«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»
Սուրբ Հոգի համալսարանի Փիլիսոփայութեան, մարդկային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գիտական համաժողով մը՝ «Լիբանանեան ներկայութիւնը աշխարհի մէջ» խորագրով։ Գիտական նիւթերը կ՚ընդգրկէին մշակոյթ եւ այլազանութիւն, պատկանելիութիւն եւ ազատութիւն, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ մարդկային իրաւանց հարցեր՝ եւ այս բոլորը լիբանանեան տեսադաշտէն։ Երկօրեայ գիտաժողովին՝ ներկայացուեցան տասնչորս թեզեր՝ նեռարելով վերեւ յիշուած նիւթերը։ Հրաւիրուած էին ակադեմական դասախօսեր եւ ընկերային նիւթերու մասնգէտներ Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ։ Գիտաժողովին բացումը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ լիբանանեան պետական անձնաւորութիւններու եւ հոծ բազմութեան մը։
Աստուածաշունչի Արաբական ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Հարյր Ճէպէճեան ներկայացուց «Մշակութային ինքնութիւն, գոյակ-ցութիւն եւ համարկում եւ ուրիշին հասկացողութիւնը» (անգլերէնով) ելոյթը մեկնելով հայկական եւ լիբանանեան՝ ներկայիս լիբանանահայու տեսադաշտէն։
Հրայր Ճէպէճեան իր դասախօսութեան մէջ նաեւ նեռարեց անձնական վկայութիւնը՝ եւ սկսելով իր լիբանանեան եւ հայկական ինքնութիւններէն՝ եւ զանոնք միացնող «օղակը» համեմատեց «վերապրելու» հրամայականին վրայ։ Եթէ հայկական ինքնութեան պարագային ան ներկայացուց Ցեղասպանութենէն վերապրած որպէս երրորդ սերունդ հայ՝ բայց նաեւ որպէս լիբանանցի՝ ուր ապրած է 1975-1990 տարիներու քաղաքացիական պատերազմը՝ եւ նեռարելով մինչեւ օրս Միջին Արեւելքի բազմազան եւ բազմատեսակ շրջանային տագնապները։ Եւ այս բոլոր փորձառութիւններու մէջէն ան եթէ վեր առաւ «վերապրելու» իրականութիւնը՝ բայց նաեւ նոյն այդ իրականութեան խթանը եղող «յոյսի» գիտակցութիւնը՝ որ «աւելի լաւ վաղուան» օրուան հեռանկարին համար կարեւոր խթան է։
Տքթ. Ճէպէճեան վեր առաւ՝ քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքէն՝ «ցաւին» ստեղծած «յոյսի» կեանքը՝ «որ կը խթանէ անհատը աւելի ուժով կառչելու եւ ապրելու կեանքին մէջ»։ Եւ այդ «ցաւը» եւ նոյնպէս քրիստոնէական աստուածաբանութենէն՝ կը ստեղծէ «յարաբերութիւն»ը Աստուծոյ հետ՝ եւ որ կ՚առաջնորդէ մարդը աւելի հասունացման եւ նոյնինքն այս իր ապրած փորձառութիւններու մէջէն, ուր նաեւ կը մխտէ անհատը աւելի ստեղծագործ կեանք մը ապրելու տեսլականով։ Եւ այս իմաստով՝ Հրայր Ճէպէճեան հիմնաւորեց մշակոյթ բացատրութիւնը եւ գիտական մէջբերումներով՝ թէ ինչպէս «ան՝ ներկայիս մշակոյթը կ՚իմաստաւորէ կեանքը, որովհետեւ կը ստեղծէ մարդուն մէջ ապրելու հիմք»։ Որմէ ետք Տքթ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ լիբանանահայու եւ անոր սփիւռքեան իրավիճակը Լիբանանէ ներս՝ սկսելով 1915-էն ճողոպրած տարագրեալ հայուն հաստատումով