184-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 184-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ տարբեր հանդիսութիւններով։ Առաւօտեան հիւանդանոցի մատրան մէջ կայացած եկեղեցական արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ․ Սահակ Եպսկ․ Մաշալեան, իսկ Ս․ Պատարագը մատոյց Տ․ Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Կայացաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն Կիւլպէնկեան գերդաստանի շիրմին վրայ։
Իսկ երեկոյեան ժամերգութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեան, որ եկեղեցական արարողութենէն ետք ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին պոլսահայ, այժմ զուիցերաբնակ բարերար Վրթանէս Սաաթճըի նուիրատուութեամբ կառուցուած տարեցներու խնամքի յարկաբաժնի բացման հանդիսութեան։ Ներկաներու կարգին էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան ու իր խորհրդականը՝ Իկոր Մուրատեան, հիւանդանոցի հոգաբարձուները՝ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ, համայնքային բարերարներ ու զանազան հաստատութիւններէ ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ։ Խորհրդանշական ժապաւէնը կտրելէ ետք, հանդիսութեան մասնակիցները շրջեցան նորակառոյց յարկաբաժինը։
Սարքուեցաւ նաեւ ընթրիք մը, որու ընթացքին արտայայտուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլու։ Խորին ու անկեղծ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բարերար Վրթանէս Սաաթճըին, ան ըսաւ, թէ նոր յարկաբաժինը օժտուած է 75 անկողնով, որոնցմէ հինգը յատկացուած է բժշկական յատուկ խնամքի։ Ան այս յարկաբաժինը կեանքի կոչելու համար տարած աշխատանքին համար յատկապէս գնահատեց փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանը։ Շիրինօղլու նշեց, թէ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն զարգացնելու համար հիւանդանոցին հնարաւարութիւնները։ Ատենապետը տեղեկութիւններ փոխանցեց հաստատութեան կալուածներուն վերաբերեալ ու ըսաւ, թէ կ՚աշխատին նաեւ ետ ստանալու համար Զէյթինպուրնուի հողատարածքը, որու վրայ կ՚երազեն բնակելի տուներու շինարարութիւն իրականացնել ԹՈՔԻ-ի հետ միասին՝ համեստ կարողութեան տէր թրքահայ ընտանիքներուն համար։ Ան յայտնեց նաեւ, թէ բարեզարդման աշխատանքներու պիտի ձեռնարկուի նաեւ հիւանդանոցի տարածքէն ներս։
Հիւանդանոցի քարտուղարութենէն Մարգրիտ Ասլան ընթերցեց Վրթանէս Սաաթճըի պատգամը՝ ուղղեալ ներկաներուն։
Հանդիսութեան հուսկ բանքը խօսեցաւ Սրբազան Հայրը, որ բարձր գնահատեց բարերար Վրթանէս Սաաթճըն ու հոգաբարձութեան տարած նուիրեալ աշխատանքը։
Հանդիսութիւնը, որու ընթացքին Վահան Յակոբեանի երաժշտութեամբ ներկաները ապրեցան հաճելի պահեր, աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով։