ՅԱԿՈԲ Բ ՆԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ (1741-1749 ԵՒ 1752-1764)

Ինչ­պէս մեր նա­խորդ գրու­թիւն­նե­րուն մէջ յի­շե­ցինք, Յով­հան­նէս Թ Կո­լոտ Բա­ղի­շե­ցիի 13 Փետ­րուար 1741 թուա­կա­նին վախ­ճան­ման երկ­րորդ օ­րը Յա­կոբ Վար­դա­պետ Նա­լեան Պատ­րիարք կո­չուե­ցաւ, քա­նի որ 1739 թուա­կա­նին Կո­լոտ Պատ­րիարք հրա­ժա­րած էր եւ Ա­թո­ռը յանձ­նած՝ իր կա­րող ա­շա­կեր­տին՝ Յա­կոբ Վար­դա­պե­տին։

Յա­կոբ Վար­դա­պետ յայտ­նի էր իր բազ­մա­թիւ մեկ­նա­կան-կրօ­նա­կան գրուածք­նե­րով եւ Հայ Ե­կե­ղե­ցիի վար­դա­պե­տու­թեան ջա­տա­գո­վու­թեամբ։ Յա­կոբ Բ Զի­մա­ռա­ցի Նա­լեան Պատ­րիարք «խա­ղա­ղա­սէր ըն­թացք» ու­նէր դէ­պի Հայ Կա­թո­լիկ­նե­րուն, բայց երբ ա­նոնք փոր­ձե­ցին թէ՛ Պոլ­սոյ եւ թէ Ան­կիւ­րիա­յի հա­յոց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ձեռք ան­ցը­նել, այն ժա­մա­նակ ան ալ խստու­թեամբ վա­րուե­ցաւ ա­նոնց հետ եւ Օս­մա­նեան Կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջո­ցով վե­րա­դար­ձուց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը 1744 թուա­կա­նին։

Յա­կոբ Պատ­րիարք Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մակ­րու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կը վա­յե­լէր իր հմտու­թեան ու սրբա­կե­ցու­թեան պատ­ճա­ռով, բայց գտնուե­ցան եւ ա­նոր հա­կա­ռա­կող ան­ձեր։ 1749 թուա­կա­նին Ե­րու­սա­ղէ­մէն Պո­լիս ե­կաւ Պրո­խո­րոն Վար­դա­պետ, որ ի­րեն կող­մը գրա­ւե­լով մի քա­նի ազ­դե­ցիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ Յա­կոբ Պատ­րիարք Նա­լեա­նը գա­հըն­կէց ը­րաւ եւ ե­պար­քո­սի (ե­պար­քոս=փո­խար­քայ. «վէ­զիր») գի­տու­թեամբ պատ­րիարք դար­ձաւ. (Պրո­խո­րոն Ա Սի­լիստ­րե­ցի. 1749)։

­Բայց ան հա­զիւ 7 օր իշ­խա­նու­թիւն վա­րեց. ժո­ղո­վուր­դը չա­փա­զանց հա­կա­ռա­կե­ցաւ ու թշնա­մա­ցաւ այս «գա­հախն­դիր» ե­կե­ղե­ցա­կա­նի դէմ եւ պատ­րիար­քա­կան ա­թո­ռէն մեծ ա­նար­գան­քով զրկեց զայն։

