ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը կայացաւ երէկ, նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեանի։ Օրուան պատարագիչն էր Հ․ Աբրահամ Ծ․ Վրդ․ Ֆըրատեան։ Ս․ Սեղանին սպասարկեցին Տ․ Յակոբ Սրկ․ Մինասեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնը կատարեց Ոսկեբերան երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Զաւէն Ակայի։ Արարողութեան կը հետեւէին Անարատ Յղութիւն վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան, տնօրէն Շահին Չընար, Խնամատար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլ, Ս․ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ ընկերները, Անարատ Յղութեան քոյրերը՝ Հենրիէթ Էօզթաշճը, Ռոզալին Պառնոթի ու Հայկուհի Միմար, ինչպէս նաեւ վարժարանէն ուսուցիչներ ու աշակերտներ։ Իր քարոզին մէջ, Գերապայծառը բարձր գնահատեց Անարատ Յղութեան յարկէն ներս տարուած աշխատանքը եւ մաղթեց յարատեւութիւն ու արեւշատութիւն բոլոր նուիրեալներուն ու սատարողներուն։ Ան յիշեցուց, թէ եկեղեցին կը տօնախմբէ Բ․ Ծաղկազարդը, որ կարեւոր օր մըն է։ Այս առթիւ ծայրագոյն վարդապետութեան հաստատագիր յանձնուեցաւ նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Հ․ Աբրահամ Ծ․ Վրդ․ Ֆըրատեանին, որ ծայրագնութեան պատուին արժանացած էր անցեալ տարի։
Յաւարտ Ս․ Պատարագի ոգեկոչուեցաւ Երանելի Տ․ Կոմիտաս Քահանայ, ինչպէս նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Անարատ Յղութեան հանգուցեալ քոյրերուն, վարժարանի հիմնադիրներուն, սատարողներուն ու բոլոր աշակերտներուն հոգւոցն ի հանգիստ։
Սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան մը՝ եկեղեցւոյ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» նորաբաց սրահին մէջ, ուր ելոյթներ ունեցան Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան ու Հ․ Աբրահամ Ծ․ Վրդ․ Ֆըրատեան։