ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌՔԸ
«Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (ՂՈՒԿ. ԺԸ 14)։
Թագաւոր մը սաստիկ փոթորիկէ մը վերջ պտոյտի ելաւ՝ շրջելու համար լեռներն ու հովիտները։ Եւ տեսաւ որ մեծամեծ ծառեր տապալած, կոտրտած եւ հողին երեսը գլորած են։ Անոնց մէջ միայն եղէգ մը՝ ջրային բոյս մը կանգուն մնացած էր՝ չէր վնասուած։
Թագաւորը հետաքրքրութեամբ ըսաւ.
«Ո՜վ եղէգ, ըսէ ինծի, ինչպէ՞ս հաստատուն մնացած ես, երբ նոյնիսկ մեծամեծ ծառերն իսկ կոտրուած ու տապալած են։ Ի՞նչ գաղտնիք քեզ անկորուստ պահեց»։
Եւ եղէգը պատասխանեց թագաւորին.
«Ո՜վ թագաւոր, երբ սաստիկ քամին բարձրացաւ, այդ մեծամեծ ծառերը հպարտութեամբ հակառակ կանգնեցան անոր դէմ, եւ քամին տապալեց զանոնք. իսկ ես խոնարհուեցայ քամիին կամքին առջեւ, եւ ահա՛, ինչպէս կը տեսնես, կանգուն մնացած եմ»։
Այս առակը կը սորվեցնէ, որ Աստուծոյ հզօր կամքին հակառակուողը, դիմադրել՝ դէմ դնել փորձողը նոյնպէս կը տապալի իր հպարտութեանը պատճառով. իսկ խոնարհները կ՚ապրին, ինչպէս որ գրուած է. «Տէրը հակառա՛կ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (ՅԱԿ. Դ 6)։
Արդարեւ խոնարհութիւնը հրեշտակ կը դարձնէ մարդս։ Արդարեւ «խոնարհութիւն» առաքինութիւն մըն է, եւ տառացիօրէն կը նշանակէ՝ հլութիւն, հպատակութիւն, հեզութիւն, համակերպութիւն եւ հաւանում։
Ուրեմն խոնարհութիւնը կը բխի սէրէն, քանի որ հոն՝ ո՛ւր կայ սէր, հոն կայ նաեւ հաւանում, հեզութիւն եւ ամենէն կարեւորը խաղաղութիւն, անդորրութի՛ւն։
Շատեր խոնարհութիւնը, համեստութիւնը անզօրութիւն, վախկոտութիւն, երկչոտութիւն կը համարեն, բայց անիկա իսկական քաջութիւն է, քաջագործութիւն է՝ ա՜յնքան հպարտ, ինքնհաւան, մեծամեծ մարդոց մէջ վեհանձն, մեծհոգի, ասպետական կեցուածքով՝ խոնարհ ըլլալ, համեստ մնալ եւ միշտ պատնէշին վրայ, բարձր կենալ նոյն կէտին վրայ…։
Արդարեւ հպարտութիւնը եօթը մահացու մեղքերէն առաջի՛նն է եւ բոլոր մեղքերու սկզբնապատճա՛ռը։ Հպարտութիւնը միշտ իր կործանարար սերմը կը սերմանէ մարդոց սիրտերուն մէջ եւ կը ստեղծէ ախտ մը՝ որ աստուածապատկեր մարդը կը դարձնէ սատանայի հպատակ գերի։
Հպարտութենէն կը ծնի փառասիրութիւնը, սնապարծութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, կեղծաւորութիւնը, ինքնագովութիւնը, մեծամտութիւնը, պատուասիրութիւնը, անհնազանդութիւնը եւ բազմաթիւ մեղքեր։ Այս մեղքերը կը դատապարտեն մարդս յաւիտենական կործանման։
Բայց ցաւալին այն է, որ այս ախտով տառապող մարդիկ չեն անդրադառնար ու չեն գիտակցիր իրենց հոգիին ախտաւորուած վիճակին, չեն տեսներ այն վտանգը, այն չարիքը՝ որ կը կրեն իրենց հոգիին մէջ եւ կը տարածեն իրենց շուրջիններուն՝ շրջապատին մէջ։ Եւ մեր ամէն մէկուն շուրջը կը գտնուին, կ՚ապրին այսպէս կոչուած «հպարտութեան եւ մեծամտութեան մարմնացումն»ներ՝ որոնց աչքը կուրացած է հոգեւորապէս եւ չեն տեսներ մեղքը, չեն անդրադառնար անոր վտանգին։
Արդարեւ, ինչպէս ըսինք, հպարտութիւնը, ինքնհաւանութիւնը, մեծամտութիւնը սկիզբն է բոլոր մեղքերուն։