Եւ սա­կայն հայ «մե­ծա­մեծ»նե­րը ա­ւե­լի նպաս­տա­ւոր հա­մա­րե­ցին՝ որ Յա­կոբ Վար­դա­պետ Նա­լեա­նը եւս Պատ­րիարք չըլ­լայ, եւ զայն նոյն իշ­խա­նու­թեամբ Ե­րու­սա­ղէմ ու­ղար­կե­լով՝ Սուրբ Կա­րա­պե­տի վան­քի վա­նա­հայր Ակ­նե­ցի Մի­նաս Վար­դա­պե­տը (յե­տոյ Կա­թո­ղի­կոս, Մի­նաս Ակ­նե­ցի. 1751-1753) Պո­լի­սի Պատ­րիարք կար­գե­ցին. (Մի­նաս Ա Ակ­նե­ցի. 1749-1751)։ (Ակն=Է­կին)։ Բայց Յա­կոբ Վար­դա­պետ Նա­լեան մի՛շտ կը ձգտէր իր նախ­կին իշ­խա­նու­թիւ­նը ստա­նալ, եւ իր այս նպա­տա­կին հա­սաւ նշա­նա­ւոր Ակն­ցի Եա­գուբ ա­մի­րա­յի մի­ջո­ցով՝ որ իր մտե­րիմ բա­րե­կամն էր եւ իր կրօ­նա­սի­րու­թեամբ ե՛ւ հարս­տու­թեամբ շատ հռչա­կուած։ Ուս­տի եւ Եա­գուբ ա­ղա Յով­հան­նի­սեան Յա­կոբ Վար­դա­պետ Նա­լեա­նը կրկին Պո­լիս բե­րաւ եւ Պատ­րիարք կար­գեց՝ 16 Մա­յիս 1752 թուա­կա­նին։

Իր երկ­րորդ պատ­րիար­քու­թեան ժա­մա­նակ թէեւ Յա­կոբ Պատ­րիարք Նա­լեան եր­կու ան­գամ Կա­թո­ղի­կոս դառ­նա­լու հրա­ւէր ստա­ցաւ, բայց չկա­մե­ցաւ բաժ­նուիլ իր ա՜յն­քան սի­րած պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռէն, զո­ր ձեռք ձգե­լու հա­մար աշ­խա­տած էր եւ միշտ խէթ (Խէթ=կաս­կած, եր­կիւղ, խո­ժոռ նա­յուացք) աչ­քով կը նա­յէր ա­նոնց վրայ, ո­րոնց մա­սին կը կաս­կա­ծէր, թէ իր Ա­թո­ռը յափշ­տա­կե­լու կը ձգտին։ Ուս­տի իր դա­սա­կից Սա­րա­ֆեան Ե­պիս­կո­պո­սը աք­սո­րել տուաւ այն պատ­ճա­ռով՝ թէ ան «ֆրէն­կու­թեան» յա­րած է, ինչ­պէս որ Սա­հակ Ա­հա­գին Ե­պիս­կո­պո­սը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր։

Այս ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­թաց­քին Կա­թո­լի­կու­թիւ­նը շա­րու­նակ նոր հե­տե­ւող­ներ կը վաս­տկէր եւ բազ­մա­թիւ հայ ե­պիս­կո­պոս­ներ իսկ հա­ւա­տա­փոխ կ՚ըլ­լա­յին։

Դա­ւա­նա­փո­խու­թեան այս հան­գա­ման­քը բնա­կա­նօ­րէն «թշնա­մու­թիւն» ստեղ­ծեց հայ ե­կե­ղե­ցիի դա­ւա­նու­թեան նա­խան­ձախն­դիր ան­դամ­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս էին՝ Բա­լուե­ցի Մա­նուէլ Քա­հա­նան, Ակն­ցի Աբ­րա­հա­մը եւ Սափ­րիչ Յով­հան­նէս Ա­գու­լե­ցին՝ ո­րոնք բուռն ու­ժով սկսան «կա­թո­լի­կա­ցած» դա­ւա­նա­փոխ հա­յե­րու դէմ մա­քա­ռիլ եւ Յա­կոբ Պատ­րիարք Նա­լեանն եւս դրդել, որ ա­նոնց հետ խստու­թեամբ վա­րուի. (1761 թուա­կա­նին)։ Եւ երբ Պատ­րիար­քը անլ­սող գտնուե­ցաւ ա­նոնց խիստ պա­հանջ­նե­րուն դէմ, յի­շեալ ան­ձե­րը ա­նոր դէմ իսկ ըմ­բոս­տա­ցան, այն­պէս որ Յա­կոբ Պատ­րիարք Նա­լեան Պո­լի­սէն ար­տաք­սել տուաւ Բա­լուե­ցի Մա­նուէլ Քա­հա­նան։

