ՏԻԳՐԱՆ ՁԻԹՈՂՑԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ
Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծագործող հայազգի յայտնի նկարիչ Տիգրան Ձիթողցեան, որ իր ինքնատիպ կտաւներով ծանօթ է թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ ԱՊՀ-ի երկիրներու մէջ, Ապրիլի 22-ին Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է խառն ցուցահանդէսի մը բացման։ Այս ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները ցուցադրած են նաեւ Տեմիէն Հըրսթի, Տէյվիտ Լաշապէլի, Ֆրենք Ստելայի նման այլ բազմաթիւ յայտնի նկարիչներ:
Նիւ Եորքի մէջ ապրող Տիգրան Ձիթողցեան ծնած է Երեւան։ Նկարել սկսած է տակաւին հինգ տարեկան հասակին։ Տասը տարեկանին բացած է առաջին անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուցած է շուրջ 102 իւղաներկ նկարներ, որոնք ցուցադրուած են նաեւ Սպանիոյ, Ռուսաստանի, Ճաբոնի, Միացեալ Նահանգներու մէջ։
1993-1999 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ, այնուհետեւ կրթութիւնը շարունակած է Զուիցերիոյ École Cantonale d'Art du Valais-ի երդիքին տակ։ 2002-ին ստացած է լիսանսի աստիճան, իսկ 2005-ին՝ Հանրային բնագաւառի արուեստի մագիստրոսի աստիճան (MAPS)։ 2009-ին հաստատուած է Նիւ Եորք:
Տիգրան Ձիթողցեան յայտնի է իւղաներկով գերիրական նկարներով: Դեռ չորս տարեկան էր, երբ ան սկսաւ առանց դադարի նկարել օրական 6-7 ժամ: Նկարչութեան հանդէպ սիրոյ խորացման նպաստած է նաեւ իր հօր՝ Լեւոն Ձիթողցեանի հետ իտալական եւ հոլանտական կերպար-ւեստի մասին գիրքեր թերթատելը, տանը տիրող մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ ծնողներու խրախուսող վերաբերմունքը։ «Երբ արթթնայի անմիջապէս կ՚երթայի նկարելու, մայրս ստիպուած զիս կը կերակրէր նկարելու ընթացքին», ըսած է Ձիթողցեան։
«Սկիզբին ինծի տուին գունաւոր մատիտներ: Կը նայէի Ռամ-պրանթի գոյներուն եւ կ՚ըսէի հայրիկիս. «Բայց ես չեմ կրնար այս գոյները ստանալ մատիտներով»։ Յետոյ տուին ջրաներկ ու կուաժ, սակայն արդիւնքը կրկին չգոհացուց: Վերջ ի վերջոյ, հայրս իւղաներկ նուիրեց, եւ ես յայտնաբերեցի անոր հզօրութիւնն ու խորութիւնը: Հինգ տարեկանէն, այսինքն՝ արդէն շուրջ երեսունհինգ տարիէ ի վեր իւղաներկով կը նկարեմ երկար ժամեր», պատմած է ան:
«Դեռ ութ տարեկան էի, երբ Մանկական պատկերասրահի, Ժամանակակից արուեստի թանգարանի հիմնադիր Հենրիկ Իգիթեան առաջարկեց անհատական ցուցահանդէս բանալ։ Ծնողներս դէմ էին, կ՚ուզէին, որ մի քիչ մեծնամ: Մանկական պատկերասրահին մէջ առաջին անգամ շուրջ 102 իւղաներկ նկար ներկայացուցի տասը տարեկանին: Ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ, շատ լուսաբանուեցաւ: Աշխատանքներուս մէկ մասը ցուցադրուեցաւ նաեւ եւրոպական քաղաքներու, Միացեալ Նահանգներու, յետոյ կտաւներովս մեկնեցայ Սէն Փեթերսպուրկ: Ինծի նոյնիսկ Լենինի անուան թոշակ տուին, որ Խորհրդային Հայաստանի ամբողջ տարածքին արուեստի գծով տարեկան միայն տասնը-հինգ երախայ կը ստանար: Մանկական քարիէրս շատ վաղ ու շատ բուռն սկսաւ՝ աւարտելով 1991-ին, երբ տասնչորս տարեկանին Նիւ Եորքի մէջ ունեցայ իմ անհատական ցուցահանդէսը: Մնալու առաջարկներ եղան, սակայն վերադարձայ Հայաստան», կը պատմէ Ձիթողցեան։
40-ամեայ նկարիչը անծանօթները հազուադէպ կը նկարէ: Կը սկսի ստեղծագործել, երբ մտքին մէջ նկարը իր բոլոր մանրամաս-նութիւններով արդէն կայ։ «Մարդոց երբեմն այլ հայեացքով կը նայիմ՝ դիտարկելով որպէս ենթակայ: Կրնամ որեւէ բան տեսնել, զոր կը փափաքիմ թարգմանել գեղանկարչութեամբ: Խօսքը միայն դիմագիծերու մասին չէ, կրնայ ըլլալ հայեացք, շարժում…», կը նշէ Տիգրան Ձիթողցեան ու կ՚աւելցնէ, որ իր գլխաւոր մուսան կինն է՝ բնորդուհի Նատիա Քազաքովան։ Անոնք ունին որդի մը՝ Ալէնը։