ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՑԵՐԵԿՈՅԹԸ

Գալ­ֆաեան Տան տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ ե­րէկ սար­քուե­ցաւ նա­խա­ճաշ մը։ Մայ­րե­րու օ­րուան առ­թիւ սար­քուած հա­ւա­քոյ­թին կար­գա­խօսն էր «Բա­րի՛ ե­կար, ա­մառ»։ Ս­կիւ­տա­րի ծո­վա­հա­յեաց ճա­շա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ կա­յա­ցած մի­ջո­ցառ­ման ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Տիկ­նանց կազ­մի ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Կիւլ։ Ան ը­սաւ, թէ Գալ­ֆա­նեան Տան 150-ա­մեա­կին առ­թիւ ծրագ­րած են զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց­մէ մին պի­տի ըլ­լայ Քա­րին Ճին­ճիօղ­լուի գե­ղան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ Մա­յի­սի 13-ին։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ բազ­մա­թիւ տի­կին­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս խան­դա­վառ ցե­րե­կոյ­թին։ Մայ­րե­րու օ­րուան առ­թիւ Լիե­նա Կիւ­լի ձե­ռամբ ծաղ­կե­փունջ մը նուի­րուե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ե­ռան­դուն ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեա­նին։ Հա­ւա­քոյ­թը եզ­րա­փա­կեց ա­ւան­դա­կան վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը։

Տիկ­նանց կազ­մին կ՚ան­դա­մակ­ցին՝ ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Կիւլ, Թա­նիա Ա­պա­նա­լեան, Սօ­նա Քիւրք­ճի­ւօղ­լու, Պայ­ծառ Փու­լա­տեան, Թա­լին Խա­չա­տո­րօղ­լու, Մա­րալ Քե­պապ­ճը, Ա­րաք­սի Թիւ­լէք, Ա­ղաւ­նի Էօզ­քա­յա, Լուիզ Ճա­նօղ­լու, Ա­նի Խա­ւը­թերս, Մե­րի Պե­տի­կեան, Ա­լիս Տէօք­մե­ճի, Առ­լէթ Էհ­մա­լօղ­լու, Ռի­թա Էօզ­քա­յա ու Ժա­նէթ Չո­փու­րօղ­լու։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2016