելու համար չէ եղած...։ Այլ պահելու, կերտելու ու շարունակելու համար այս «տարբեր» եւ «իմաստալից» կեանքը...։ Ողջ հայութեան համար։
Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը այս ուղղութեամբ խիստ բովանդակալից է։ «Մեր պատերազմը հողատարածքի համար չէ, այլ Ազգային Ինքնութեան»։
Եթէ Նիկոսիոյ դրացիս կը վախնայ, բայց նաեւ ես եւ իւրաքանչիւր մարդ արարած...։ Բայց այդ վախը պէտք է վերածել ապրող կեանքի...։ Կեանք մը, որ տարբեր է...։ Եւ որուն տարբերութեան չափանիշները արժէքի հասկացողութեան եւ գիտակցութեան մէջն է...։ Եւ այս գիտակցութիւնը պիտի պահենք՝ նոյնիսկ երբ ստիպուած ըլլանք «պատերազմելու»...։
Եւ այս հայուն «պատերազմն» է...։ Վախին ընդմէջէն ապրող եւ ապրեցնող եւ արժէքի չափանիշներով կեանքեր ստեղծելու «պատերազմը»...։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