ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՆԱՅՆ ՓԱՓԱՔ
Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդիկ, շատ անգամ ո՜րքան ունայն, պարապ փափաքներով ու նպատակներով կը վատնեն, կը մսխեն իրենց թանկագին ժամանակը՝ անտեսելով իրապէս կարեւոր եւ արժէքաւոր, օգտակար փափաքներն ու նպատակները։
Խոստովանինք, որ բոլորս ալ, մեր կեանքի որեւէ մէկ շրջանին, գոնէ մէ՛կ անգամ գործած ենք այդ սխալը, եւ երբեմն մէկէ աւելի՛ անգամներ նոյնիսկ…։
Եւ երբ մարդկային ամէն ունայն եւ փուճ փափաքներէ, չնչին ու անարժէք նպատակներէ կը պարպուի եւ կը մերկանայ մեր հոգին, եւ արդէն պէտք է մերկացած ըլլայ կեանքի ա՜յնքան փորձառութիւններու պատճառով, կը մնայ սոսկական տենչ մը՝ ճգնաւորիլ, ճգնիլ եւ ներհայեցողական կեանք ապրիլ, առանձնանալ Բնութեան Երկինքին մէջ՝ Աստուծոյ հետ։ Ըսինք, «առանձնանալ», բայց ո՛չ երբեք «մինակ» ըլլալ, քանի որ առանձնութիւնը, «մինակ» ըլլալ չի՛ նշանակեր, այլ՝ ինքն իրեն հետ եւ ինքն ի՛ր մէջ Աստուծոյ հետ ըլլալ, Աստուծմով լեցուիլ եւ պարպուիլ ամէն ունայնութենէ։
Եւ ո՜րքան երանելի է այդ վիճակը՝ հոն ուր հասած է մարդ՝ լիացած ինքն իրմով եւ Աստուծմով։ Հոն՝ ո՛ւր մարդ կը գտնէ ինքզինք, կը լեցուի իրմով եւ իր մէջ՝ Աստուածային ճշմարտութեամբ։ Եւ ո՜րքան հաճելի է՝ պարպուիլ ունայնութիւններէ, եւ լեցուիլ ճշմարտութեան լոյսով։ Եւ երբ մարդ ծանօթանայ իր «Ես»ին, ինքն իրեն, այլեւս կը լեցուի ճշմարտութեա՛մբ։
Ուստի ոմանք «իմաստասէ՜ր» են, տեւական կը փնտռեն կեանքին իմաստը, ճշմարտութիւնը եւ անոնք երբեմն «մինա՛կ» կը մնան, անորոշութեան խաւարին մէջ կը տատանին, կը տարուբերուին եւ անոնք բառին իսկական իմաստով՝ «մինա՛կ» կը զգան իրենք զիրենք։ Կեանքին իմաստը եւ ճշմարտութիւնը երբ անծանօթ է մարդուս, ապա ուրեմն այդ կը նշանակէ, որ մարդ «մինակ» է, որքան ալ բազմութիւն ըլլայ իր շուրջը։ Այդ այդպիսի հոգեվիճակ մըն է, որ ենթական ինքզինք «անծանօթ» եւ «օտար» կը զգայ ծանօթներու եւ ճանչցուածներու բազմութեան մէջ, եւ դարձեալ, ինքզինք «մինակ» կը զգայ ամբոխի մէջ, որքան ալ բազմութիւն ըլլայ իր շուրջը։
Եւ կան՝ որոնք «իմաստո՛ւն» են. կեանքի փորձառութիւնը ցոյց տուած է անոնց կեանքին իմաստը եւ ճշմարտութիւնը, լեցուած են անոնք ճշմարտութեան լոյսով. հաստատ ու ինքնավստա՛հ կ՚ապրին կեանքը՝ իր բոլոր երեսակներով՝ հաճոյք կը զգան կեանքէն, ինչպէս որ մէկը հաճոյք կը զգայ երբ գիտէ, թէ ի՛նչ կը գտնուի փակ, կղպուած արկղի մը, կամ տուփի մը մէջ կամ դրան մը ետին…։
Եւ «իմաստո՛ւն»ը երբե՛ք մինակ չէ՛, քանի որ ան առանձին է ինքն իր մէջ, կեանքին իմաստին եւ ճշմարտութեան հետ։ Անոր տեսողութեան սահմանը անհուն է՝ պահանջքը չի զգար կարճատես եւ նեղմիտ մարդոց տեսածները տեսնելու, որոնք կը կարծեն տեսած ըլլալ շատ բան, մինչդեռ ո՛չինչ կը տեսնեն, քանի որ իրենց չտեսածը շա՜տ աւելի է քան տեսածը։