եւ մինչեւ այսօրը։ Ան վեր առաւ հայուն համարկման տարբեր իրավիճակները սկսելով 1915-էն եւ մինչեւ այսօր՝ ներկայացնելով հայկական ապրուած կեանքին փոխուող իրականութիւնները Լիբանանի մէջ։ Ան մատնանշեց 1975-1990 թուականներու քաղաքացիական պատերազմի տարիները, երբ հայկական գաղութը որդեգրեց «դրական չէզոքութիւնը»։ Ան նկատել տուաւ որ «դրական չէզոքութիւնը միայն քաղաքական կեցուածք չեղաւ՝ այլ նաեւ դաստիարակութիւն մը, որուն մէջէն ամբողջ սերունդ մը մեծցաւ հաւասարակշռութիւն մը գտնելով իր հայկական եւ լիբանանեան ինքնութիւններու միջեւ»։ Ապա անդրադաձաւ ներկայ օրերուն, երբ հայուն համարկումը լիբանանեան իրականութեան մէջ եղաւ շատ աւելի արագ, քան պատմութեան սկիզբը։ «Հայը շատ աւելիով մխրճուեցաւ ու տակաւին տեղական իրականութեան մէջ եւ այս քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տարբեր ոլորտներուն մէջէն»։
Ճէպէճեան անդրադաձաւ Հայոց եղեռնի հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն եւ յատկապէս հայ նոր սերունդին աշխոյժ մասնակցութեան բոլոր միջոցառումներուն։ Ան այս վիճակը կամրջեց ներկայ օրերուն համաշխարհային մակարդակի վրայ ապրուած «համաշխարհայնացման» եւ անոր հակադրուող «տեղեկայնացման» իրականութիւններու վրայ։ «Համաշխարհայնացումը՝ որ ներկայ օրերուն եթէ կը սպառնայ ազգային ինքնութեան եւ անոր հեղինակութեան պահապանման՝ իր դէմը գտաւ տեղակայնացումը, որ յառաջ կը քշէ քաղաքական ինքնութեան մը հասկացողութիւնը», ըսաւ ան։ «Մարդիկ այս օրերուն սկսած են շատ աւելիով փնտռել իրենց անձնական պատմութիւնը։ Երբ մէկ կողմէ ազգային գիտակցութիւն հասկացողութիւնը կը տարտղնուի, բայց անոր դիմաց կը ցցուի անհատին ինքնութեան տարբերակին փնտռտուքը։ Եւ հայ նոր սերունդին զանգուածային մասնակցութիւնը հարիւրամեակի ձեռնարկներուն պէտք է տեսնել այս ներկայ տուեալներուն իրականութեան մէջէն», աւելցուց ան։
Տքթ. Ճէպէճեան շեշտը դրաւ Պէյրութ քաղաքի «ուժական» նկարագրին վրայ, որ առիթ կու տայ անհատին «բացուելու» կեանքին՝ եւ ապրելու «ուրիշին» հետ, որ տարբեր է։ Եւ այս տարբերը կը ստեղծէ համակեցութեան մշակոյթ մը։
Ճէպէճեան իր դասախօսութեան վերջին մասով դարձեալ կամրջեց «ցաւին» եւ «վերապրելու» գրաւականին ու անոր ստեղծած պատկանելիութեան եւ մշակութային արժեչափերուն վրայ։ «Եթէ մինչեւ օրս ես իմ մէջ կը շալկեմ ցաւը որպէս հայ ու տակաւին որպէս լիբանանցի (եւ ապրելով պատերազմի արհաւիրքը եւ մինչեւ օրս շրջանի տագնապները), բայց այս երկու «ցաւոտ» ինքնութիւնները մղեցին զիս գիտակցելու, թէ կարելի է սիրել, ապրիլ եւ ստեղծագործել երկու ինքնութիւններու՝ հայկական եւ լիբանանեանի մէջէն։ Եւ թէ այս երկու ինքնութիւններու ցաւը կը խթանէ, որպէսզի հասկնաս ուրիշը եւ անոր տագնապը եւ կը նայիս վաղուան օրուան որպէս յուսադրող ապագան», ըսաւ ան։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024