Ի՞Նչ Գի­տենք
­Մայ­րե­րու Օ­րուան Մա­սին

1- ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մայ­րե­րու տօ­նը կը նշուի Ապ­րի­լին:

Ճի՛շդ, Հա­յաս­տա­նի մէջ Ապ­րիլ 7-ը «Մայ­րու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան օր» է: Ա­մէն տա­րի նոյն օ­րը Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը նշէ Ս. Աս­տուա­ծա­ծ­նի ա­ւետ­ման օ­րը:

2- Հա­յոց դի­ցա­բա­նու­թեան մէջ Ա­նա­հիտ աս­տուա­ծու­հին կը կո­չուէր «Ոս­կե­մայր»:

Ճի՛շդ, Ա­նա­հիտ դի­ցու­հին պտղա­բե­րու­թեան, ար­գա­սա­ւո­րու­թեան, ծննդա­բե­րու­թեան եւ ռազ­մի աս­տուա­ծու­հին էր: Զայն կո­չած են՝ «Ոս­կե­մայր», «Սնու­ցող մայր», «Մեծ տի­կին», «Ոս­կե­մատն»… ք­րիս­տո­նէու­թեան շրջա­նին Ա­նա­հի­տի պաշ­տա­մուն­քը վե­րա­ծուե­ցաւ Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծնի պաշ­տա­մուն­քին:

3- Մայ­րե­րու օ­րը ծա­գում ա­ռած է Հռո­մէն:

Սխալ, մայ­րե­րու հան­դէպ ա­ռա­ջին պաշ­տա­մունք­նե­րը ծա­գում ա­ռած են Հին Յու­նաս­տա­նէն: Գար­նան մեծ շու­քով կը պա­տ-ւէին «Ռէա»ն՝ Զեւ­սի մայ­րը: Ա­ւե­լի ուշ հռո­մէա­ցիք Ռէան փո­խա­րի­նե­ցին Սի­պելով, որ ճանչ­ցուած էր որ­պէս «Մեծ դի­ցու­հի» եւ «Աս­տուած­նե­րու մայր»:

4- Աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն մայ­րե­րու տօ­նը կը նշուի Մա­յի­սին:

Սխալ, ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը մայ­րե­րու տօ­նը կը նշէ Մար­տին, Եւ­րո­պան, Միացեալ Նա­հանգ­նե­րը, Գա­նա­տան, Աւստ­րա­լիան, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կան՝ Մա­յի­սին, Ար­ժան­թի­նը՝ Հոկ­տեմ­բե­րին, Ռու­սաստանը՝ Նո­յեմ­բե­րին, Մոն­կո­լիան՝ Յու­նի­սին եւ այլն…

5- Ե­գիպ­տո­սը մայ­րե­րու տօ­նը կը նշէ Լի­բա­նա­նի նման՝ Մարտ 21-ին:

Ճիշդ, նա­խա­գահ Կա­մալ Ապ­տէլ Նա­սըր սկիզ­բը ծի­ծա­ղե­լի հա­մա­րած է մայ­րե­րու տօ­նի ա­ռա­ջար­կը, բայց յե­տոյ տե­ղի տուած է: Այս­պէս, 1956 թուականի Մարտ 21-ը Ե­գիպ­տո­սի մէջ հռչա­կուած է մայ­րե­րու տօն:

6- Ե­թով­պիա­յի մէջ մայ­րե­րու տօ­նը կա­խեալ է անձ­րեւ­նե­րէն:

Ճիշդ, Ե­թով­պիոյ մէջ մայ­րե­րու տօ­նի ճշգրիտ թուա­կան չկայ. ե­թով­պիա­ցիք կը սպա­սեն, որ անձ­րեւ­նե­րը դադ­րին… Այս­պէս, Հոկ­տեմ­բե­րին կամ Նո­յեմ­բե­րին, երբ եր­կին­քը պայ­ծա­ռա­նայ, ըն­տա­նե­կան բա­ցօ­թեայ խրախ­ճանք­ներ կը կազ­մա­կեր­պուին: Ե­ռօ­րեայ այդ խրախ­ճան­քը կը կո­չուի «Անթ­րոշթ»:

7- Նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նի օ­րով մայ­րե­րու տօ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցուե­ցաւ Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ:

Ճիշդ, 1872 թուականին Ճու­լիա Ո­ւարտ Հաու մայ­րե­րու տօ­նի գա­ղա­փա­րը յղա­ցաւ Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: 1907 թուակա-նին Ան­նա Ճար­վիս ա­նու­նով այլ ա­մե­րի­կու­հի մը վե­րա­կեն­դա­նա­ցուց գա­ղա­փա­րը եւ այդ օ­րե­րու ճեր­մակ մե­խա­կը դար­ձաւ մայ­րե­րու տօ­նի խորհր­դա­նիշ:

1914 թուականին նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սըն Մա­յի­սի երկրորդ շա­բա­թը հռչա­կեց մայ­րե­րու տօ­նի պաշ­տօ­նա­կան թուա­կան:

8- Գեր­մա­նիոյ մէջ մայ­րե­րու տօ­նին ա­մու­սին­նե­րը կը ծա­ռա­յեն կի­նե­րուն…

Ս­խալ, այդ օ­րը մայ­րե­րը չեն աշ­խա­տիր, զա­ւակ­նե­րը կ՚ը­նեն ա­մէն բան: Նախ մայ­րե­րը օ­րուան կը սկսին ճոխ նա­խա­ճա­շով մը, ա­պա ըն­տա­նե­կան պտոյտ­ներ կը կազ­մա­կեր-պըւին… Ո­մանք ծա­ղիկ կամ տուրմ կը նուի­րեն ի­րենց մայ­րե­րուն:

9- Չի­նաս­տա­նի մէջ միայն ե­րի­տա­սարդ մայ­րե­րուն վե­րա­պա­հուած է մայ­րե­րու տօ­նը:

Ճիշդ, Չի­նաս­տա­նի մէջ մին­չեւ երեսունը-հինգ տա­րե­կան մայ­րե­րը առըն­չուած են այս տօ­նին հետ: Ար­դէն մայ­րե­րու տօ­նը պաշ­տօ­նա­պէս օ­րա­ցոյ­ցին վրայ ան­ցած չէ…

10- Անգ­լիան վեր­ջերս է, որ կը նշէ մայ­րե­րու տօ­նը:

Սխալ, ար­դէն 15-րդ դա­րէն անգ­լիա­ցիք «Մա­տը­րինկ Սան­տէյ» ա­նու­նով տօն ու­նէին: Այդ օ­րը ու­րիշ­նե­րուն տու­նը ծա­ռա­յող մայ­րե­րու կ՚ար­տօ­նէին տուն եր­թալ եւ ըն­տա­նի­քին հետ ան­ցը­նել օ­րը:

Մայ­րե­րու տօ­նին ա­ռի­թով կը պատ­րաս-տըւէր նաեւ «Մա­տըինկ քէյք»ը, որ ծա­նօթ էր նաեւ «Սիմ­նել քէյք» ա­նու­նով: Ա­նի­կա չոր պտուղ­նե­րով եւ մար­զի­բա­նով պատ­րաս-տըւած կար­կան­դակ մըն է:

11- Ս­պա­նիոյ մէջ ճա­շա­րան­նե­րը ծա­ղիկ կը նուի­րեն յա­ճա­խորդ մայ­րե­րուն:

Ճիշդ, Սպա­նիոյ մէջ մայ­րե­րու տօ­նը կը նշուի Մա­յի­սի ա­ռա­ջին շա­բա­թը: «Էլ տիա տը լա մատ­րէ»ի օ­րը սպա­նա­ցիք ճա­շա­րան­նե­րը կը խու­ժեն: Այդ օ­րը մայ­րե­րը կե­րա­կուր չեն պատ­րաս­տեր: Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, ճա­շա­րան­նե­րը ծա­ղիկ կը նուի­րեն ներ­կայ մայ­րե­րուն:

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 7, 2016