ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՎԻՐԹԻՒԷՕԶՆԵՐԸ
Մոսկուայի Պետական սենեկային նուագախումբը, որ կը կոչուի «Մոսկուայի վիրթիւէօզներ»ը, նախընթաց օր համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Աշխարհառչակ խմբավար Վլատիմիր Սփիվաքովի կողմէ առաջնորդուած այս նուագախումբը շքեղ համերգ մը սարքեց Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ։ Ունկնդիները աննախընթաց խանդավառութիւն ապրեցան այս երեկոյթին ընթացքին, որու պատուոյ հիւրերու շարքին էին Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
«Մոսկուայի վիրթիւէօզներ»ը յաջող կատարումներով գրաւեց հայ ունկնդիրներուն սիրտը եւ անոնք ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին խումբը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վլատիմիր Սփիվաքով համերգին առթիւ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ. «Եկած եմ իմ տունս»։