ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի աներոջ՝ համայնքիս երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն հանգուցեալ Նուպար Չիզմէճեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ երէկ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Տխուր արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեան՝ իր կողքին ունենալով քահանայ հայրեր։ Չիզմէճեան ընտանիքին ցաւակից ըլլալու փութացած էին նաեւ Տ․ Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ․ Գրիգոր Ա․ Քհնյ․ Տամատեան, հանգուցեալի մերձաւորներն ու բարեկամները։ Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ թաղին գերեզմանատունը եւ ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Անգամ մը եւս կը ցաւակցինք Հերման-Անիթա Պալեան ամոլին՝ հանգուցեալի բարի հոգւոյն մաղթելով երկային հանգիստ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024