Ուստի հպարտներ, մեծամիտներ շատ մեծ համարում ունին իրենց մասին՝ ըստ իրենց կարծիքին, իրենք կատարեալ են եւ անթերի՛։ Անոնք միշտ ճիշդ են իրենց որոշումներուն մէջ, երբեք չեն սխալիր, եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի, նոյնիսկ իրաւացիօրէն, դիտողութիւն ընելու անոնց, բողոքել կարելի չէ անոնց, քանի որ անոնք հասարակ մահկանացու չեն, եւ ամէնքը պարտաւոր են զիրենք պատուել, մեծարել, եւ այդպէս կը կարծեն իրենք, այդպէս համոզուած են, այդպէս հաւատացած են եւ դժբախտաբար իրենք ալ կը հաւատան, որ տարբեր են՝ բարձր են, անմատչելի եւ անմերձենալի են… ի՜նչ ինքնախաբէութիւն, ի՜նչ խեղճութիւն, քանի որ այն ամէնը որ կը կարծեն ըլլալ կամ ունենալ, անոնցմէ ո՛չ մէկն են եւ ո՛չ մէկը ունին։ Բոլոր յատկութիւնները կը պակսի իրենց, բայց անոնք աւելիո՛վ ունին կը կարծեն։
Ա՜յնքան զարմանալի է, որ աստուածճանաչութիւն չունեցող մարդիկ վարակուած, բռնուած են այս ախտով՝ կ՚ապրին չար ու անօրէն կեանք, բայց նոյնքան ափսոսալի է, որ «չար»ը ծածուկ հնարներով ու աներեւոյթ ցանցերով եւ ճիւղաւորումներով, խարդախութիւն եւ խաբէութիւններով հպարտութեան մահաբեր թոյնը, ժահրը կը կաթեցնէ Աստուծոյ որդեգրուածներուն, մկրտուած քրիստոնեաներուն սրտին մէջ՝ անոնք որոնք կը կարծեն, թէ քրիստոնավայել կեանք կ՚ապրին, նոյնիսկ մասնակից՝ Սուրբ Պատարագի, կը հաղորդուին Քրիստոսի Սուրբ Մարմնին եւ Սուրբ Արեան խորհուրդին։
Եւ սակայն ո՛չ մէկը կրնայ իրենց ըսել. «Աչքիդ վրայ յօնք կա՛յ»։ Ցաւալի՜ է, բայց այդպիսիներ չեն տեսներ, չեն անդրադառնար իրենց ախտաւորուած հոգիի վիճակին։ Դեռ աւելին՝ իրենց կեցուածքով ու արարքով գայթակղութիւն՝ հրապարակային վատ օրինակ, սադրանք են եկեղեցիի ծիրէն դուրս անմեղ մարդոց համար։ Մինչդեռ Քրիստոսի ամբողջ կեանքը խոնարհութեան տիպա՛ր քարոզ մըն էր իր հետեւորդներուն։ Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է որ ինքզինք Քրիստոսի «հետեւորդ» նկատող, զինք «քրիստոնեայ» համարող մէկը՝ իր ամբողջ կեանքով, ամբողջ հոգիով եւ էութեամբ հպարտութեան մարմնացում եւ գայթակղութեան պատճառ ըլլայ իր շրջապատին եւ մանաւանդ անմեղ հոգիներու…։
Ուստի այդպիսի մէկը՝ հպարտ եւ մեծամիտ մէկը՝ միա՛յն խօսքով «քրիստոնեայ» է։ Գուցէ աւելի լաւ կրնայ ըլլալ ըսել, որ այդպիսին քրիստոնէութեան հետ ամենեւին կապ չունի։ Մինչդեռ շատ-շատեր, որոնք գաղափար իսկ չունին, թէ ի՛նչ է Սուրբ Պատարագը, Սուրբ Հաղորդութիւնը, եւայլն խորհուրդներ… եւ սակայն իրենց ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ էութեամբ քրիստոնեա՛յ են, այսինքն՝ կը կրեն քրիստոնէական կարգ մը ընդհանուր առաքինութիւններ, զոր օրինակ, ողորմածութիւն, առատաձեռնութիւն, կամեցողութիւն, ներողամտութիւն, բարութիւն, հանդուրժողութիւն, համեստութիւն, զոհողութիւն, մարդասիրութիւն, առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու եւ տատամսելու՝ իրենց սի՛րտն ալ կը հանեն ու կու տան, եթէ բարիք մը, շահ մը, օգուտ մը պիտի պատճառէ իր նմանին եւ անոր որ կ՚ուզէ իրմէ օգնութիւն մը, նպաստ մը։
Ուրեմն իր կեանքի օրինակով, իր ապրելակերպով եւ իր ամբողջ հոգիով եթէ մէկը կ՚ապրի քրիստոնէութիւնը՝ կարելի չէ՛ որ ան հպարտութեան ախտով վարակուի՝ խոնարհութիւնը, համեստութիւնը անոր նկարագիրն է եւ կրօ՛նը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 22, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024