Զգա­լով իր մօ­տա­լուտ մա­հը՝ (19 Յու­լիս 1764)՝ Յա­կոբ Պատ­րիարք Նա­լեան «մե­ծա­մեծ»նե­րէն ժո­ղով գու­մա­րեց եւ պատ­րիար­քու­թիւնն ա­ռա­ջար­կեց Պրու­սա­յի Սա­մուէլ Ե­պիս­կո­պո­սին. երբ ան հրա­ժա­րե­ցաւ՝ նոյն «պաշ­տօն»ը ստիպ­մամբ յանձն ա­ռաւ Գրի­գոր Վար­դա­պետ Պաս­մա­ճեա­նը. (Գրի­գոր Գ Պոլ­սե­ցի. 1764-1773)։

Գ­րի­գոր Վար­դա­պետ Պաս­մա­ճեան՝ որ Ե­րու­սա­ղէ­մի «վէ­քիլ»ն էր (փո­խա­նորդ), պաշ­տօ­նը ստանձ­նեց 30 Նո­յեմ­բեր 1764 թուա­կա­նին։ Գրի­գոր Պատ­րիար­քի ա­ռա­ջին գոր­ծե­րէն մէ­կը ե­ղաւ Աս­տա­պատ­ցի Աբ­րա­համ Ե­պիս­կո­պո­սը Պոլ­սէն ար­տաք­սել եւ Սի­մէոն Կա­թո­ղի­կո­սի (Սի­մէոն Ա Ե­րե­ւան­ցի. 1763-1780) փո­խա­նորդ կար­գե­լու ա­ռա­ջար­կու­թիւ­նը մեր­ժել։ Դէ­պի կա­թո­լի­կու­թիւն հա­կա­մէտ ըլ­լա­լով՝ Գրի­գոր Գ Պոլ­սե­ցի Պատ­րիար­քը կող­մա­նի կեր­պով նպաս­տեց ա­նոր տա­րած­ման եւ զար­մա­նա­լի չէ, որ՝ ան հա­կա­ռա­կու­թիւն­ներ կրեց թէ՛ նշա­նա­ւոր աշ­խար­հա­կան ան­ձե­րէ եւ թէ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէ, ո­րոնց­մէ պէտք է յի­շել Բա­լուե­ցի Մա­նուէլ Քա­հա­նան, որ Յա­կոբ Պատ­րիարք Նա­լեա­նի վախ­ճան­մա­նէ յե­տոյ կրկին Պո­լիս էր դար­ձած։ Որ­քան ալ որ իր «Յի­շա­տա­կա­րան»ի մէջ Գրի­գոր Պատ­րիարք «սեւ գոյ­ներ»ով կը ներ­կա­յաց­նէ իր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը եւ զինք «ան­մեղ» կը ձե­ւաց­նէ, պէտք է սա­կայն ա­ւեց­նել, թէ հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը ի­րա­ւա­ցի՛ էին, երբ կը մե­ղադ­րէին, թէ ան ամ­բողջ ազ­գը «լա­տի­նա­ցու­ցած» է, թէ Հայ Ե­կե­ղե­ցին Հռով­մի Պա­պին հնա­զան­դե­ցու­ցած է, թէ կը փա­փա­քի Ա­րեւ­մուտք դպրոց բա­նալ եւ այն­տեղ հայ մա­նուկ­ներ կրթել տա­լով ա­նոնց «օ­տար» կա­ղա­պար մը տա­լով՝ ա­նոնք օ­տա­րաց­նել, թէ ան Ե­րու­սա­ղէ­մի վան­քէն ա­պօ­րի­նա­բար փո­ղեր ստա­ցեր է ե­ւայլն։

Ժո­ղո­վուր­դին Պատ­րիար­քի դէմ հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը գրգռող­նե­րէն մին էր նաեւ Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Կաղ­զուան­ցին, որ վեր­ջը Պատ­րիարք դար­ձաւ…։

- Օգ­տուե­ցանք՝ «Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ցու Պատ­մու­թիւն» Աբր. Զա­մին, 1908, Բ. հա­տո­րէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 27, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 4, 2016