«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԿԻՑ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՔԱՌԱՀԱՏՈՐ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռը կը ծրագ­րէ հրա­տա­րա­կել քա­ռա­հա­տոր մը, որ կը կո­չուի «Հա­յաս­տա­նի յա­րա­կից եր­կիր­նե­րու պատ­մու­թիւն»։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­ռա­ջին հա­տո­րը ար­դէն լոյս տե­սած է ու կը վե­րա­բե­րի հին շրջա­նին։ Այդ մէ­կը կը ներ­կա­յաց­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­րե­ւան­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը հայ­կա­կան տե­սան­կիւ­նէն։

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Ռու­բէն Սաֆ­րազ­տեան այս առ­թիւ ը­սաւ. «Հա­յոց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ մենք կը սկսինք ստեղ­ծել մեր հա­րե­ւան­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը՝ մեր տե­սա­կէտ­նե­րու մեկ­նա­կէ­տով։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը, այս տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ հա­զա­րա­մեակ­ներ ապ­րե­լով, ստեղ­ծե­լով հո­գե­ւոր ժա­ռան­գու­թիւն, ու­նե­ցած է մեր տա­րած­քաշր­ջա­նի վե­րա­բե­րեալ իր մօ­տե­ցում­նե­րը, ո­րոնք կ՚ար­տա­ցո­լաց­նեն տա­րածքշր­ջա­նէ ներս ե­ղած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այն ինչ որ կրնայ գրուիլ այլ երկ­րի մը մէջ, չ՚ար­տա­ցո­լաց­ներ այն, ինչ որ մենք գի­տենք։ Մենք ոչ միայն այդ եր­կիր­նե­րու հա­րե­ւան­ներ ե­ղած ենք, այ­լեւ եր­բեմն, ա­նոնց մաս կազ­մած։ Հա­յե­րը ու­սում­նա­սի­րած են այդ եր­կիր­նե­րը, ստեղ­ծած են հզօր ժա­ռան­գու­թիւն եւ սա գի­տա­կան շրջա­նա­ռու­թեան մէջ չէ դրուած։ Մենք հան­դէս ե­կած ենք որ­պէս ա­րե­ւե­լա­գէտ­ներ։ Օ­րի­նակ, Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ մեր հե­ղի­նակ­նե­րը կա­րե­ւոր աշ­խա­տու­թիւն­ներ ստեղ­ծած են այդ կայս­րու­թեան մա­սին, ալ չեմ խօ­սիր այդ շրջա­նի հայ­կա­կան մա­մու­լին մա­սին, որ ա­ռօ­րեայ լրա­տուու­թիւն տուած է»։­

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան, Ռու­բէն Սաֆ­րազ­տեան ընդգ­ծեց, թէ ի­րենք կը փա­փա­քին գի­տա­կան շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դնել հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը։ «Մենք նպա­տակ ու­նինք ստեղ­ծել մեր տա­րած­քաշր­ջա­նի պատ­մու­թիւ­նը այն­պէս, ինչ­պէս, որ մենք ըն­կա­լած ենք հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին», ը­սաւ Սաֆ­րազ­տեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ գոր­ծը կը հիմ­նուի ահ­ռե­լի գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու վրայ՝ հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին հայ գիտ­նա­կան­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած գոր­ծով։

«Հա­յաս­տա­նի յա­րա­կից եր­կիր­նե­րու պատ­մու­թիւն» քա­ռա­հա­տո­րը պի­տի թարգ­մա­նուի նաեւ անգ­լե­րէ­նի եւ ռու­սե­րէ­նի։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016