Հեռատես ու լայնախոհ մարդիկ, եթէ ո՛չ մարմնաւոր, բայց մտային աչքով շատ աւելին կը տեսնեն. եւ տեսնողը՝ կը գիտնայ՝ կը ծանօթանայ, եւ գիտցողը միշտ երջանիկ եւ լիացած կ՚ըլլայ, հակառակ այն խօսքին՝ որ կ՚ըսէ. «անգիտութիւնը երջանկութի՛ւն է»։
«Անգիտութիւնը երջանկութիւն է» մտայնութիւնը, արդարեւ միամտօրէն մխիթարութիւն մըն է, պարզամտութիւն եւ քօղարկում՝ տկարութեան եւ անկարողութեան։ Աւելի լաւ չ՚ըլլա՞ր՝ գիտնալ եւ ըստ այնմ շարժիլ, միջամտել կեանքի աննպաստ իրողութիւններուն, ճանչնալ բարին ու չարը, չարը բարիի՛ փոխելու, վնասակարը օգտակարի՛ վերածելու աշխատիլ…։
Եւ բանական մարդուն ա՛յս կը վայելէ, մարդկային արժանաւորութեան ու արժանապատուութեան ա՛յս կը պատշաճի. գիտնա՛լ եւ ըստ այնմ վարուիլ։
Սիրելի՜ բարեկամներ, «Երկինք»ը հոն է՝ ո՛ւր մարդ երջանիկ է. «Երկինք»ը հո՛ս է՝ բնութեան գեղեցկութեան աննկարագրելի ու անբացատրելի՜ գերադրանքը՝ ուր մարդկային ընդհանուր «բառագիրք»ին մէջ ուրիշ բառ չկա՛յ «երկինք» բառէն զատ…։
Յիսուս Քրիսոտս մի՛շտ գիտակից էր Աստուծոյ ներկայութեան, բայց «պայծառակերպութեան» կամ ընդհանուր անուանումով՝ «այլակերպութեան» փորձառութիւնը՝ լերան մը վրայ միայն ունեցաւ։ Լերան մը վրայ առանձին՝ «ճգնաւորած» հոգին միշտ կը լուսաւորուի. «կ՚այլակերպի» եւ «կը պայծառակերպուի» Աստուծոյ հոգիին հետ անմիջական ե՛ւ մտերմական հաղորդակցութեան գալով։ Եւ ա՛յն որ Աստուծոյ հոգիին հետ հաղորդակցութեան մէջ է՝ հասած է կատարելութեան՝ իմացած ու հասկցած է «կեանքին իմաստ»ը եւ ճշմարտութեան լոյսով լուսաւորուա՛ծ։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է իմաստասէրին եւ իմաստունին տարբերութիւնը…։
Ուստի այն՝ որ ունի գիտակցութիւնը ճշմարտութեան, լիացած է կեանքին իմաստով՝ ունի հաւատարիմ եւ գաղափարակից բարեկամներ, որոնք երբեք չեն թողուր զինք, չեն հեռանար իրմէ, բնա՛ւ մինակ չի զգար ինքզինք։ Եւ քանի որ ամենէն անկեղծ, ամենէն հաւատարիմ, ամենէն սրտակից «Բարեկամ»ը Աստուած է, Հա՛յրը, եւ քանի որ Ան երբեք չի հեռանար, երբեք չի թողուր մարդը, եւ վերջապէս քանի որ Ան մի՛շտ ներկա՛յ է, միշտ կա՛յ, ապա ուրեմն մարդ երբեք մինակ չէ, տեւապէս իր հետ ունի «Ամենավստահելի» Հոգին, որ զինք երբեք մինակ չի թողուր։
Երանի՜ այս ճշմարտութեան լոյսին մէջ ըլլալու գիտակցութիւնը ունեցողներուն…։
Այս պատճառով, երբե՛ք «մինակ» չեն անոնք, որքան ատեն որ Աստուած իրենց հետ եւ իրենց մէ՛ջ է։ Եւ իրենք Անոր հետ ու Անոր մէ՛ջ։ Աստուած «անժամանակ» եւ «ամէնուրե՛ք» է, անտարակոյս, անհրաւէր իսկ՝ Իր ներկայութիւնը կը պարգեւէ անոնց, որ «մինակ» կը զգան իրենք զիրենք եւ կը կարծեն «լքուած ըլլալ» աշխարհէ մը՝ որուն սիրտը պաղած է եւ նոյնիսկ սառա՛ծ։
Աստուծոյ ընկերակցութիւնը աւելի՛ քան կը լեցնէ մարդոց ընկերակցութեան պակասը։
Մանաւանդ որ Աստուծոյ հետ կարելի է խօսիլ կեանքի այն խորունկ նիւթերուն վրայ՝ որոնցմէ կը խուսափին ծանծաղամիտ ու կարճատես մարդիկ։
Ուստի, «մինակութիւն» երբե՛ք։
«Առանձնութիւն»՝ երանելի՜ վիճակ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024