ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

«Քրիս­տին Սա­լէ­րի» հիմ­նար­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին նկար­չու­թեան մրցոյ­թին մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ այս հիմ­նար­կը ստեղ­ծուած է վառ պա­հե­լու հա­մար ան­մո­ռա­նա­լի նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լէ­րիի յի­շա­տա­կը։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ան մեր ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քէն ներս ու­նե­ցած է ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րում մը։ Քրիս­տին Սա­լէ­րիի յի­շա­տա­կը կեն­դա­նի պա­հե­լու եւ զայն սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը կազ­մա­կեր­պուի իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ նկար­չու­թեան մրցոյթ մը։ Ա­մէն տա­րի այս ծրա­գի­րը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը ստեղ­ծուե­լուն։ Քրիս­տին Սա­լէ­րիի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած մրցոյ­թը այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հին­գե­րորդ ան­գամ։ Տղա­քը ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­ղան­դը ներ­կա­յա­ցու­ցին ե­րեք դա­սա­ւո­րում­նե­րու մէջ։ Ա­ռա­ջի­նէն մին­չեւ չոր­րորդ դա­սա­րան­նե­րը կազ­մե­ցին մէկ խումբ մը, հին­գե­րոր­դէն մին­չեւ ու­թե­րորդ դա­սա­րան­նե­րը ստեղ­ծե­ցին ու­րիշ խումբ մը, իսկ վեր­ջին խում­բը բաղ­կա­ցաւ ին­նե­րոր­դէն մին­չեւ տաս­ներկ­րորդ դա­սա­րան­նե­րը։ Ա­ռա­ջին խում­բին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան նիւթն էր Բա­րե­կեն­դա­նը, իսկ միւս եր­կու խում­բե­րը աշ­խա­տե­ցան եր­ջան­կու­թեան վրայ։ Մրցոյ­թի ար­դիւն­քը ե­ղաւ ըստ հե­տե­ւեա­լին.

Ա­ռա­ջի­նէն մին­չեւ չոր­րորդ դա­սա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Յաս­միկ Վար­դե­րե­սեան («Հրանդ Տինք» վար­ժա­րան), երկ­րորդ՝ Նո­րա Տա­վուլ­ճեան (Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան) եւ եր­րորդ՝ Լո­ռին Սուզ­մէ (Գա­րա­կէօ­զեան վար­ժա­րան)։ Այս դա­սա­ւոր­ման մէջ ման­սիո­նի ար­ժա­նի նկա­տուե­ցան՝ Լո­ռին Սեր­գի­սեան (Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րան), Քրիս­տին Էօզ­հա­րար (Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րան) եւ Նի­քոլ Սէր­լի Իշ­կիւ­զար (Է­սաեան վար­ժա­րան)։

Հին­գե­րոր­դէն մին­չեւ ու­թե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցաւ Էվ­կին Այ­տըն (Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան), երկ­րորդ՝ Նա­րօ Փիո­սեան (Է­սաեան վար­ժա­րան) եւ եր­րորդ՝ Ֆաթ­մա Կէօ­րիւր (Գալ­ֆաեան վար­ժա­րան)։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նի նկա­տուե­ցան՝ Քրիս­տին Ծա­ռուկ (Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րան), Քար­լա Ժա­նէթ Ա­պա­ճը (Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան) եւ Ա­րաս Էօ­ճալ (Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րան)։­

Ին­նե­րոր­դէն մին­չեւ տաս­ներկ­րորդ դա­սա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Ի­մել­տա Գու­յում­ճու (Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան), երկ­րորդ՝ Մի­քա­յէլ Նի­կո­ղո­սեան (Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան) եւ եր­րորդ՝ Յա­րութ Ա­ճուեան (Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րան)։ Այս դա­սա­ւոր­ման մէջ դա­տա­կազ­մին կող­մէ խրա­խու­սե­լի հա­մա­րուե­ցան՝ Սե­լի­նա Մէյ­տան (Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան), Ժան Սա­մուր­քաշ (Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան) եւ Ար­տէն Պօ­ղո­սեան (Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան)։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին յա­նուն կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ «Քրիս­տին Սա­լէ­րի» հիմ­նար­կի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Ռե­հան Սա­րը­պայ, որ շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր դափ­նե­կիր­նե­րը, մրցոյ­թին բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ու ա­նոնց նկար­չու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց դա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րուն։ Ռե­հան Սա­րը­պայ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին եւ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան, ո­րոնք այս մրցոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման հա­մար միշտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն պատ­րաս­տա­կամ ո­գիով։ Սա­րը­պա­յէն վերջ սրտի խօսք մըն ալ ար­տա­սա­նեց «Քրիս­տին Սա­լէ­րի» հիմ­նար­կէն Մա­րի­նա Սիլ­վիա Սա­լէ­րի, որ փու­թա­ցած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն։

Դա­տա­կազ­մի ան­դամ­ներն էին՝ Մառ­լէն Թէ­քիր­տաղ­լը­ճան, Ար­շօ Գաս­պա­րեան, Մայ­տա Սա­րիս, Ռե­հան Սա­րը­պայ եւ Ար­թին Տե­միր­ճի։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016