ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի հին­գե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պեց աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի ա­նու­նով հաս­տա­տուած միջ­լի­սէա­կան լու­սան­կար­չա­կան մրցոյ­թը։ Իս­թան­պու­լի հա­րիւր տա­րուան լի­սէ­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ մըն է այս մէ­կը, ո­րու դա­տա­կազ­մին ան­դա­մակ­ցե­ցան՝ Ա­րա Կիւ­լէր, Ռե­ֆիք Ա­քեիւզ, Սեչ­քին Թեր­ճան, Մա­նուէլ Չը­թաք, Եա­շար Սա­րա­ճօղ­լու, Սիլ­վա Պին­կազ եւ Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լու։

Մրցոյ­թին նիւթն էր Իս­թան­պու­լը։ Ծրա­գի­րը ուղ­ղուած էր տես­նել, թէ լի­սէա­կան­ներ ինչ­պէս կ՚ըն­կա­լեն քա­ղա­քին դի­մա­գի­ծը, իր ան­ծա­նօթ, բայց յատ­կան­շա­կան զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րով՝ թա­ղե­րով, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով։

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր­նե­րուն պի­տի տրա­մադ­րուին դրա­մա­կան պար­գեւ­ներ։ Ե­րէկ, մրցոյ­թին ար­դիւնք­նե­րը հրա­պա­րա­կուե­ցան եւ դափ­նե­կիր­նե­րը պար­գե­ւատ­րուե­ցան դպրո­ցի եր­դի­քին տակ։ Մրցոյ­թին ներ­կա­յա­ցուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցա­հան­դէ­սը դպրո­ցին մէջ պի­տի շա­րու­նա­կուի յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016