ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երդիքին տակ կայացաւ Փուչիկէ ինքնաշարժներու մրցանք մը, որուն մասնակցեցան տասնչորս համայնքային վարժարանի հինգերորդ դասարանի սաները։ Վերջիններս թափօններէ սարքուած իրենց ինքնաշարժները ներկայացուցին դատակազմի անդամներուն, որոնք էին գիտական ճիւղի ուսուցիչներ Պիանքա Պօյաճեան, Մելիսա Աւետիսեան, Սերքան Շահին, Սիպէլ Արփաճըք եւ Քլոտիա Տեմիր։
Միջոցառման բացման խօսքերը արտասանեցին Շիշլիի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիթ Ենթիւր եւ վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։
Մրցանքի աւարտին առաջնութեան արժանացաւ Եշիլգիւղի վարժարանը։ Երկրորդ տեղը գրաւեց Սահակեան-Նունեան վարժարանը, իսկ երրորդ տեղը՝ Պէզճեան Մայր վարժարանը։ Առաջին երեք տեղերը նուաճած վարժարաններուն տրուեցան յատուկ նուէրներ, միւս մասնակիցներուն՝ յուշանուէրներ, իսկ դատակազմի անդամներուն ալ պատուոյ գիրեր։